Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն-Ապպաս Հանդիպում

January 11, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ Ռամալլայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ եւ իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց Պաղեստին պետութեան ստեղծման շօշափելի քայլերուն:

Ապպաս պատասխանեց, որ Իսրայէլ Պաղեստինեան իշխանութեան յատուկ հարկերու գումարները պէտք է Օսլոյի համաձայնութեան հիմամբ անմիջապէս փոխանցէ պաղեստինեան կողմին` աւելցնելով, որ իսրայէլացի նախարարներու պաղեստինցի ժողովուրդը վտարելու կոչերը վտանգաւոր են` շեշտելով, որ պէտք չէ Կազայէն կամ Այսրյորդանանէն ոեւէ պաղեստինցիի տեղահանումը արտօնել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պլինքըն Ապպասի հետ Պաղեստինեան իշխանութեան բարեփոխման շուրջ արդիւնաւէտ քննարկում կատարած է, ինչպէս նաեւ քննարկած իսրայէլացի բնակեցուածներու կողմէ Այսրյորդանանի մէջ կատարուած բռնարարքներու դիմակայման ջանքերը:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Կազայի մէջ իսրայէլեան զինուորական արշաւը նուազ բուռն նոր փուլ մուտք պիտի գործէ:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած էր Միջին Արեւելքի մէջ կայուն խաղաղութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ Պաղեստին պետութեան ստեղծման միջոցով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է Իսրայէլի եւ շրջանի համար կայուն, երկարատեւ խաղաղութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման միջոցով»:

Պլինքըն Նեթանիահուի հետ քննարկած է նաեւ պաղեստինեան Համաս շարժումին մօտ գտնուող գերիներու ազատ արձակման ուղղուած ջանքերն ու Կազայի խաղաղ բնակչութեան մարդասիրական օգնութեան յաւելման կարեւորութիւնը:

«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» հաղորդեց, որ Պլինքըն Թել Աւիւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Իսրայէլ պիտի չհասնի շրջանին մէջ լիարժէք համարկման` առանց պաղեստինեան պետութեան ստեղծման աջակցելու:

Ըստ անոր, շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու բոլոր դաշնակիցները համակարծիք են, որ խաղաղութիւնը կրնայ գալ միայն համարկուած, շրջանային մօտեցման միջոցով, որ կը ներառէ դէպի պաղեստինեան պետութիւն ուղի:

«Այս նպատակին հասնելու համար Իսրայէլը պէտք է գործընկեր ըլլայ պաղեստինցի ղեկավարներու համար, որոնք պատրաստ են իրենց ժողովուրդը առաջնորդելու իբրեւ Իսրայէլի հետ դրացիներ խաղաղութեան մէջ կողք-կողքի ապրելու համար: Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ ձեռնարկել քայլեր, որոնք կը խաթարեն պաղեստինցիներու` արդիւնաւէտ կառավարելու կարողութիւնը», ըսած է Պլինքըն:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Պլինքըն ըսած էր.«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յայտնեցի, որ Ուաշինկթըն պաղեստինցիները Կազայէն դուրս վերաբնակեցնելու որեւէ առաջարկ կը մերժէ»:

«Նեթանիահու ինծի վստահեցուց, որ Կազայէն դուրս որեւէ վերաբնակեցում իսրայէլեան կառավարութեան քաղաքականութեան մաս չի կազմեր», աւելցուց ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը նոյնպէս պէտք է «ինքզինք բարեփոխէ` բարելաւելու իր կառավարումը», եւ ինք այդ հարցը պիտի արծարծէ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

«Եթէ Իսրայէլ կ՛ուզէ, որ իր արաբ դրացիները տան կարծր որոշումներ, որոնք անհրաժեշտ են իր կայուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար, Իսրայէլի ղեկավարները ստիպուած պիտի ըլլան իրենք եւս ծանր որոշումներ տալու», ըսած է Պլինքըն:

Ըստ Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին, Իսրայէլի անվտանգութեան եւ քաղաքական հարցերով նախարարաց խորհուրդը պիտի քննարկէ քաթարեան առաջարկ մը, որ կը ներառէ գերիներու փոխանակում, իսրայէլեան բանակի Կազայէն հեռացում եւ Համասի Կազայէն հեռացում:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յղում կատարելով եգիպտական ապահովական երեք աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Եգիպտոս մերժած է Եգիպտոսի եւ Կազայի միջեւ սահմանի միջանկեալ շրջանին վրայ իսրայէլեան վերահսկողութիւնը ամրապնդելու իսրայէլեան առաջարկ մը` աւելցնելով, որ Գահիրէն յետպատերազմեան դասաւորումներուն վրայ աշխատելէ առաջ առաջնահերթ կը նկատէ զինադադարի հաստատման միջնորդական ջանքերը:

«Եգիպտացի բանակցողները մերժեցին գաղափարը, սակայն Եգիպտոս ամրապնդեց սահմանի իր կողմին վրայ գտնուող անցարգելները», նշեցին աղբիւրները:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց «համապարփակ եւ անմիջական զինադադար հաստատելու, եւ Իսրայէլը կը յորդորենք դադրեցնելու Կազայի բնակչութեան դէմ հաւաքական պատիժը»:

Միւս կողմէ, տասնեակներով ռաբբիներ եւ հրէական կրօնական դպրոցներու ուսանողներ երեքշաբթի օր Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի սրահին մէջ նստացոյց կատարած են Կազայի մէջ անմիջական եւ մնայուն զինադադար պահանջելով: Այս մասին հաղորդեց «Ռաբբիներ յանուն  զինադադարի» կազմակերպութիւնը:

Անոնք բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է` «Պայտը՛ն, դադրեցո՛ւր խաղաղութեան դէմ վեթոն» եւ «Պայտը՛ն, աշխարհը «կրակոցը դադրեցուցէ՛ք» կ՛ըսէ»:

Նախորդը

Իրաքի Վարչապետ. «Միջազգային Դաշինքի Ուժերուն Բանակցութեան Ճամբով Մեր Հողերէն Արագ Ու Կազմակերպ Հեռացումը Կ՛ուզենք»

Յաջորդը

Սպիտակ Տուն. «Ռուսիան 6 Յունուարին Ուքրանիոյ Դէմ Հիւսիսային Քորէական Հրթիռներ Արձակեց»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.