Էքուատորեան մաֆիան, ի պատասխան երկրի նախագահին կողմէ յայտարարուած արտակարգ դրութեան, անկարգութիւններ ու բախումներ կազմակերպած է ամբողջ երկրի տարածքին: Քրէական խմբաւորումներէն մէկուն զինեալ անդամները ուղիղ սփռումի ընթացքին ներխուժած են տաղաւար եւ պատանդ վերցուցած «Թի.Սի. Թելեւիզիոն» պատկերասփիւռի կայանի աշխատակիցները: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:
Անոնք աշխատակիցներուն հրամայած են գետին պառկիլ. սփռումի ընթացքին կրակոցներ ու ճիչեր լսուած են: Սփռումը շուտով ընդհատուած է: Աւելի ուշ զինեալները լքած են պատկերասփիւռի կայանի շէնքը, իսկ որոշ ժամանակ ետք ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ բոլորը ձերբակալած է:
Էքուատորի նորընտիր նախագահ Տանիէլ Նոպոան մաֆիայի 22 խմբաւորումները կոչած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններ եւ ըսած, որ երկիրը կը գտնուի ներքին զինեալ տագնապի մէջ:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ ամէն ինչ սկսած է չափազանց վտանգաւոր յանցագործի` «Լոս Չոներոս» ազդեցիկ քրէական խումբի 44 տարեկան ղեկավար Խոսէ Ատոլֆօ Մասիասի բանտէն փախուստէն ետք: Նախագահ Նոպոան երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն եւ կրակմարի ժամ յայտարարած է:
Քրէական խմբաւորումներու անդամները ի պատասխան զինուած դուրս եկած են փողոցներ, հրկիզած են մեքենաներ, լսուած են պայթումներ:
Ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ բախումներու պատճառով առնուազն 10 մարդ մահացած է:
Առնուազն 7 ոստիկաններ երկրի տարբեր վայրերու, ներառեալ մայրաքաղաք Քիթոյի մէջ պատանդ վերցուած են:
Էքուատորի 24 նահանգներէն 6-ի բանտերուն մէջ անկարգութիւններ սկսած են, որոշ պարագաներու պատանդ վերցուած են պահակները: Ոստիկանութեան եւ զինուորական յատուկ ուժերը ստիպուած եղած են ճնշել Էլ Օրօ, Լոխա, Չիմպորազօ, Սոթոփաշի, Ազուայ եւ Փիչինչա նահանգներու բանտերուն մէջ անկարգութիւնները:
Նախագահ Նոպոա ըսած է, որ բանտային անկարգութիւնները մաֆիայի արձագանգներն են քրէակատարողական հիմնարկներուն նկատմամբ վերահսկողութիւնը վերականգնելու իր փորձերուն:
Տանիէլ Նոպոան, որ Էքուատորի նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթած է հոկտեմբերին, կը խոստանայ զսպել յանցագործութեան ալիքը, որ պատուհասած է երկիրը:
Էքուատորը երկար ժամանակ համեմատաբար հանգիստ երկիր եղած է, սակայն վերջին տարիներուն այս երկրին մէջ եւս ուժեղացած են թմրեցուցիչի առեւտուրով զբաղող մաֆիայի խումբերը:
Դրացի Երկիրները Զօրքեր Կը Տեղափոխեն Սահման
Փերուի կառավարութիւնը երեքշաբթի օր արտակարգ դրութիւն յայտարարած է Էքուատորի հետ իր հիւսիսային սահմանին: Վարչապետ Ալպերթօ Օթարոլան բացատրած է, որ զինուորները պիտի ուղարկուին սահման` ոստիկանութեան օգնելու համար:
Դրացի երկիրները կը վախնան, որ էքուատորցիները իրենց մօտ կը փախչին` խուսափելու համար անկարգութիւններէն եւ անօրինականութիւններէն:


