Միջազգային

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Վերջին Օրերուն  Ջախջախիչ Հարուածներ Հասցուցած Է Թշնամիներուն»

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Վերջին Օրերուն Ջախջախիչ Հարուածներ Հասցուցած Է Թշնամիներուն»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պատկերասփռուած յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ «ջախջախիչ հարուածներ» հասցուցած է իր թշնամիներուն: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.»-ը: «Չարի առանցքի երեք ճիւղերն են Համասը, հուսիները եւ Հըզպալլան: Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին մենք ջախջախիչ հարուածներ հասցուցած ենք անոնցմէ իւրաքանչիւրին, եւ անոնց հետ հաշիւ մաքրած ենք: Մենք հաշիւ պիտի մաքրենք ոեւէ մէկուն հետ, որ պիտի վնասէ մեզի, պիտի սպաննէ...

Իսրայէլ Թեհրանի Մէջ Սպաննեց Հանիէն, Իրան Կը Սպառնայ

Իսրայէլ Թեհրանի Մէջ Սպաննեց Հանիէն, Իրան Կը Սպառնայ

Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն եւ անոր թիկնապահներէն մէկը մահացան, երբ Թեհրանի մէջ անոնց նստավայրը հրթիռային յարձակումի ենթարկուեցաւ: Հանիէ մէկ օր առաջ Իրանի մայրաքաղաքին մէջ մասնակցած էր Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի երդման արարողութեան: Համաս յարձակումը որակեց «դաւաճանական» եւ յայտարարեց, որ ատոր պատճառը «սիոնական նենգ յարձակումն է»: Պաղեստինեան շարժումը յայտարարեց, որ Հանիէի պաշտօնական յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի պիտի...

Փեզեշքիանի Երդման Արարողութիւնը` Իրանի Խորհրդարանին Մէջ

Փեզեշքիանի Երդման Արարողութիւնը` Իրանի Խորհրդարանին Մէջ

Երէկ Իրանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի երդման արարողութիւնը, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ան յայտարարեց. «Աշխատանք պիտի տանիմ շրջանային յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ աշխարհի հետ գործակցելու ողջմտութեան ու հասարակաց շահերու հիմամբ»: «Մեր կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն մը, որ ժողովուրդի բոլոր տարրերը կը ներկայացնէ, եւ պիտի աշխատինք Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Խամենէիի հայեցակարգին հիմամբ»,...

Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը ՕԹԱՆ-էն Կը Պահանջէ Թուրքիան Վտարել Դաշինքէն

Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը ՕԹԱՆ-էն Կը Պահանջէ Թուրքիան Վտարել Դաշինքէն

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց ՕԹԱՆ-ին կոչ ուղղեց Թուրքիան դաշինքէն վտարելու` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան համար, որ Թուրքիան կրնայ Իսրայէլ մուտք գործել, ճիշդ ինչպէս Արցախ եւ Լիպիա մուտք գործած էր: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Իսրայէլ ներխուժելու սպառնալիքներուն եւ անոր վտանգաւոր հռետորաբանութեան լոյսին տակ, արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց դիւանագէտներուն ցուցմունք...

Կալանթ. «Նեթանիահուի Պահանջները Զինադադարի  Հաստատման Համաձայնութեան Հասնելու  Առիթի Կորուստին Պիտի Յանգեցնեն»

Կալանթ. «Նեթանիահուի Պահանջները Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Հասնելու Առիթի Կորուստին Պիտի Յանգեցնեն»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ամբաստանեց Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան մէջ իր նոր պահանջներուն ներառումը պահանջելով «համաձայնութեան հասնելու առիթը կորսնցնելու» յանցանքով: Ան այս մասին յայտնած է կիրակի օր «Հըզպալլային հակադարձելու բնոյթի» քննարկման յատկացուած նախարարաց քաղաքական եւ ապահովական սեղմ խորհուրդի նիստի ընթացքին: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը յայտնեց, որ Կալանթ ժողովի ընթացքին ըսած է....

Լափիտ. «Դիմակաւոր Միլիսներու Ռազմակայան  Ներխուժումէն Ետք Նեթանիահուն Բացակայ Է,  Իսկ Անոր Կառավարութեան Մէջ Նախարարներ  Մեղսակից Են Յեղաշրջման Փորձին»

Լափիտ. «Դիմակաւոր Միլիսներու Ռազմակայան Ներխուժումէն Ետք Նեթանիահուն Բացակայ Է, Իսկ Անոր Կառավարութեան Մէջ Նախարարներ Մեղսակից Են Յեղաշրջման Փորձին»

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ դիմակաւոր միլիսներու ռազմակայան ներխուժումէն ետք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բացակայ է, իսկ անոր կառավարութեան մաս կազմող նախարարներ եւ երեսփոխաններ մեղսակից են յեղաշրջման փորձին: Լափիտ շեշտեց, որ «Սետի Թիման» ներխուժումը նենգ ու վտանգաւոր ոճիր է Քնեսեթի անդամներու կողմէ, որոնք իսրայէլեան բանակը կը տկարացնեն եւ զայն կը քայքայեն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի պետութիւնը կը տկարացնեն ու...

