Իսրայէլի օդուժը շաբաթ օրը հարուածած է Դամասկոսի Մեզզէ շրջանը` սպաննելով Իրանի յեղափոխական պահակագունդի հինգ անդամներ, որոնց շարքին տեղեկատուական բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով շրջանին մէջ անվտանգութեան սուրիամէտ աղբիւրներ:
Ըստ հաղորդագրութեան, գերճշգրիտ հրթիռներով կատարուած հարուածի հետեւանքով Մեզզէի մէջ բարձրայարկ շէնք մը ամբողջութեամբ գետնին հաւասարեցուած է:
Մինչ այդ, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին անդրադարձաւ Իրանի յեղափոխական պահակագունդի հինգ անդամներու սպանութեան արարքին` նշելով, որ «Թեհրան այս ոճիրը անպատասխան պիտի չձգէ»:


