Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայիսի. «Դիմադրութիւնը Իսրայէլը Դիմակայելու Միակ Տարբերակն Է»

January 15, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի երէկ Թեհրանի մէջ «Աքսայի յարձակումը եւ մարդկային խիղճի զարթօնքը» խորագիրով խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ մեղադրած է Իսրայէլը միջազգային բոլոր արժեչափերը եւ համաձայնագիրերը խախտելու յանցանքով` դիմադրութիւնը կոչելով Իսրայէլը դիմակայելու միակ միջոցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թասնիմ»-ը:

Ըստ Ռայիսիի, Իսրայէլ «խախտած է աւելի քան 400 միջազգային բանաձեւեր, համաձայնագիրներ եւ յայտարարութիւններ, նաեւ խախտած է միջազգային կազմակերպութիւններու ձեռնարկած միջոցները»:

«Այսօր Պաղեստինի մէջ բոլորին համար յստակ դարձած է, որ սիոնական վարչակարգը իւրաքանչիւր միջազգային համաձայնագիրի կնքումէն ետք կը շարունակէ իր յարձակողական գործողութիւնները», ըսած է ան:

Պաղեստինը կոչելով իսլամական աշխարհի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը` Ռայիսի ըսած է, որ Իսրայէլի դէմ պայքարելու միակ տարբերակը դիմադրութիւնն է` «հոսանք, որ կը գերիշխէ Պաղեստինի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի եւ իսլամական աշխարհի այլ մասերու մէջ»:

«Իսրայէլեան վարչակարգին դէմ դիմադրութիւնը տուած է իր պտուղները երկօրեայ, 22-օրեայ, 33-օրեայ եւ 100-օրեայ պատերազմներուն ընթացքին, որովհետեւ Պաղեստինը յաղթական դուրս եկաւ, իսկ սիոնական վարչակարգն ու անոր դաշնակիցները պարտուեցան», աւելցուցած է Իրանի նախագահը:

Ռայիսի յայտնեց. «Պաղեստինի հարցը այսօր վերածուած է մարդկութեան կարեւորագոյն նիւթին, եւ անիկա դարձած է ժողովուրդներու ու կառավարութիւններու խիղճերու առաջնահերթութիւնը»:

«Յարաբերութիւններու բնականոնացումը անօգուտ եղաւ, եւ Քամփ Տէյվիտը, Շարմ Շէյխն ու Օսլոն ատոր օրինակներն են», նշեց ան` աւելցնելով. «Պատճառը միջազգային տիրակալութիւնն է, եւ կարելի չէ անոր վստահիլ, որովհետեւ իր խոստումները չի յարգեր»:

Անդրադառնալով Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ Իսրայէլի դէմ ներկայացուած ցեղասպանութեան մեղադրանքով հայցին` Իրանի նախագահը յոյս յայտնեց, որ դատարանը պատասխանատու որոշում մը կ՛որդեգրէ:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հարաւային Ափրիկէի` Իսրայէլի դէմ դատական հայց ներկայացնելու քայլը նկատած էր «պատասխանատու եւ քաջարի նախաձեռնութիւն»:

Նախորդը

Ըստ Իրաքի Խորհրդարանին. «Միջազգային Դաշինքի Ուժերու Իրաքէն Դուրս Բերման Որոշումը Հաստատ Է, Եւ Կառավարութեան Ու Ժողովուրդի Զօրակցութիւնը Կը Վայելէ»

Յաջորդը

Հուսիները Կը Խոստանան Կարծր Եւ Արդիւնաւէտ Պատասխան Տալ Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ Յարձակումներուն

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ  Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

October 21, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Հեկսեթ Երկուշաբթի Օր Անակնկալ Իսրայէլ  Այցելած Է Եւ Հանդիպում Ունեցած Նեթանիահուի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Հեկսեթ Երկուշաբթի Օր Անակնկալ Իսրայէլ Այցելած Է Եւ Հանդիպում Ունեցած Նեթանիահուի Հետ

October 21, 2026
Արաղչի. «Իրանն Ու Ռուսիան Երբեք  Այսքան Սերտ Կերպով Չեն Գործակցած»
Միջազգային

Արաղչի. «Իրանն Ու Ռուսիան Երբեք Այսքան Սերտ Կերպով Չեն Գործակցած»

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.