Ֆրանսայի արտաքին գործոց նոր նախարար նշանակուած է նախագահ Էմանուել Մաքրոնի «Վերածնունդ» կուսակցութեան ղեկավար Սթեֆան Սեժուռնէն: Այս մասին հաղորդեց «Պէ.ԷՖ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանը:
38 տարեկան քաղաքական գործիչը «Վերածնունդ» կուսակցութիւնը կը ղեկավարէ 2022 թուականէն ի վեր:
«Սթեֆան Սեժուռնէն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ փոխարինած է Քաթրին Քոլոնան», կը հաղորդէ պատկերասփիւռի կայանը:


