Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի շեշտեց. «Իրաքի Քիւրտիստանի շրջանին մէջ Մոսատի կեդրոնատեղիի թիրախաւորումը Իրաքի կամ շրջանին դէմ չէր»:
«Հակառակ Իրանի եւ Քիւրտիստանի միջեւ շարունակուող գործակցութեան, դժբախտաբար անոր աշխարհագրական սահմաններէն ապահովական սպառնալիքներ կը դիմագրաւենք», ըսաւ ան` նշելով. «Իրան չի կրնար իր ազգային անվտանգութեան նկատմամբ անփոյթ գտնուիլ»:
«Իրանի Մոսատի կեդրոնատեղիի թիրախաւորման մէջ վերջին քայլը գոյութիւն ունեցող սպառնալիքներու եւ անոր թշնամիներուն դէմ էր, եւ ոչ թէ Իրաքի եւ Քիւրտիստանի շրջանին», յայտնեց Քենաանի:
Անդրադառնալով Փաքիստանի մէջ ահաբեկչական խմբաւորման մը դէմ իրանեան զինուորական յարձակումին ան ըսաւ. «Յարձակումը գործուեցաւ Փաքիստանի մէջ Կանաչ լեռ շրջանին մէջ խաւարի բանակի ահաբեկչական ռազմակայաններուն դէմ` դիմակայելու համար ահաբեկիչները, որոնք պատրաստ էին գործողութիւններ կատարելու եւ պատրաստ էին Իրանի սահմաններուն, մեր երկրի ռազմակայաններուն եւ թերեւս մեր քաղաքացիներուն վրայ յարձակումներ գործելու»:
Ինչ կը վերաբերի շրջանի մէջ կարգ մը ահաբեկչական կեդրոններու դէմ Իրանի զինուորական քայլերուն, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսաւ. «Այդ քայլերը յստակ պատգամ էին առ որ անկ է: Իրան կը հոգայ իր ազգային անվտանգութեան ու իր քաղաքացիներու անվտանգութեան, միեւնոյն ժամանակ կը հաստատէ բարեկամական յարաբերութիւնները, համաձայնութիւններու եւ իր դրացիներու հետ փոխադարձ հասկացողութիւններու գործադրումը` երաշխաւորելու համար շրջանային անվտանգութիւնը, եւ կը ջանայ զարգացնել մերձակայ երկիրներուն հետ փոխադարձ յարաբերութիւնները»:
Միւս կողմէ, Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Փաքիստանի եւ Իրանի դեսպանները 26 յունուարին իրենց դիրքերուն պիտի վերադառնան, իսկ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան 29 յունուարին Փաքիստան պիտի այցելէ:


