Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Կը Դադրեցնեն Վրաստանին Օգնութիւնը»

August 3, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կը դադրեցնեն 95 միլիոն տոլար կազմող օգնութիւնը Վրաստանի կառավարութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, որ հակաժողովրդավարական գործողութիւնները եւ «վրացական իշխանութիւններու կեղծ յայտարարութիւնները անհամատեղելի են Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան արժեչափերուն»:

Պլինքըն միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուցած է, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Ուաշինկթըն օգնութիւնը կը դադրեցնէ Վրաստանի կառավարութեան այդ քայլերու պատճառով, սակայն Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն օգնութիւն տրամադրել այն ծրագիրներուն եւ քայլերուն, որոնք օգուտ կը բերեն վրացի ժողովուրդին, անկախ լրատուամիջոցներու եւ տնտեսական զարգացման:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ երկու պետութիւններուն միջեւ 32 տարուան գործընկերութեան ընթացքին ամերիկացի ժողովուրդը աւելի քան 6,2 միլիառ տոլարի օգնութիւն տրամադրած է Վրաստանին` «օգնելու զարգացնել եւ ամրապնդել տնտեսութիւնը եւ ժողովրդավարական հաստատութիւնները»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայըն մայիսի կէսերուն Թիֆլիսի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր, որ Ուաշինկթըն կրնայ անձնական պատժամիջոցներ կիրարկել Վրաստանի ղեկավարութեան դէմ, եթէ օտարերկրեայ գործակալներու մասին որդեգրուած օրէնքը չհամապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն:

Օ՛Պրայըն աւելցուցած էր, որ ամերիկեան կողմը նոյնպէս կրնայ դադրեցնել ֆինանսական օգնութիւնը:

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Այսօր` Շիյահ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Յաջորդը

Ապպաս 14-15 Օգոստոսին Պիտի Այցելէ Թուրքիա

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.