Ռապըրթ Քենետի կրտսերը յայտնած է, որ ինք Եութա նահանգին մէջ դիմում ներկայացուցած է 2024 թուականին նախագահի թեկնածու առաջադրուելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը:
Ան ըսած է, որ կատարած է 1000 ստորագրութիւն հաւաքելու պահանջը:
Ռապըրթ Քենետի կրտսերը անցեալ աշնան լքեց Դեմոկրատական կուսակցութիւնը եւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին անկախ թեկնածու է:
Ան Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի եղբօր` Ռապըրթին որդին է: Անոր հայրը սպաննուած էր 1963-ին:
Ռապըրթ Քենետի կրտսերը նախապէս ըսած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է միջազգային աջակցութիւն զօրակոչի ենթարկէ հայերու ինքնապաշտպանութեան եւ Արցախի հայերու ինքնորոշման իրաւունքին համար եւ պաշտպանէ արցախահայերուն իրենց պատմական հայրենիք անվտանգ վերադարձը:
Ան վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի նպաստէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի վերականգնման:
Թեկնածուն յայտնի դարձած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակի ընթացքին հանրային առողջութեան դաւադրութեան տեսութիւններուն աջակցութեամբ եւ ունի նուիրուած հետեւորդներ այն մարդոցմէ, որոնք կը մերժեն գիտական համաձայնութիւնը, թէ պատուաստանիւթերը անվտանգ եւ արդիւնաւէտ են:


