Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Եմէնի մէջ հուսիներու Անսարուլլա շարժումը կը պահպանէ իր յարձակողական կարողութիւնը` շեշտելով, որ եթէ իրանեան աջակցութիւնը չըլլար, Կարմիր ծովուն մէջ «անոնց յարձակումները պիտի չտեսնէինք»:
Ան «Էն.Պի.Սի.»-ին յայտնած է. «Մենք Եմէնի մէջ պատերազմի մէջ չենք, եւ մեր քայլերուն նպատակը հուսիներուն սպառնալիքները դադրեցնելն է, եւ անոնք համահունչ են ՄԱԿ-ի կանոններուն»:
«Հուսիները տակաւին յարձակողական կարողութիւն ունին, սակայն պէտք է ճիշդ որոշումը տան, այլապէս մեր գործողութիւնները կը շարունակուին», նշած է Քըրպի:
յարձակողական կարողութիւն ունին, սակայն պէտք է ճիշդ որոշումը տան, այլապէս մեր գործողութիւնները կը շարունակուին», նշած է Քըրպի:


