Միջազգային

Կիպրոսի Նախագահը Ընդունած Է, Իսկ Թուրք  Կիպրացիներու Ղեկավարը Մերժած Կութիերեսի  Եռակողմ Հանդիպումի Առաջարկը

Կիպրոսի Նախագահը Ընդունած Է, Իսկ Թուրք Կիպրացիներու Ղեկավարը Մերժած Կութիերեսի Եռակողմ Հանդիպումի Առաջարկը

Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը դրական արձագանգած է եռակողմ հանդիպումի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի առաջարկին, իսկ կղզիի թուրքերու ղեկավարը յայտարարած է, որ ատոր համար հիմնաւորումներ չի տեսներ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ինչպէս կը փոխանցէ «Քըպրըս» օրաթերթը, բռնագրաւուած հիւսիսի ղեկավար Էրսին Թաթարը` ի պատասխան եռակողմ հանդիպումի հարցումին, պնդած է, որ Կիպրոսի հարցով բանակցութիւններու վերսկսման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ` առանց թրքական կողմի գերիշխան իրաւահաւասարութեան եւ...

Փեսքով. «Ռուսիան Բաց Է Ուքրանիոյ Հետ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Դիւանագիտական  Ուղիի Համար, Սակայն  Այս Պահուս Ուքրանիոյ Կողմէ Նման  Փոխադարձութիւն Չկայ»

Փեսքով. «Ռուսիան Բաց Է Ուքրանիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Դիւանագիտական Ուղիի Համար, Սակայն Այս Պահուս Ուքրանիոյ Կողմէ Նման Փոխադարձութիւն Չկայ»

Ռուսիան բարձր կը գնահատէ ուքրանական ճգնաժամի խաղաղ լուծման ուղղուած Ինտոնեզիոյ ջանքերը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Ինտոնեզիոյ նորընտիր նախագահ եւ երկրի պաշտպանութեան նախարար Փրապովօ Սուպիանթոն, որուն հետ չորեքշաբթի բանակցութիւններ վարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, մէկ տարի առաջ առաջարկած է Ուքրանիոյ մէջ տագնապի խաղաղ լուծման ծրագիր: «Մենք բարձր կը գնահատենք մեր ինտոնեզիացի գործընկերներուն այս ջանքերը»,...

Ըստ «Թայմզ Աֆ Իզրայէլ»-ի.  Իսրայէլ Կրնայ Կանխարգելիչ Հարուած Հասցնել  Իրանին, Եթէ Յստակ Տեղեկութիւն Ունենայ,  Թէ Անոր Յարձակումը Անխուսափելի Է

Ըստ «Թայմզ Աֆ Իզրայէլ»-ի. Իսրայէլ Կրնայ Կանխարգելիչ Հարուած Հասցնել Իրանին, Եթէ Յստակ Տեղեկութիւն Ունենայ, Թէ Անոր Յարձակումը Անխուսափելի Է

Իսրայէլ կրնայ Իրանը զսպելու համար կանխարգելիչ հարուած հասցնել, եթէ ունենայ յստակ ապացոյցներ, թէ Թեհրան յարձակումի կը պատրաստուի: «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը կը գրէ, որ այս մասին կիրակի օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հրաւէրով ապահովական մարմիններու ղեկավարներու ժողովէն ետք կը հաղորդեն իսրայէլեան լրատուամիջոցները: Հանդիպումը, որուն մասնակցած են Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւին, Մոսատի ղեկավար Տէյվիտ...

Աղբիւրներ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 13-րդ Կայանին.  Նեթանիահու Կ՛աւելցնէ Նոր Պայմաններ, Որոնք Կրնան Գերիներու Փոխանակման Գործարքի Կնքման Կարելիութիւնը Խոչընդոտել

Աղբիւրներ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 13-րդ Կայանին. Նեթանիահու Կ՛աւելցնէ Նոր Պայմաններ, Որոնք Կրնան Գերիներու Փոխանակման Գործարքի Կնքման Կարելիութիւնը Խոչընդոտել

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կ՛աւելցնէ նոր պայմաններ, որոնք կրնան պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ գերիներու փոխանակման գործարք կնքելու կարելիութիւնը խոչընդոտել: Այս մասին իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնած են իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին: Աղբիւրները նշած են, որ բանակցութիւններուն մասնակից իսրայէլեան պատուիրակութեան մէջ Նեթանիահուի հասցէին սուր քննադատութիւններ գոյութիւն ունին, ինչպէս նաեւ նախատեսութիւններ, թէ իսրայէլեան բանակի ներկայացուցիչ Նիցան Ալոնը կրնայ հրաժարիլ: «Նեթանիահուի գրասենեակը սկսաւ բանակցող խմբակին...

Քենաանի. «Դիմադրութիւնը Ձեռնածալ Պիտի Չմնայ, Եթէ Սիոնական Գոյացութիւնը Լիբանանի Մէջ Որեւէ Արկածախնդրութեան Դիմէ»

Քենաանի. «Չենք Կրնար Ձեռնածալ Մնալ, Եւ Պիտի Պաշտպանենք Մեր, Մեր Բարեկամներուն Ու Շրջանին Անվտանգութիւնը»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ, եւ պիտի պաշտպանենք մեր, մեր բարեկամներուն ու շրջանի անվտանգութիւնը»: «Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկումը կ՛ոտնահարէ միջազգային օրէնքները, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է յարձակումին հեղինակը հաշուետուութեան ենթարկէ», ըսաւ Քենաանի: «Պէտք եղած իրաւական ու քաղաքական քայլերը որդեգրեցինք, եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն կեցուածք կը սպասենք: Թեհրանը իրաւունք ունի...

Զելենսքի. «Եթէ Թրամփ Ընտրութեան Մէջ Յաղթէ,  Մենք Չենք Գիտեր, Թէ Մեր Երկխօսութիւնը  Ինչպիսի՛ն Պիտի Ըլլայ»

Զելենսքի. «Եթէ Թրամփ Ընտրութեան Մէջ Յաղթէ, Մենք Չենք Գիտեր, Թէ Մեր Երկխօսութիւնը Ինչպիսի՛ն Պիտի Ըլլայ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը եւ անոնց հաւանական արդիւնքը Ուքրանիոյ համար մարտահրաւէր եւ ռիսքեր կը ներկայացնեն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Միացեալ Նահանգներու ներկայ իրավիճակը մարտահրաւէր է: Կան ռիսքեր, որոնք կարելի չէ կանխատեսել: Եթէ Տանըլտ Թրամփը յաղթէ, մենք չենք գիտեր, թէ մեր երկխօսութիւնը ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ: Նախապէս անիկա բաւական խելամիտ էր, սակայն հիմա...

Զարիֆ Իրանի Փոխնախագահ

Զարիֆ Իրանի Փոխնախագահ

Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը նախկին արտաքին գործոց նախարար (2013-2021), 2015 թուականին մեծ տէրութիւններուն հետ հիւլէական համաձայնագիրի գլխաւոր բանակցող Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆը նշանակած է ռազմավարական հարցերով փոխնախագահ: «Ձեզի յանձնարարուած է վերահսկել ազգային եւ միջազգային մեծ զարգացումները, ինչպէս նաեւ` թէ որքանո՛վ կը յաջողինք հասնիլ սահմանադրութեան նպատակներուն», ըստ պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան, նշանակման նամակին մէջ նշած է Փեզեշքիան:

Պայտըն. «Հանիէի Սպանութիւնը Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան Գոյացման Չի Նպաստեր»

Պայտըն. «Հանիէի Սպանութիւնը Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան Գոյացման Չի Նպաստեր»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ ուղղակի կապ հաստատած է: Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի կացութեան` ան ըսաւ. «Խոր մտահոգութիւն կը զգամ կացութեան նկատմամբ»: «Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի սպանութիւնը (Կազայի մէջ) զինադադարի հաստատման համաձայնութեան գոյացման չի նպաստեր»: Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Պայտըն Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Իսրայէլը հրթիռներէ եւ անօդաչու...

Անգարայի Օդակայանին Մէջ Ռուսիոյ  Եւ Արեւմուտքի Միջեւ  Կալանաւորներու Փոխանակում

Անգարայի Օդակայանին Մէջ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Կալանաւորներու Փոխանակում

Անգարայի միջազգային օդակայանին մէջ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ կալանաւորներու մեծածաւալ փոխանակում տեղի ունեցած է: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին: Աղբիւրին համաձայն, ընդհանուր առմամբ 26 մարդ փոխանակուած է: Ասիկա իր տեսակին մէջ Պաղ պատերազմի աւարտէն ի վեր մեծագոյն փոխանակումն է: Ըստ թրքական կողմին, Ռուսիա պիտի վերադառնայ 2019 թուականին Պերլինի մէջ նախկին չեչեն մարտական հրամանատար Զելիմխան...

Թուրքիան Արգելակած Է ՕԹԱՆ-Իսրայէլ Համագործակցութիւնը

Թուրքիան Արգելակած Է ՕԹԱՆ-Իսրայէլ Համագործակցութիւնը

Թուրքիան արգելակած է ՕԹԱՆ-Իսրայէլ համագործակցութիւնը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած են դաշինքի աղբիւրները` նշելով, որ Անգարան այդ քայլին դիմած է նախորդ տարուան հոկտեմբերին Կազայի մէջ սկիզբ առած պատերազմէն ետք: «Թրքական կողմը պնդած է, որ Իսրայէլի հետ համագործակցութիւնը պէտք է սառեցուած մնայ, այնքան ատեն որ Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնները տակաւին կը շարունակուին», կը հաղորդէ լրատու գործակալութիւնը: Իսրայէլ...

Ըստ «Ժարիտա»-ի.  Խամենէի Անտեսած Է Պայտընի Զգուշացումն Ու Առաջարկը

Ըստ «Ժարիտա»-ի. Խամենէի Անտեսած Է Պայտընի Զգուշացումն Ու Առաջարկը

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած է, թէ Իրանի նորընտիր նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն ստացած է զգուշացման նամակ մը, որուն մէջ վերջինս վերահաստատած է Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ իր երկրին յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները պիտի պաշտպանեն Իսրայէլը, եթէ Իրանն ու անոր դաշնակիցները փորձեն անոր վրայ յարձակում գործել: Աղբիւրը ըսած...

Քանի. «Իրան Պիտի Օգտագործէ Սիոնական  Ոճրագործները Վճռական Ու Ազդու Կերպով  Պատժելու Իր Օրինական Իրաւունքը»

Քանի. «Իրան Պիտի Օգտագործէ Սիոնական Ոճրագործները Վճռական Ու Ազդու Կերպով Պատժելու Իր Օրինական Իրաւունքը»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանի Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Աթթաֆի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկեց Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման հետեւանքները` շնորհակալութիւն յայտնելով Ալճերիոյ խորհրդարանի նախագահին Իրանի նախագահի երդման արարողութեան մասնակցութեան համար: «Սիոնական գոյացութիւնը Հանիէն Իրանի հողերուն վրայ ահաբեկելով անցաւ Իրանի կարմիր գիծը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անկասկած, Իրան պիտի օգտագործէ իր օրինական ու իսկական...

Էրտողան. «Հանիէի Ահաբեկումն Ու Լիբանանի Վրայ Յարձակումը Ցոյց Տուին, Որ Իսրայէլ Շրջանին Սպառնալիք Կը Ներկայացնէ»

Էրտողան. «Հանիէի Ահաբեկումն Ու Լիբանանի Վրայ Յարձակումը Ցոյց Տուին, Որ Իսրայէլ Շրջանին Սպառնալիք Կը Ներկայացնէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ֆրանչիսկոս պապին հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է. «Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին կրօնական արժէքներու դէմ մարտահրաւէրն ու շեղումներու ջատագովումը բարոյական անկումի ահազանգ կը հնչեցնէ»: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Ժամանակը ուշ ըլլալէն առաջ պէտք է իբրեւ մարդկային դաշինք գործել, որպէսզի Պաղեստինի մէջ իսլամներն ու քրիստոնեաները խաղաղութիւն վայելեն», շեշտած է Էրտողան: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ...

Ապպաս 14-15 Օգոստոսին Պիտի Այցելէ Թուրքիա

Ապպաս 14-15 Օգոստոսին Պիտի Այցելէ Թուրքիա

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք պիտի արտասանէ: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ: «15 օգոստոսին խորհրդարանի նիստի կը հրաւիրեմ` մեր վճռական աջակցութիւնը արտայայտելու Պաղեստինի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ապահովելու, որ Պաղեստինի ճնշուած ժողովուրդի ձայնը լսուի ամբողջ աշխարհի վրայ: Նիստի ընթացքին խօսք պիտի արտասանէ Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպասը», յայտնած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը: Նախքան այդ,...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Անդրադարձած Է Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութեան

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Կը Դադրեցնեն Վրաստանին Օգնութիւնը»

Միացեալ Նահանգներ կը դադրեցնեն 95 միլիոն տոլար կազմող օգնութիւնը Վրաստանի կառավարութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, որ հակաժողովրդավարական գործողութիւնները եւ «վրացական իշխանութիւններու կեղծ յայտարարութիւնները անհամատեղելի են Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան արժեչափերուն»: Պլինքըն միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուցած է, որ հակառակ այն իրողութեան,...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Ընդունած Է Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Եռափուլ Բանաձեւ Մը

ՄԱԿ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի Մէջ «Հրթիռներու Ճամբով Հաղորդակցութիւնները» Դադրեցնելու

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ռոզմարի Տիքարլօ յայտարարեց, որ անցնող քանի մը օրուան ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած տարբեր յարձակումները «վտանգաւոր մագլցում» կը ներկայացնեն եւ կոչ ուղղեց «հրթիռներու, անօդաչու թռչող սարքերու եւ այլ մահաբեր յարձակումներու ճամբով հաղորդակցութիւնները դադրեցնելու»: Ան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին Միջին Արեւելքի կացութեան, ներառեալ Պաղեստինեան հարցին վերաբերեալ քննարկումի ընթացքին ներկայացուցած զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ Պէյրութի մէջ իսրայէլեան յարձակումին,...

Օսթին. «Ուաշինկթըն Չի Նախատեսեր, Որ Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Իր Ուժերուն Վրայ Յարձակումները Աւելնան»

Օսթին. «Ուաշինկթըն Չի Նախատեսեր, Որ Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Իր Ուժերուն Վրայ Յարձակումները Աւելնան»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնեց, որ հակառակ Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան մագլցումին, ներկայիս չի նախատեսեր, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներուն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ծառայող ամերիկեան ուժերուն վրայ յարձակումները աւելնան, ինչպէս նախապէս պատահած էր: Օսթին Ֆիլիփինէն մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնեց. «Անկեղծօրէն քանի մը ամիս առաջ մեր գտնուած կացութեան վերադարձ չեմ տեսներ, ոչ տակաւին»: «Մեր ուժերուն անվտանգութիւնն ու...

Պլինքըն Միջին Արեւելքի Մէջ Բոլոր Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ Մագլցողական Քայլերը Դադրեցնելու

Պլինքըն Միջին Արեւելքի Մէջ Բոլոր Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ Մագլցողական Քայլերը Դադրեցնելու

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց մագլցողական քայլերը դադրեցնելու եւ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնելու: Ան Մոնկոլիոյ մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Խաղաղութեան հաստատումը կը սկսի զինադադարով, եւ ատիկա իրագործելու համար նախ եւ առաջ բոլոր կողմերը պէտք է իրարու հետ խօսին եւ դադրին մագլցողական քայլերու դիմելէ»: Պլինքըն «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ ալ զրոյցի...

Լափիտ. «Նեթանիահուի Կառավարութիւնը  Մեզի Պատերազմ Ու Այլ Պատերազմ Կը Բերէ»

Լափիտ. «Նեթանիահուի Կառավարութիւնը Մեզի Պատերազմ Ու Այլ Պատերազմ Կը Բերէ»

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ նշեց. «Աղէտէն անցած է 300 օր: 300 օր է առեւանգեալները գետնին տակն են, եւ այն, ինչ որ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը մեզի կը բերէ, պատերազմ, այլ պատերազմ եւ յաւիտեանս պատերազմ է, որ տարիներ պիտի շարունակուի մինչեւ պարտութեան մատնենք ոչ միայն զանոնք, այլ` նաեւ մենք մեզ»: «Այսօր մեր պարտաւորութիւնն է յիշել, որ այլընտրանքը կարելի է, կրնան առեւանգեալներու...

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Խամենէի Հրամայած Է Ուղղակի Հարուած  Հասցնել Իսրայէլին

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Խամենէի Հրամայած Է Ուղղակի Հարուած Հասցնել Իսրայէլին

Իրանցի լաւատեղեակ երեք պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին հրամայած է Իսրայէլին ուղղակի հարուած հասցնել` հակադարձելով Թեհրանի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման: Խամենէի այդ հրամանը արձակած է Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի ժողովի ընթացքին: Իրանցի պաշտօնատարները ըսած են, որ ղեկավարները կը քննարկեն անօդաչու թռչող սարքերով ու...

Page 142 of 882 1 … 141 142 143 … 882

Արխիւներ