Միջազգային

Այս Շաբաթ Սուրիոյ Հարցին Շուրջ Ասթանայի Ձեւաչափով Ժողով

Այս Շաբաթ Սուրիոյ Հարցին Շուրջ Ասթանայի Ձեւաչափով Ժողով

Դիւանագիտական աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են, որ այս շաբաթ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ասթանայի ձեւաչափով միջազգային ժողովի նոր փուլ մը նախատեսուած է: Աղբիւրները յայտնած են, որ 23 եւ 24 յունուարին նախատեսուած Ասթանայի ձեւաչափով հոլովոյթի 21-րդ փուլի պատրաստութիւնները ամբողջացած են, եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Պասսամ Սայեղ պիտի գլխաւորէ ժողովին մասնակից սուրիական պատուիրակութիւնը: Օրաթերթին համաձայն, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր...

Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Կազայի Մէջ Մարտերն Ու Շրջանին Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Կազայի Մէջ Մարտերն Ու Շրջանին Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ անոր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւններու ընթացքն ու շրջանին մէջ կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը: Կողմերը անդրադարձած են այնպիսի հարցերու, ինչպիսիք են Իսրայէլի բանակի անցումը Կազայի մէջ ցած կշռոյթով գործողութիւններու, Կազայի մէջ մարդասիրական օգնութեան բաշխումը եւ Այսրյորդանանի մէջ անկայունութիւնը: Բացի ատկէ,...

Միացեալ Նահանգներ Իրանին Ու Փաքիստանին Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Միացեալ Նահանգներ Իրանին Ու Փաքիստանին Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ պատրաստ չէ կանխատեսումներ կատարելու, թէ Իրանի եւ Փաքիստանի միջեւ լարուածութեան լոյսին տակ կացութիւնը ինչպէ՛ս պիտի զարգանայ: «Ինչպէս կը տեսնէք, շրջանին մէջ Իրանին այնքան ալ չեն սիրեր: Ասիկա հետագային ինչպէ՞ս պիտի զարգանայ: Մենք կ՛աշխատինք հետազօտել կացութիւնը, ես չեմ գիտեր, թէ անիկա ինչպէ՛ս պիտի շարունակուի», ըսած է ան` մեկնաբանելով Իրանի եւ Փաքիստանի միջեւ փոխադարձ...

Իրանի Դէմ Փաքիստանի Ռմբակոծումները  Պատճառեցին 9 Զոհ

Իրանի Դէմ Փաքիստանի Ռմբակոծումները Պատճառեցին 9 Զոհ

Փաքիստանը երէկ հարուածներ հասցուցած է Իրանի տարածքին` պնդելով, թէ թիրախաւորած է անջատողական զինեալներ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այդ մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը` վկայակոչելով Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը: «Հետախուզութեան տուեալներու հիման վրայ իրականացուած գործողութեան ընթացքին սպաննուած են քանի մը ահաբեկիչներ», յայտնած է Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ անոնք եղած են խիստ համակարգուած եւ ճշգրիտ հարուածներ ահաբեկիչներու թաքստոցներուն: Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ...

Մաքրոն. «Շրջանային Մագլցումէն Խուսափելու Համար  Հուսիներուն Դէմ Ամերիկայի Ղեկավարած  Յարձակումներուն Չմասնակցեցանք»

Մաքրոն. «Եթէ Ռուսիան Յաղթէ, Եւրոպայի Եւ Ռուսիոյ Բոլոր Դրացիներու Անվտանգութիւնը Կասկածի Տակ Պիտի Դրուի»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարած է, որ 2024 թուականի փետրուարին մտադիր է այցելել Քիեւ` Ուքրանիոյ ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկելու զէնքի նոր մատակարարումները: Ան չէ յայտնած Ուքրանիոյ մայրաքաղաք իր այցելութեան որոշակի թուականը: Մաքրոն ըսած է, որ Ֆրանսան շուտով Ուքրանիոյ պիտի փոխանցէ շուրջ 40 ՍՔԱԼՓ հրթիռ, քանի մը հարիւր ռումբ եւ «Սեզար» ինքնագնաց հրետանիներ: «Մենք չենք կրնար արտօնել, որ Ռուսիան յաղթէ, եւ...

«Իրանի Կողմէ Մեր Երկրի Տարածքին Հարուածը  Կրնայ Լուրջ Հետեւանքներ Ունենալ»  Կ՛ըսէ Փաքիստան

«Իրանի Կողմէ Մեր Երկրի Տարածքին Հարուածը Կրնայ Լուրջ Հետեւանքներ Ունենալ» Կ՛ըսէ Փաքիստան

Իրանի զինեալ ուժերուն կողմէ Փաքիստանի տարածքին մէջ կատարուած հարուածը երկրի օդային տարածքի խախտում է, որ կրնայ յանգեցնել լուրջ հետեւանքներու: Այս մասին կը նշուի Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ զետեղուած է նախարարութեան կայքին վրայ: «Փաքիստանը խստօրէն կը դատապարտէ Իրանի կողմէ իր օդային տարածքի չպատճառաբանուած խախտումը եւ հարուածը Փաքիստանի տարածքին, որուն պատճառով զոհուած է երկու անմեղ երեխայ եւ վիրաւորուած երեք...

Նեթանիահու. «Շարունակուող Պատերազմի  Վերջին Գնահատականներուն Համաձայն, Համասի Հետ  Պատերազմը Կրնայ Մինչեւ 2025 Տեւել»

Նեթանիահու. «Շարունակուող Պատերազմի Վերջին Գնահատականներուն Համաձայն, Համասի Հետ Պատերազմը Կրնայ Մինչեւ 2025 Տեւել»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն յայտնած է. «Շարունակուող պատերազմի վերջին գնահատականներուն համաձայն, Համասի հետ պատերազմը կրնայ մինչեւ 2025 թուական տեւել»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ «Բարեկարգման ենթակայ Պաղեստինեան իշխանութիւն մը պէտք է գոյութիւն ունենայ»` նշելով. «Առանց պաղեստինեան պետութեան ճանաչման համարկում պիտի չըլլայ»: «Գոյութիւն ունին արաբական եւ իսլամական պետութիւններ, որոնք առաջին...

Թուրքիոյ Պատուիրակութիւնը Այս Շաբաթ  Պիտի Այցելէ Ռուսիա` Քննարկելու Համար  Կազային Հանգոյցը

Թուրքիոյ Պատուիրակութիւնը Այս Շաբաթ Պիտի Այցելէ Ռուսիա` Քննարկելու Համար Կազային Հանգոյցը

Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը այս շաբաթ պիտի այցելէ Ռուսիա` քննարկելու կազային հանգոյցի նախագիծի մանրամասնութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով ուժանիւթի նախարարութեան աղբիւրին: «Այս տեսչական այցելութեան արդիւնքներով կ՛ակնկալուի, որ պիտի պատրաստուի ծրագիրի իրականացման գործողութիւններու օրացոյց եւ պիտի արագացուի աշխատանքը», լրագրողներուն ըսած է աղբիւրը: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 2022 թուականի հոկտեմբերին Թուրքիոյ մէջ կազային հանգոյց ստեղծելու նախաձեռնութիւն կատարած էր: Ռուսիոյ ղեկավարին...

Մաքրոն. «Շրջանային Մագլցումէն Խուսափելու Համար  Հուսիներուն Դէմ Ամերիկայի Ղեկավարած  Յարձակումներուն Չմասնակցեցանք»

Մաքրոն. «Շրջանային Մագլցումէն Խուսափելու Համար Հուսիներուն Դէմ Ամերիկայի Ղեկավարած Յարձակումներուն Չմասնակցեցանք»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, որ Փարիզ չմասնակցեցաւ Եմէնի մէջ հուսիներու դէմ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած յարձակումներուն, որովհետեւ կ՛ուզէ շրջանային մագլցումէն խուսափիլ: Մաքրոն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Կարմիր ծովուն մէջ Ֆրանսայի մօտեցումը պաշտպանական է, եւ Փարիզ յանձնառու պիտի մնայ այդ կեցուածքին: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը հուսիները վերստին...

Նեթանիահու. «Նախքան Բնակիչները Կազայի  Մերձակայ Բնակեցման Վայրեր Վերադարձնելը,  Պէտք Է Համասի Վրայ Յաղթանակ Արձանագրենք»

Նեթանիահու. «Նախքան Բնակիչները Կազայի Մերձակայ Բնակեցման Վայրեր Վերադարձնելը, Պէտք Է Համասի Վրայ Յաղթանակ Արձանագրենք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, իր խօսքը ուղղելով Կազայի մերձակայքը գտնուող իսրայէլեան բնակեցման վայրերու ղեկավարներուն, յայտնեց. «Նախքան բնակիչները Կազայի մերձակայ բնակեցման վայրեր վերադարձնելը, պէտք է Համասի վրայ յաղթանակ արձանագրենք»: Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ Համասի կեդրոններէն հեռացնելը մեծ ու վտանգաւոր սխալ է եւ մեզի մարդկային կեանքեր պիտի արժէ»: «Իսրայէլեան բանակին հեռացած շրջանէն Նեթիւոթի դէմ...