Էրտողան. «Կրնանք Իսրայէլ Մուտք Գործել,  Ճիշդ Ինչպէս Ղարաբաղ Եւ Լիպիա Մուտք Գործեցինք»

Էրտողան. «Կրնանք Իսրայէլ Մուտք Գործել, Ճիշդ Ինչպէս Ղարաբաղ Եւ Լիպիա Մուտք Գործեցինք»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Անգարա կրնայ Իսրայէլ մուտք գործել ճիշդ ինչպէս Արցախ եւ Լիպիա մուտք գործեց, եւ ոչինչ անոր կ՛արգիլէ: «Պէտք է շատ հզօր ըլլանք, որպէսզի Իսրայէլը չկարենայ բռնագրաւեալ Պաղեստինին այս բաները ընել: Ճիշդ ինչպէս Ղարաբաղ մուտք գործեցինք, ճիշդ ինչպէս Լիպիա մուտք գործեցինք, կրնանք նոյնը անոնց ընել: Չկայ բան մը, որ չենք կրնար ընել: Միայն պէտք է...

«Ռուսիոյ Անձնատուութիւն Պիտի Չըլլայ»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիոյ Անձնատուութիւն Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ուքրանիոյ հարցին մէջ Արեւմուտքի երկիրներու ընթացիկ կեցուածքն է Ռուսիոյ դիրքորոշման անտեսումը եւ Ռուսիոյ անձնատուութիւնը ակնկալելը, սակայն ատիկա տեղի պիտի չունենայ: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը: «Ամէն ինչ կ՛անտեսեն եւ կը շարունակեն կոչ ուղղել` կառուցողական մօտեցում ցուցաբերելու: Եւ, ըստ էութեան, անոնց ըմբռնումով, ատիկա հիմա կը նշանակէ անձնատուութիւն: Նման բան պիտի չըլլայ, յատուկ...

Վենեզուելայի Իշխանութիւններն  Ու Ընդդիմութիւնը  Նախագահական Ընտրութեան Մէջ Իրենց  Յաղթանակը Կը Յայտարարեն

Վենեզուելայի Իշխանութիւններն Ու Ընդդիմութիւնը Նախագահական Ընտրութեան Մէջ Իրենց Յաղթանակը Կը Յայտարարեն

Վենեզուելայի ընդդիմութիւնը յայտարարեց, թէ իր թեկնածուն` Էտմոնտօ Կոնծալես երկրի նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով քուէներուն 70 առ հարիւրը` մերժելով Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ գործող նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի իրերայաջորդ 3-րդ նստաշրջանի համար նախագահ ընտրուած ըլլալու յայտարարութիւնը: Ընդդիմութեան ղեկավար Մարիա Քորինա Մաչատօ յայտնեց. «Վենեզուելան ընտրուած նոր նախագահ ունի, ան Էտմոնտօ Կոնծալեսն է»: Վենեզուելայի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարած էր, որ Մատուրօ...

Ազրպէյճանն Ու ՀԱՊԿ-ի Անդամ Ղազախստանը  Կը Ծրագրեն Զինուորական Հետախուզական  Տեղեկութիւններու Փոխանակում Կատարել

Ազրպէյճանն Ու ՀԱՊԿ-ի Անդամ Ղազախստանը Կը Ծրագրեն Զինուորական Հետախուզական Տեղեկութիւններու Փոխանակում Կատարել

Ազրպէյճանն ու ՀԱՊԿ-ի անդամ Ղազախստանը կը ծրագրեն փոխանակել զինուորական հետախուզական տեղեկութիւններ, որոնք պիտի վերաբերին ահաբեկչական եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն: Այս մասին հաղորդեց ղազախական «Թենկրինիուզ» կայքը: Բացի ատկէ, անիկա կ՛ենթադրէ մասնակից պետութիւններու տարածքներուն մէջ միացեալ մարտական պատրաստութեան քայլերու կատարում: Ղազախական «Օթքրիկիէ» կայքին վրայ քննարկման դրուած է զինուորական հետախուզութեան ոլորտին մէջ Ղազախստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի...

