Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իրաքի Խորհրդարանին. «Միջազգային Դաշինքի Ուժերու Իրաքէն Դուրս Բերման Որոշումը Հաստատ Է, Եւ Կառավարութեան Ու Ժողովուրդի Զօրակցութիւնը Կը Վայելէ»

January 15, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնակատար Մուհսեն Մանտալաուի յայտնեց, որ միջազգային դաշինքի ուժերը դուրս բերելու խորհրդարանի որոշումը «սկզբունքային եւ հաստատ որոշում է»` Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայահ Սուտանիին կոչ ուղղելով «գործադրելու որոշումը»:

Իրաքեան խորհրդարանի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Մանտալաուի այս մասին յայտնած է շաբաթ օր խորհրդարանի նիստի սկզբնաւորութեան:

Իրաքի վարչապետը քանի մը օր առաջ «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Իրաք ջանք կը թափէ Միջազգային դաշինքի ուժերը արագ եւ կանոնաւոր կերպով դուրս բերելու»` նշելով նաեւ, որ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալը պիտի չքացնէ շրջանային մագլցումի վտանգը:

Ան այդ ուժերու իրաքեան հողերէն հեռացման թուական չնշեց, սակայն ըսաւ, որ անոնց ներկայութիւնը կայունութիւնը քայքայող է:

Իրաքեան խորհրդարանը 5 յունուար 2020-ին որդեգրած է որոշում մը, որ կառավարութեան կը պարտադրէ օտարերկրեայ ուժերը հեռացնել երկրէն եւ ջնջել Միացեալ Նահանգներու հետ անվտանգութեան համաձայնութիւնը:

Որոշումը նաեւ կառավարութենէն կը պահանջէ օտար ուժերուն արգիլել որեւէ պատրուակով օգտագործել իրաքեան հողերը, օդային տարածքն ու ջուրերը:

Նախորդը

Սպիտակ Տան Աշխատակիցները Տեղափոխուած Են Ցուցարարներու Պատճառով

Յաջորդը

Ռայիսի. «Դիմադրութիւնը Իսրայէլը Դիմակայելու Միակ Տարբերակն Է»

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին  Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է
Միջազգային

Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.