Պլինքըն Զելենսքիին Հաւաստած Է,  Որ Միացեալ Նահանգներ  Պիտի Շարունակեն Ուքրանիոյ Աջակցիլ

Պլինքըն Զելենսքիին Հաւաստած Է, Որ Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Ուքրանիոյ Աջակցիլ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Տաւոսի տնտեսական խորհրդաժողովին մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին հաւաստած է, որ Ուաշինկթըն մտադիր է շարունակել Քիեւին աջակցութիւնը, հակառակ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Ուքրանիոյ համար նոր ֆինանսաւորման հաստատման առնչուած տարակարծութիւններուն: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, հանդիպման տեսանիւթը տարածած է «Քանալ 13» պատկերասփիւռի կայանը: «Մենք վճռականութեամբ լեցուն ենք` շարունակելու Ուքրանիոյ մեր աջակցութիւնը եւ շատ սերտօրէն...

Անսարուլլա. «Օրական Հարիւրաւոր Նաւեր Կ՛անցնին  Պապ Մանտեպ Նեղուցէն, Եւ Կարգ Մը Ընկերութիւններուն  Կեցուածքները Ամերիկեան Քարոզչութեան Համահունչ Են»

Անսարուլլա. «Օրական Հարիւրաւոր Նաւեր Կ՛անցնին Պապ Մանտեպ Նեղուցէն, Եւ Կարգ Մը Ընկերութիւններուն Կեցուածքները Ամերիկեան Քարոզչութեան Համահունչ Են»

Հուսիներու Անսարուլլա շարժումի բանբեր Մոհամետ Ապտելսալամ յայտնեց. «Ապրանքներու առաքման շարք մը ընկերութիւններու Կարմիր ծովուն մէջ վտանգներու աճի պատրուակով իրենց աշխատանքները առկախելու մասին յայտարարութիւնները արդիւնք են ամերիկեան ճնշումներու եւ վախի մթնոլորտի ստեղծման, եւ անճիշդ կեցուածքներ են, եւ ամերիկեան սադրիչ քարոզչութեան համահունչ»: «Գոյութիւն ունին հարիւրաւոր նաւեր, որոնք Պապ Մանտեպ նեղուցը առօրեայ կերպով կ՛անցնին: Կը վերահաստատենք, որ արգելք չէ հաստատուած որեւէ նաւու դէմ,...

Իրաք Տուն Կանչած Է  Թեհրանի Մէջ Իր Դեսպանը

Իրաք Տուն Կանչած Է Թեհրանի Մէջ Իր Դեսպանը

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տուն կանչած է իր դեսպան Նասիր Ապուլմուհսենը` երկուշաբթի գիշեր երկրի տարածքին գտնուող թիրախներու վրայ Իրանի հրթիռային յարձակումներէն ետք խորհրդակցութիւններու համար: Այս մասին կը հաղորդէ նախարարութեան կայքը: Յարձակումը իրականացուած է Հիւսիսային Իրաքի ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլի վրայ: Իշխանութիւնները յայտնած են, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը թեւաւոր հրթիռներ արձակած է քաղաքին մէջ գտնուող թիրախներու ուղղութեամբ: Հիւսիսային Իրաքի շրջանային կառավարութեան...

Պայտըն. «Ուաշինկթըն Համասի Մօտ Գտնուող Գերիներու Ազատ Արձակման Համար Քաթարի, Եգիպտոսի Եւ Իսրայէլի Հետ Անմիջական Կապի Մէջ Պիտի Մնայ»

Պայտըն. «Ուաշինկթըն Համասի Մօտ Գտնուող Գերիներու Ազատ Արձակման Համար Քաթարի, Եգիպտոսի Եւ Իսրայէլի Հետ Անմիջական Կապի Մէջ Պիտի Մնայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Համասի մօտ գտնուող գերիներու ազատ արձակման համար Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի հետ անմիջական կապի մէջ պիտի մնայ: «Համասի մօտ գտնուող գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կը վստահեցնենք, որ անոնց կողքին ենք, զանոնք տուն վերադարձնելու համար պիտի չդադրինք աշխատելէ», աւելցուց Պայտըն: «Ցաւալի է, որ Համաս հազիւ մէկ շաբաթ ետք դուրս եկաւ գերիներու ազատ արձակման...

«Հուսիներուն Եւ Իրանին Յստակ  Պատգամ Մը Յղեցինք»  Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

«Հուսիներուն Եւ Իրանին Յստակ Պատգամ Մը Յղեցինք» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Կրանթ Շափզ յայտնեց, որ իր երկիրը «պիտի սպասէ եւ տեսնէ», եթէ միջազգային նաւարկումի պաշտպանման համար Եմէնի մէջ հուսիներուն դէմ յաւելեալ հարուածներու կարիքը կայ: «Մտադիր չենք Եմէն երթալ կամ որեւէ այդպիսի բան ընել, սակայն պարզապէս կ՛ուզենք Իրանի աջակցութիւնը վայելող հուսիներուն յղել շատ յստակ ու աներկբայելի պատգամ մը` չսպառնալու նաւարկումի անվտանգութեան, եւ թէ Կարմիր ծովուն մէջ անոնց վարմունքը բացարձակապէս...

