Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանի Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Աթթաֆի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկեց Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման հետեւանքները` շնորհակալութիւն յայտնելով Ալճերիոյ խորհրդարանի նախագահին Իրանի նախագահի երդման արարողութեան մասնակցութեան համար:
«Սիոնական գոյացութիւնը Հանիէն Իրանի հողերուն վրայ ահաբեկելով անցաւ Իրանի կարմիր գիծը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անկասկած, Իրան պիտի օգտագործէ իր օրինական ու իսկական իրաւունքը` վճռական ու ազդու կերպով պատժելու սիոնական ոճրագործները»:
Քանի գովեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի Հանիէի սպանութեան հարցի քննարկման համար արտակարգ նիստ գումարելուն աջակցելու Ալճերիոյ ջանքերը:
«Պէտք է Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտակարգ նիստ գումարել` սիոնական այս ոճրային արարքը քննարկելու եւ այդ առնչութեամբ որոշում տալու համար», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը: