Չինաստանն ու Ազրպէյճանը կը ծրագրեն ընդլայնել առեւտրական համագործակցութիւնը, անոնք կը նախատեսեն տարբեր ոլորտներու մէջ շարք մը նախագիծեր իրականացնել: Այս մասին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու փոխանցումով, լրագրողներուն ըսած է Ազրպէյճանի մէջ Չինաստանի դեսպան Կու Մին:
Անոր համաձայն, երկկողմանի համագործակցութիւնը առեւտուրի եւ այլ ոլորտներու մէջ ա՛լ աւելի պիտի ընդլայնուի: Մին ընդգծած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ «Մետաքսի ճամբուն» դերը:


