Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Պիտի Չմասնակցին Նակազաքիի Վրայ Հիւլէական Ռումբով Հարուածի Ոգեկոչման` Իսրայէլի Չհրաւիրուելուն Պատճառով
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ արեւմուտքցի դեսպաններ պոյքոթի կ՛ենթարկեն Ճափոնի Նակազաքի քաղաքին վրայ հիւլէական ռումբով հարուածի զոհերու ոգեկոչման տարեկան արարողութիւնը` Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին լոյսին տակ Իսրայէլի դեսպանը արարողութեան չհրաւիրուելու պատճառով: Ճափոնի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, որ դեսպան Ռամ Էմանուել ներկայ պիտի չգտնուի Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին 9 օգոստոսին հիւլէական ռումբով ամերիկեան յարձակումին զոհերու ոգեկոչման արարողութեան` քաղաքի իշխանութիւններուն...




















