Արեւմտեան հետախուզական կազմակերպութիւնները այսուհետեւ պիտի չկարենան Թուրքիոյ մէջ գործողութիւններ կատարել` առանց Անգարային համապատասխան տեղեկութիւն տրամադրելու: Այս մասին գրած է «Հիւրրիեթ» օրաթերթը` յղում կատարելով անունը չնշած դիւանագէտին:
Անոր համաձայն, որոշ ժամանակ առաջ «բաւական յատկանշական իրադարձութիւն» տեղի ունեցած է:
«Արեւմտեան որոշ հետախուզական կազմակերպութիւններ կարելիութիւն ստացած են Թուրքիոյ մէջ գործ վարել, գալ ու երթալ առանց արտօնութեան: Օրինակ, արեւմտեան հետախուզական օդանաւը կու գայ, որոշ ժամանակ կը մնայ եւ կը հեռանայ: Կամ նման բան մը: Անոնք, սակայն, ոչ մէկ տեղեկութիւն կը տրամադրէին, թէ օդանաւին մէջ ո՛վ կար եւ ի՛նչ կ՛ընէր», օրաթերթը մէջբերած է դիւանագէտի խօսքերը:
Անոր համաձայն, Անգարան, Թուրքիոյ ազգային դիրքորոշման համապատասխան, յայտնած է. «Նման գործողութիւնները չեն կրնար կատարուիլ առանց (թրքական կողմին) համապատասխան տեղեկութեան հաղորդման»:
Օրաթերթի աղբիւրին համաձայն, արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւններուն արձագանգը եղած է կարծր, սակայն Անգարան չէ նահանջած իր սկզբունքային դիրքորոշումէն:
«Սկիզբը անոնք (արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւնները) ուժեղ արձագանգեցին: Անոնք լուր տարածեցին, թէ ատիկա Իրանին աջակցութիւն կը նշանակէ: Սակայն ատիկա ի զուր էր: Որովհետեւ Թուրքիան, իբրեւ անկախ պետութիւն, ի ցոյց տուաւ իր ազգային դիրքորոշումը: Ըսուեցաւ, որ եթէ կը պատրաստուիք բան մը ընելու, տեղեկութիւն տուէք», նշած է օրաթերթի զրուցակիցը:


