Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Երէկ Պատերազմի Ծագումէն Ի Վեր Ամէնէն Դժուար Օրերէն Մէկն Էր, Եւ Բանակը Սկսաւ Աղէտը Հետաքննել»

January 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունեսի մէջ բախումներուն ընթացքին 21 իսրայէլացի սպաներ եւ զինուորներ սպաննուած են:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կիրակի օր հաղորդած էին, որ շուրջ 20 սպաներ եւ զինուորներ սպաննուած կամ վիրաւորուած են, երբ Խան Եունեսի մէջ ականուած երկու շէնքեր պայթեցուած են եւ երրորդ մը իսրայէլեան ուժերուն վրայ փուլ եկած է:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը անցեալ ամիս նշած էր. «Հաւանական է, որ Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունես քաղաքը Իսրայէլին աւելի սուղ գին վճարել տայ, քան այն, ինչ որ վճարած էր հիւսիսի մէջ»: Օրաթերթը կոչ ուղղած էր «զինուորական գործողութենէն ակնկալութիւնները նուազեցնելու»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Երէկ պատերազմի ծագումէն ի վեր ամէնէն դժուար օրերէն մէկը ապրեցանք, եւ բանակը սկսաւ աղէտին շուրջ հետաքննութիւն կատարել»:

«Մեր առաւելագոյն ջանքերը կը թափենք պաշտպանելու մեր զինուորներուն կեանքերը, եւ պիտի չդադրինք կռուելէ, մինչեւ բացարձակ յաղթանակի իրագործումը», աւելցուց ան:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Ֆրանսայի հետ գործակցաբար Կազա հասցուցինք շուրջ 11 թոն բժշկական օժանդակութիւններ, ներառեալ իսրայէլացի պատանդներուն համար դեղեր»:

«Կազայի մէջ միջնորդութեան ջանքերը կը շարունակուին, եւ հրապարակուած շատ մը տեղեկութիւններ անճիշդ են», նշեց նախարարութիւնը:

«Բազմաթիւ անգամներ ընդգծեցինք, որ Իրանի հետ տարակարծութիւններու լուծման լաւագոյն ուղին երկխօսութիւնն է, եւ Քաթարը կը կարծէր եւ կը շարունակէ կարծել, որ շրջանին մէջ լարուածութեան վերջ տալը կապուած է Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալուն», յայտնեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` շեշտելով. «Պէտք է իսկական մղում մը ըլլայ խաղաղութեան հոլովոյթի մը ուղղութեամբ, որուն առանցքը պաղեստինեան դատը ըլլայ»:

«Կազայի մէջ արձանագրուող մագլցումը կ՛ազդէ ճգնաժամին վերջ տալու միջնորդութեան ջանքերուն վրայ, եւ մենք կը զօրակցինք Կարմիր ծովուն մէջ մագլցումը նուազեցնելու ձգտող բոլոր շրջանային ջանքերուն», աւելցուց Տոհա:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի յայտնեց, որ «Իսլամական երկիրներու մէջ կարգ մը պաշտօնատարներու կեցուածքներն ու յայտարարութիւնները սխալ են, որովհետեւ կը խօսին Կազայի մէջ զինադադարի նման հարցի մը մասին, որ իրենց կամքէն անկախ է եւ սիոնական չար թշնամիի ձեռքն է: Իսլամական երկիրներու պատասխանատուները պէտք է աշխատանք տանին հարցերու նկատմամբ, որոնք իրենց ձեռքն են»` աւելցնելով, որ այդ հարցը «սիոնական գոյացութեան բազկերակները կտրելն է, եւ անոնք պէտք է կտրեն այդ գոյացութեան հետ իրենց քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնները, եւ ոչ թէ անոր օգնեն»:

«Կազայի բնակիչներուն յաղթանակը հաստատ է, եւ Աստուած մօտիկ ապագային այդ յաղթանակը ցոյց պիտի տայ իսլամներուն, եւ իսլամներուն սրտերը, մասնաւորաբար Պաղեստինի եւ Կազայի բնակիչներուն սրտերը պիտի ուրախանան», նշեց Խամենէի:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց հերքեց այն տեղեկութիւնը, թէ առաջարկած է Միջերկրական ծովուն մէջ արհեստական կղզի ստեղծել` այնտեղ պաղեստինցիները վերաբնակեցնելու համար: Այս մասին հաղորդեց «Արապիա»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ դիւանագէտը երբեք նման բան չէ ըսած, եւ որ նման ծրագիր չկայ:

Ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի նկատմամբ համաշխարհային զօրակցութիւնը 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր շարունակ կը նահանջէ:

Ըստ հետազօտութեան «Մոռնինկ Քոնսալթ» ընկերութեան հաղորդած տուեալներուն, 43 երկիրներէ 42-ին մէջ նախապէս Իսրայէլին տրամադրուած զօրակցութիւնը նահանջած է: Հարցախոյզը հոկտեմբեր-նոյեմբեր 2023 ժամանակաշրջանի ընթացքին կատարուած է 6 ցամաքամասերէ 43 երկիրներու մէջ:

Նախորդը

Հուսիներ. «Ամերիկա-Բրիտանական Յարձակումները Անպատասխան Պիտի Չմնան»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն  Վրայ Յարձակումներ
Միջազգային

Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն Վրայ Յարձակումներ

October 9, 2026
ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող  Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»
Միջազգային

ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.