Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին 24 յունուարին պիտի այցելէ Թուրքիա: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:
Թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, թէ կը նախատեսուի, որ 12 փետրուարին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիա այցելէ:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով առանց ճշգրիտ թուական նշելու 20 յունուարին յայտնեց, թէ Փութինի Թուրքիա այցելութեան մասին «ժամանակին պիտի տեղեկացուի»:
Աւելի ուշ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով «Լայֆ»-ին նշեց, որ Ռուսիոյ նախագահի Թուրքիա այցելութիւնը կրնայ տեղի ունենալ Ռուսիոյ նախագահական ընտրութենէն առաջ, որ նախատեսուած է 15-էն 17 մարտ:
«Այո՛, մենք կը մեկնինք անկէ, որ ատիկա (Թուրքիա այցելութիւնը) կրնայ տեղի ունենալ նոյնիսկ ընտրութենէն առաջ: Հիւսիսային Քորէա այցելութիւնը աւելի խոստմնալից ծրագիր է, սակայն մենք կը մեկնինք անկէ, որ երբ ժամանակացոյցերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ, նախագահը պիտի օգտուի այս առաջարկէն», ընդգծեց Քրեմլինի ներկայացուցիչը:


