Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն նշեց. «Միջազգային ընտանիքը մուտք գործեց նոր ժամանակաշրջան, ուր համաշխարհային համակարգի ճշդման ղեկավարման ու իրաւունքին շուրջ բուռն մրցակցութիւն յառաջացաւ»:
Ան Տաւոսի խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ խոստացաւ. «Միացեալ Նահանգները, ի տարբերութիւն 1930-ական թուականներուն, ինքնամեկուսացումի մէջ մուտք պիտի չգործեն, եւ պիտի երաշխաւորեն, որ պատմութիւնը ինքզինք չկրկնէ»:
«Այսօր կ՛ապրինք նոր ժամանակաշրջանի մը առաջին տարիները: Մեծ տէրութիւնները Պաղ պատերազմի ատենուան որեւէ պահէն աւելի իրարու կապուած են: Սակայն նաեւ բուռն մրցակցութեան մէջ ենք, թէ ինչպիսի՛ աշխարհ կ՛ուզենք կառուցել», ըսաւ ան:
«Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ անցեալը երբեք պիտի չկրկնենք: Մէկ ժամանակաշրջանէն միւսը անցումը իրեն հետ պատասխանատուութիւն եւ աւելի իմաստուն ընտրանքի առիթ կը բերէ», աւելցուց Սալիվըն:


