Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան երեքշաբթի գիշեր յարձակում գործեցին Եմէնի քանի մը նահանգներու մէջ գտնուող հուսիներու զինուորական դիրքերուն դէմ:
Աւստրալիոյ, Պահրէյնի, Բրիտանիոյ, Քանատայի, Նետերլանտներու եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ յայտարարութեան համաձայն, դաշնակից ուժերը 8 հարուած հասցուցած են հուսիներու Անսարուլլա դիրքերուն` թիրախաւորելով անոնց ստորգետնեայ պահեստները եւ հրթիռներու արձակման վայրերը:
Վերջին 10 օրերուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներ քանի մը անգամ առանձին յարձակած են հուսիներու դիրքերուն վրայ:
Անսարուլլա շարժումի զինուորական բանբեր Եահիա Սարիան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ զինեալ ուժերը երեքշաբթի գիշեր 18 օդային հարուած հասցուցած են Եմէնի մէջ հուսիներու դիրքերուն:
Ան «Էքս»-ի վրայ գրած է, որ Եմէնի մայրաքաղաքը` Սանաան, ենթարկուած է ընդհանուր 12 օդային հարուածի, եւս 3 հարուած հասցուած է Հուտէյտա նահանգին մէջ, 2-ը` Թաաիզ նահանգին մէջ, 1-ը` Պայտա նահանգին մէջ: Ան նաեւ ըսած է. «Այդ յարձակումները անպատասխան պիտի չմնան»:
Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք յայտնեց. «Լոնտոն պիտի շարունակէ հակադարձել Կարմիր ծովուն մէջ հուսիներու յարձակումներուն, եթէ անոնք շարունակուին»:
Սունաք Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ անդրադառնալով ամերիկա-բրիտանական վերջին յարձակումներուն յայտնեց. «Մենք ճակատումի չենք ձգտիր, սակայն եթէ պէտք ըլլայ, Բրիտանիան պիտի չտատամսի ինքնապաշտպանութեան ծիրին մէջ հակադարձելու: Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ եւ արտօնել, որ այս յարձակումները անպատասխան մնան»:
«Իրան պէտք է դադրեցնէ հուսիներուն տեղեկութիւններով եւ զէնքերով աջակցելէ, եւ իր ազդեցութիւնը օգտագործէ յարձակումները դադրեցնելու համար», աւելցուց Բրիտանիոյ վարչապետը:
Իսրայէլի փոխադրամիջոցներու նախարար Միրի Ռեկեւ յայտարարեց. «Կազմեցինք հուսիները շրջանցող ուղի մը, եւ ապրանքները Ապու Տապիի ճամբով Հնդկաստանէն Իսրայէլ պիտի փոխադրուին»: Ան աւելցուց, որ այդ ցամաքային ուղին ապրանքներու մատակարարումը 12 օրով պիտի կրճատէ եւ նուազեցնէ «ներկայ սպասման ժամանակը»` աւելցնելով. «Ատիկա պիտի ընենք, եւ պիտի յաջողի»:


