Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Սկզբունքային Համաձայնութի՞ւն

January 25, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին. «Իսրայէլ եւ Համաս շարժումը մեծ մասամբ մէկ ամիս տեւողութեամբ զինադուլի ընթացքին իսրայէլացի գերիներու եւ պաղեստինցի բանտարկեալներու փոխանակում կատարելու շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցին»:

Աղբիւրները նշեցին, որ շրջագծային ծրագիրի ներկայացումը ուշացած է երկու կողմերուն միջեւ Կազայի մէջ պատերազմին մնայուն աւարտին հասնելու կերպին շուրջ տարակարծութիւններու պատճառով:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», վկայակոչելով եգիպտացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ Համաս շարժումը պատրաստ է Կազայի մէջ պատանդներու ազատ արձակման նոր համաձայնագիրի քննարկման սկսելու:

Նշեալ պաշտօնատարներուն համաձայն, Համաս պատրաստ է պատանդներէն մէկ քանին ազատ արձակելու զինուորական գործողութիւններու զգալի դադարի դիմաց:

Օրաթերթը կը նշէ, որ ատիկա «Համասի դիրքորոշման զգալի փոփոխութիւն կը նշանակէ»: Շարժումը շաբաթներ շարունակ կը պնդէր, որ պատանդներու վերաբերեալ բանակցութիւններ պիտի վարէ միայն իբրեւ մէկ մասը համապարփակ համաձայնագիրի, որ վերջ պիտի դնէ Կազայի մէջ պատերազմին:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը, սակայն, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնեց. «Համասի հետ զինադադարի շուրջ սկզբունքային համաձայնութեան վերաբերող լուրերը ճիշդ չեն»:

«Համասի հետ պատանդներու շուրջնոր գործարքի վերաբերեալ տարակարծութիւնները շատ մեծ են», նշեց ան` աւելցնելով. «Պատանդներու շուրջ բանակցութիւններուն մէջ մեծ վիհեր կան, եւ յառաջդիմութիւն չկայ»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց. «Պատերազմի խորհուրդն ու սեղմ նախարարաց խորհուրդը վաղը Համասի հետ գերիներու փոխանակման նոր գործարքի վերաբերեալ հաղորդակցութիւններու լոյսին տակ ժողով պիտի գումարեն»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռը երեքշաբթի գիշեր հաղորդած էր, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի դռնփակ նիստի ընթացքին յայտարարած է. «Կազայի մէջ պատերազմի երրորդ փուլը շուրջ 6 ամիս պիտի տեւէ»:

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ իր կարգին երեքշաբթի գիշեր յայտարարած էր. «Եթէ կ՛ուզես Համասին վերջ տալ, նախ եւ առաջ պէտք է գերիները դուրս բերել: Նախապէս Քնեսեթի մէջ եւ անձնապէս վարչապետին ըսած եմ, որ ամբողջական զօրակցութիւն կայ որեւէ համաձայնութեան, որքան ալ ցաւալի ըլլայ այդ, որքան ալ անոր գինը սուղ ըլլայ, եւ նոյնիսկ եթէ անոր գինը մարտական գործողութիւններու դադրեցումը ըլլայ»:

Լափիտ երէկ Քնեսեթի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ ալ ըսաւ. «Այս պետութիւնը այսօրուան չափ տխուր չէ եղած, եւ չեմ գիտեր ինչպէ՛ս այս վիճակին հասանք»: Ան նաեւ նշեց. «Ամէն օր յաւելեալ զինուորներ կը սպաննուին, եւ գերիներու վերադարձին նկատմամբ յոյսը կը նուազի»:

«Նախ եւ առաջ պէտք է գերիները ազատ արձակել, ետքը Համասը զսպել»` յայտնեց ան` նշելով. «Մեր անվտանգութիւնը միայն (Քասսամի փաղանգներու ղեկավար) Եահիա Սընուարը սպաննելով պիտի չիրագործուի, եւ պահեստի զինուորները մեզի կը հարցնեն` ո՞ր պետութեան համար կը կռուինք»:

«Իսրայէլը ինչպէ՞ս մեծ տէրութենէ ամենագնաց ինքնաշարժներով սահմանէն ներս ներթափանցող կազմակերպութեամբ շրջապատուած պետութեան վերածուեցաւ», հարց տուաւ Լափիտ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին Քնեսեթին յայտնեց. «Մեր գոյութեան երաշխաւորման վերաբերեալ որեւէ փոխզիջում պիտի չըլլայ»` աւելցնելով, որ Կազայի մէջ պատերազմը պէտք է աւարտի Համասի ոչնչացումով:

«Ես միջազգային ղեկավարներուն ըսած եմ, որ եթէ Իսրայէլը Աստուած չընէ պարտուի, յաջորդը դուք պիտի ըլլաք: Այդ վտանգը դուք ձեր կարծածէն շատ աւելի արագօրէն պիտի զգաք: Մեր պատերազմը նաեւ ձեր պատերազմն է, մեր յաղթանակը նաեւ ձեր յաղթանակն է», ըսաւ Նեթանիահու:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Մեծագոյն առաջնահերթութիւնը Կազայի մէջ պատերազմին կարելի եղածին չափ շուտ վերջ տալն է եւ տագնապին վերահսկողութենէ դուրս գալը կանխարգիլելը»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին պահանջած է անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել Կազայի մէջ գտնուող բոլոր պատանդները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Ես անգամ մը եւս կը պահանջեմ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել բոլոր պատանդները: Միեւնոյն ժամանակ, անոնց հետ պէտք է մարդկայնօրէն վերաբերիլ, իսկ Կարմիր խաչին պէտք է արտօնել անոնց այցելել եւ օգնել», ըսած է Կութիերես:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են. «Իսրայէլ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու համար Կազայի մէջ սահմանին մօտ կ՛ուզէ շէնքեր քանդել»:

«Իսրայէլ կ՛ուզէ Կազայի սահմանին երկայնքին մէկ քիլոմեթր խորութեամբ մեկուսացման տարածք ստեղծել», նշած են պաշտօնատարները:

Թուրքիա Կ՛առաջարկէ Աջակցիլ
Երաշխիքներու Ստեղծման Իր Կոչին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Միջին Արեւելքի կացութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բաց բանավէճի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան Իսրայէլին եւ անոր կողմնակիցներուն կոչ կ՛ուղղէ` Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական լուծման հասնելու:

«Իսրայէլ լուրջ զինուորական յանցագործութիւններ կը կատարէ Կազայի մէջ, մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին, որպէսզի վերականգնուի միջազգային օրէնքին նկատմամբ վստահութիւնը: Մտահոգուած ենք այն տեղեկութիւններով, որ Կազայի մէջ իսրայէլեան զինուորական յանցագործութիւնները կրնան համարժէք ըլլալ ցեղասպանութեան: Յամառօրէն Իսրայէլին ու անոր կողմնակիցներուն կոչ կ՛ուղղեմ քաղաքական լուծման հասնելու, քանի տակաւին նման կարելիութիւն ունինք»:

Ֆիտանի համաձայն, «Թուրքիան կ՛առաջարկէ աջակցիլ երաշխիքներու մեքանիզմի ստեղծման Անգարայի կոչին` իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ խաղաղութեան դիտարկման ապահովման համար»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հաւանութիւն Տուած Է Շուէտի ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.