Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Մտադիր Չէ Մշտապէս Բռնագրաւել Կազան Կամ Տեղահանել Անոր Բնակչութիւնը»

January 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չորեքշաբթի գիշեր յայտարարեց, որ Կազայի մէջ իր զինուորական գործողութեան աւարտին Իսրայէլ մտադիր չէ մշտապէս բռնագրաւել շրջանը կամ տեղահանել տեղւոյն պաղեստինցի բնակչութիւնը, զինուորական գործողութիւնները կը կատարուին բացառապէս պաղեստինեան Համաս շարժումը ոչնչացնելու նպատակով :

«Կ՛ուզեմ քանի մը բանի մէջ բացարձակապէս յստակ ըլլալ. Իսրայէլ մտադիր չէ մշտապէս բռնագրաւել Կազան կամ տեղահանել անոր խաղաղ բնակչութիւնը: Իսրայէլ կը պայքարի Համասի ահաբեկիչներուն եւ ոչ թէ պաղեստինցիներուն դէմ, եւ մենք ատիկա կ՛ընենք միջազգային օրէնքին համաձայն», ըսաւ Նեթանիահու:

Ան յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը «ամէն ինչ կ՛ընէ խաղաղ բնակչութեան զոհերը նուազագոյնի հասցնելու համար, մինչդեռ Համասը ամէն ինչ կ՛ընէ` զանոնք առաւելագոյնի հասցնելու համար` պաղեստինցի խաղաղ բնակիչները օգտագործելով իբրեւ կենդանի վահան»:

Իսրայէլի վարչապետը յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը կը խրախուսէ պաղեստինցի խաղաղ բնակիչները լքելու բախումներու տարածքները` թռուցիկներ բաժնելով, հեռաձայնելով եւ անվտանգ անցումային միջանցքներ ապահովելով, մինչդեռ Համասը զէնքի սպառնալիքով եւ յաճախ կրակ բանալով պաղեստինցիներուն չ՛արտօներ հեռանալ:

Ըստ Նեթանիահուի, զինուորական այս գործողութեան մէջ Իսրայէլի նպատակն է «Կազան ազատել Համասի ահաբեկիչներէն եւ ազատել պատանդները»: «Անմիջապէս, որ ատիկա իրականացուի, Կազան կրնայ ապառազմականացուիլ եւ ապաարմատականացուիլ` ատով իսկ ստեղծելով աւելի լաւ ապագայի կարելիութիւն թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ ալ պաղեստինցիներուն համար», եզրափակեց ան:

Նշենք, որ Նեթանիահու այդ յայտարարութիւնները կատարեց Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ Հարաւային Ափրիկէի կողմէ Իսրայէլի դէմ ցեղասպանութեան մեղադրանքով ներկայացուած հայցի քննարկման նախօրեակին:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտարարեց, որ Արաբական լիկան կը զօրակցի Միջազգային դատարանին մէջ Իսրայէլի դէմ Հարաւային Ափրիկէի հայցին:

«Մենք լիովին կը պաշտպանենք Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ Հարաւային Ափրիկէի հայցը ընդդէմ Իսրայէլի` ցեղասպանութիւն գործելու եւ 1948 թուականի ցեղասպանութեան հռչակագիրը խախտելու մեղադրանքով: Ես անհամբեր կը սպասեմ արդար վճիռին, որ պիտի դադրեցնէ այս յարձակողական պատերազմը եւ վերջ պիտի դնէ պաղեստինեան արեան հեղեղման»` աւելցնելով. «Այս գործը կարեւոր է ոչ միայն զինադադարի, այլ նաեւ Իսրայէլը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտնեց. «Մոսկուան ու Փեքինը պէտք է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի շրջանին մէջ անմիջական զինադադարի եւ կռիւի դադրեցման կոչ ուղղեն»:

Չինական դիւանագիտութեան պետը իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նաեւ շեշտեց. «Պէտք է Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու անխափան հասանելիութիւնը երաշխաւորել եւ միացեալ ջանք թափել «երկու պետութիւններ` երկու ժողովուրդներու համար» սկզբունքին հիմամբ կարգաւորման հոլովոյթը շարունակելու»:

«Ռուսիան եւ Չինաստանը կրնան իրենց բարձրորակ ռազմավարական գործակցութեան ճամբով ոչ միայն իրենց ներքին հարցերը լաւապէս կառավարել, այլ նաեւ յառաջատար դերակատարութիւն ստանձնել միջազգային բեմի վրայ եւ պահպանել համաշխարհային ռազմավարական կայունութիւնը», շեշտեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

 

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Ուաշինկթըն Իր Գործընկերներուն Հետ Յաջորդ Քայլերուն Շուրջ Պիտի Խորհրդակցի, Եթէ Հուսիներու Յարձակումները Շարունակուին»

Յաջորդը

Հալեւի. «Կազայի Մէջ Կռուելէ Ետք, Պիտի Գիտնանք Ինչպէս Կռուիլ Լիբանանի Մէջ, Եթէ Անոր Կարիք Ունինք»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.