Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հուսիները Կը Խոստանան Կարծր Եւ Արդիւնաւէտ Պատասխան Տալ Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ Յարձակումներուն

January 15, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հուսիները կը խոստանան կարծր արձագանգ տալ Եմէնի մէջ իրենց ռատարներուն դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ ուղղած հարուածներուն:

«Այս նոր հարուածը պիտի արժանանայ կարծր, վճռական եւ արդիւնաւէտ պատասխանի», «Ժազիրա»-ին յայտնած է հուսիներու ներկայացուցիչ Նասրէտտին Ամեր` աւելցնելով, որ զոհեր կամ «նիւթական վնասներ» չկան:

Հուսիներու մէկ այլ ներկայացուցիչ` Մոհամետ Ապտուլսալամ յայտարարած է, որ հարուածները, ներառեալ Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ գտնուող ռազմակայանին հասցուած գիշերային հարուածը, էական ազդեցութիւն չեն ունեցած շարժումի` Իսրայէլի առնչուած նաւերու Կարմիր եւ Արաբական ծովերէն անցումը արգելափակելու կարողութեան վրայ:

Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները շարք մը յարձակումներ կատարած են Եմէնի հուսիներու դիրքերուն վրայ:

Ուաշինկթըն յայտարարած է, որ հարուածները կը նպատակադրեն Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկման կայունութեան վերականգնումը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր կարգին ըսած է, որ Ուաշինկթըն Իրանին «մասնաւոր ուղերձ» յղած է` պահանջելով դադրեցնել հուսիներու յարձակումները:

Միւս կողմէ, գերմանական «Վելթ ամ Սոնընթակ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Մարիա-Ակնես Շթրաք-Ցիմըրման  յայտնած է. «Կ՛ակնկալուի, որ Գերմանիան կը մասնակցի Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկութիւնը պաշտպանելու Եւրոպական Միութեան ծովուժի առաքելութեան, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները այս ամիս պիտի հաստատեն:

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպան Ամիր Սայիտ Իրուանի «Նիուզուիք» պարբերաթերթին յայտնեց. «Եմէնի դէմ զինուորական յարձակումին մասնակցող որեւէ պետութիւն ինքզինք վտանգի կ՛ենթարկէ»:

Նախորդը

Ռայիսի. «Դիմադրութիւնը Իսրայէլը Դիմակայելու Միակ Տարբերակն Է»

Յաջորդը

Նեթանիահու Մտադիր Է Փակել Կազայի Եւ Եգիպտոսի Միջեւ Սահմանը

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին  Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է
Միջազգային

Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.