Փեզեշքիան` Պաշտօնապէս Իրանի Նախագահ

Փեզեշքիան` Պաշտօնապէս Իրանի Նախագահ

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ, այաթոլլա սայետ Ալի Խամենէին երէկ Մասուտ Փեզեշքիանը նշանակեց Իրանի նախագահ: Աւելի ուշ, տեղի ունեցաւ նախագահի երդման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին երկրի տարբեր պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ճեմարաններու եւ համալսարաններու դասախօսներ, գործարարներ, իրանցի նահատակներու խումբ մը ընտանիքներ եւ Իրանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դեսպաններ:  

Չինաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքը Նկատեցին  Միացեալ Գործունէութեան Դաշտ

Չինաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքը Նկատեցին Միացեալ Գործունէութեան Դաշտ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եի շաբաթ օր Լաոսի մէջ Հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրներու ընկերակցութեան` ԱՍԷԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներու վեհաժողովի ծիրին մէջ վարեցին բանակցութիւններ` Հարաւչինական ծովուն մէջ լարուածութեան եւ Փեքինի ու Մոսկուայի միջեւ կապերուն գծով Ուաշինկթընի մտահոգութիւններու լոյսին տակ: Հանդիպումէն քիչ առաջ Պլինքըն քննադատած է Փեքինի քայլերը Հարաւչինական ծովու մէջ` զանոնք նկատելով անօրինական...

ԱՍԷԱՆ-ի Արտաքին Գործոց Նախարարներու  Վեհաժողովի Հռչակագիրը Կոչ Կ՛ուղղէ`  Դադրեցնելու Շրջանային Հակամարտութիւնները

ԱՍԷԱՆ-ի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Վեհաժողովի Հռչակագիրը Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Շրջանային Հակամարտութիւնները

Հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրներու ընկերակցութեան` ԱՍԷԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներու վեհաժողովին որդեգրուած հռչակագիրը կ՛ողջունէ գործնական քայլերը` Հարաւչինական ծովուն մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու, եւ կը հաստատէ միջազգային օրէնքը յարգելու անհրաժեշտութիւնը: «Մենք կը հաստատենք անհրաժեշտութիւնը դադրեցնելու Հարաւչինական ծովուն մէջ գործողութիւնները, որոնք բարդացուցած են ու սրած վէճը», կ՛ըսուի հռչակագիրին մէջ: Հռչակագիրը «տագնապալից իրադարձութիւն» կը համարէ Հիւսիսային Քորէայի հրթիռային փորձարկումները եւ կոչ կ՛ուղղէ` յարգելու ՄԱԿ-ի բանաձեւերը: Հարաւարեւելեան...

Ըստ «Թիւրքիէ»-ի.  Ասատ-Էրտողան Հանդիպում Կրնայ  «Որեւէ Պահու» Կայանալ

Ըստ «Թիւրքիէ»-ի. Ասատ-Էրտողան Հանդիպում Կրնայ «Որեւէ Պահու» Կայանալ

Աւելի քան տասը տարուան ընդմիջումէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի առաջին հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ օգոստոսին, սահմանային անցակէտի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին` յղում կատարելու թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթին: «Անգարայի աղբիւրները յայտնած են, որ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ որեւէ պահու: Էրտողանի եւ Ասատի հանդիպման վայրի առաջին տարբերակը Իրաքն էր, սակայն այժմ Անգարան կը...

Ուաշինկթըն. «ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն Ահաբեկչական  Կազմակերպութիւն Չէ, Եւ Իսրայէլի Կառավարութիւնն  Ու Քնեսեթը Կը Յորդորենք Անոր Դէմ  Օրինագիծի Որդեգրումը Դադրեցնելու»

Ուաշինկթըն. «ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Չէ, Եւ Իսրայէլի Կառավարութիւնն Ու Քնեսեթը Կը Յորդորենք Անոր Դէմ Օրինագիծի Որդեգրումը Դադրեցնելու»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Կազայի մէջ տառապանքը աննկարագրելի է, եւ այդ պատճառով ուժգին ճնշում կը բանեցնենք զինադադարի գոյացման համար»: Նախարարութիւնը նաեւ շեշտեց.«ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն ահաբեկչական գործակալութիւն չէ, եւ Իսրայէլի կառավարութիւնն ու Քնեսեթը կը յորդորենք անոր դէմ օրինագիծի որդեգրումը դադրեցնելու»: Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը երկուշաբթի օր առաջին ընթերցումով 50 թեր եւ 10 դէմ քուէներով վաւերացուց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող օրինագիծը:...

Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  «Կարիքը Կայ Կամրջելու Մնացեալ Բացերը Եւ Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Գործարքը Աւարտելու»  Կ՛ըսէ Պայտըն

Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Կարիքը Կայ Կամրջելու Մնացեալ Բացերը Եւ Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Գործարքը Աւարտելու» Կ՛ըսէ Պայտըն

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ. անոնք մանրամասն կերպով քննարկեցին Կազայի մէջ արձանագրուող զարգացումները, զինադադարի շուրջ ընթացող բանակցութիւններն ու գերիներու ազատ արձակման համաձայնութիւնը»: Պայտըն յայտնած է, որ կարիքը կայ կամրջելու մնացեալ բացերը, կարելի եղածին չափ շուտ գործարքը աւարտելու, գերիները իրենց տուները վերադարձնելու եւ Կազայի մէջ պատերազմին մնայուն աւարտին...

Ողիմպիական Խաղերու Բացման  Արարողութենէն Ժամեր Առաջ.  Ֆրանսայի Արագընթաց Գնացքներու Ցանցին Վրայ  Մեծ Յարձակում Մը Զայն Անդամալուծեց

Ողիմպիական Խաղերու Բացման Արարողութենէն Ժամեր Առաջ. Ֆրանսայի Արագընթաց Գնացքներու Ցանցին Վրայ Մեծ Յարձակում Մը Զայն Անդամալուծեց

Ֆրանսայի գնացքներու ընկերութիւնը` «Էս.Էն.Սէ.ԷՖ.»-ը յայտարարեց, որ հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերը ենթարկուած է «լայնածաւալ մեծ յարձակումի մը, որուն նպատակը ջլատելն էր արագընթաց գնացքներու ցանցը, որ այժմ մեծ իրարանցումի մէջ է»: Ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ կարգ մը գնացքները պիտի փոխանցէ աւանդական երկաթուղիին, սակայն պիտի ստիպուի բազմաթիւ ուղիներու երթեւեկը ջնջել` նշելով, որ այս կացութիւնը կրնայ առնուազն մինչեւ շաբաթավերջ տեւել, որպէսզի կարենան...

Լաւրով-Ֆիտան Հանդիպում

Լաւրով-Ֆիտան Հանդիպում

Հարաւային Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան (ԱՍԻԱՆ) անդամ երկիրներու նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ Վիեթնամի մէջ (Լաոս) տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Հաքան Ֆիտանի հանդիպումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են ուժանիւթային ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը, Ուքրանիոյ պատերազմը, Կազայի մէջ կացութիւնը, Սուրիոյ վերաբերող եւ շրջանային այլ հարցեր:

12 Տարի Բացակայութենէ Ետք.  Իտալիա Սուրիոյ Մէջ Դեսպան Նշանակեց

12 Տարի Բացակայութենէ Ետք. Իտալիա Սուրիոյ Մէջ Դեսպան Նշանակեց

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թաժանի յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է Սուրիոյ մէջ դեսպան նշանակել: Իտալիա 2012-ին իր դեսպանը Դամասկոսէն տուն կանչած էր եւ առկախած դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Այսպիսով, Իտալիան կը դառնայ «Եօթներու խմբակ»-ի առաջին անդամը, որ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը կը վերադարձնէ Դամասկոս: Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Թաժանի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սթեֆանօ Ռաւակնանը` Սուրիոյ հարցով արտաքին գործոց նախարարութեան...

Օսթին. «Պայտըն Իր Պաշտօնավարման Մնացած Ամիսները Պիտի Կեդրոնացնէ Ուքրանիոյ Օգնելու Եւ Միջին Արեւելքի Տագնապը Լուծելու Վրայ»

Օսթին. «Պայտըն Իր Պաշտօնավարման Մնացած Ամիսները Պիտի Կեդրոնացնէ Ուքրանիոյ Օգնելու Եւ Միջին Արեւելքի Տագնապը Լուծելու Վրայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր պաշտօնավարման մնացած ամիսները պիտի կեդրոնացնէ Ուքրանիոյ օգնելու, Միջին Արեւելքի տագնապը լուծելու եւ Հնդկաց-խաղաղական ովկիանոսեան շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքերու ամրապնդման վրայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին: «Այժմ նախագահը կեդրոնացած է յառաջիկայ աշխատանքին վրայ, յատկապէս Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցման, Ուքրանիոյ ներուժի երկարաժամկէտ ամրապնդման եւ...

Page 143 of 882 1 … 142 143 144 … 882

Արխիւներ