Ռուսիոյ Եւ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Շրջանային Անվտանգութեան Հարցեր

Ռուսիոյ Եւ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Շրջանային Անվտանգութեան Հարցեր

Երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ զինեալ ուժերու աջակցութեան նախարար Մոհամետ Աշթիանիի միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի զինուորական եւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան ընթացիկ հարցեր, միտքեր փոխանակուած են շրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ: Շոյկու նշած է, որ Մոսկուան եւ Թեհրանը հետեւողականօրէն կը մեծցնեն միացեալ...

Թուրքիա Իսրայէլացի  Ֆութպոլիստ Մը Ձերբակալեց

Թուրքիա Իսրայէլացի Ֆութպոլիստ Մը Ձերբակալեց

Թրքական իշխանութիւնները «հրապարակաւ ատելութեան հրահրում»-ի ամբաստանութեամբ իսրայէլացի ֆութպոլիստ մը ձերբակալեցին, երբ ան Թուրքիոյ ֆութպոլի առաջին դասակարգի ակումբներու մրցումի մը ընթացքին իր թեւին վրայ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմին վերաբերեալ պատգամ մը անցուցած էր: Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունճ «ատելութեան բացայայտ հրահրում»-ի ամբաստանութեամբ հետաքննութիւն յայտարարեց իսրայէլացի ֆութպոլիստ Սակիւ Եհեզքիէլի դէմ, որ նաեւ հեռացուեցաւ իր ակումբէն` Անթալիա Սփորէն: Նախարարը նշեց, որ հետաքննութիւնը...

Թրքական Յարձակումին Պատճառով Հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ Մէջ 7 Ելեկտրակայաններ Դադրած Են Գործելէ

Թրքական Յարձակումին Պատճառով Հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ Մէջ 7 Ելեկտրակայաններ Դադրած Են Գործելէ

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ «վերջին 24 ժամուան» ընթացքին հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ դէմ թրքական յարձակումին պատճառով 7 ելեկտրակայաններ դադրած են գործելէ: Թրքական օդուժի եւ հրետանիի ռմբակոծումներուն պատճառով Հալէպի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Արաբ Բունար քաղաքի ելեկտրակայանը երկու անգամ դադրած է գործելէ: Հասաքէէն հիւսիս Ռաքայի եւ Գամիշլիի Այն Իսա գիւղին մէջ Թուրքիոյ կողմէ ելեկտրակայանին ռմբակոծումը պատճառ դարձած է, որ...

ՕԹԱՆ. «Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Միջեւ  Տագնապը Երկար Պիտի Տեւէ»

ՕԹԱՆ. «Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Տագնապը Երկար Պիտի Տեւէ»

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միրչա Ճոանա կոչ ուղղած է մարդոց պատրաստուելու այն փաստին, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տագնապը երկար պիտի տեւէ եւ կրնայ նոյնիսկ 2025 թուականին չաւարտիլ: «Իմ կոչս է` պատրաստուիլ երկար պատերազմի, անիկա պիտի շարունակուի, 2024-ին պիտի չաւարտի, թերեւս ոչ նոյնիսկ 2025-ին: Ոչ մէկ տեղ կը տեսնենք զինուորական կարողութիւն` այսպէս թէ այնպէս վճռական յաղթանակի հասնելու համար: «Մենք կ՛ակնկալենք...

Նեթանիահու Մտադիր Է Փակել Կազայի Եւ Եգիպտոսի Միջեւ Սահմանը

Նեթանիահու Մտադիր Է Փակել Կազայի Եւ Եգիպտոսի Միջեւ Սահմանը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ Իսրայէլ Համասի դէմ պատերազմը աւարտած պիտի չնկատէ, այնքան ատեն որ Եգիպտոսի եւ Կազայի սահմանը չէ փակուած: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.»-ը: «Մենք պիտի ոչնչացնենք Համասը, պիտի ապառազմականացնենք Կազան, սակայն սպառազինութիւնն ու այլ մահաբեր զէնքերը պիտի շարունակեն հոսիլ այս հարաւային անցքով, այնպէս որ, ի հարկէ, մենք պէտք է փակենք զայն», ըսած է Նեթանիահու: «Թայմզ աֆ...

Page 172 of 882 1 … 171 172 173 … 882

Արխիւներ