Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսթին. «Ուաշինկթըն Չի Նախատեսեր, Որ Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Իր Ուժերուն Վրայ Յարձակումները Աւելնան»

August 2, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնեց, որ հակառակ Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան մագլցումին, ներկայիս չի նախատեսեր, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներուն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ծառայող ամերիկեան ուժերուն վրայ յարձակումները աւելնան, ինչպէս նախապէս պատահած էր:

Օսթին Ֆիլիփինէն մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնեց. «Անկեղծօրէն քանի մը ամիս առաջ մեր գտնուած կացութեան վերադարձ չեմ տեսներ, ոչ տակաւին»:

«Մեր ուժերուն անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը իրապէս կարեւոր է ինծի համար, եւ այդ պատճառով, ինչպէս գիտէք, տեսաք, որ մենք մեզ պաշտպանելու կարգ մը քայլեր որդեգրեցինք», ըսաւ Փենթակոնի ղեկավարը:

Նշենք, որ Փենթակոնէն պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է. «Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի եւ Հըզպալլայի ղեկավարներէն Ֆուատ Շուքրի ահաբեկումներէն ետք, Միջին Արեւելքի մէջ 12 մարտանաւեր կուտակեցինք»:

Պատասխանելով ամերիկեան ուժերուն վրայ վերջին շրջանին կատարուած յարձակումներուն Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան աճին հետ կապին մասին հարցումի մը` Օսթին ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ ամէն ինչ իրարու կապուած է»:

Պատասխանելով պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի Թեհրանի մէջ ահաբեկման մասին հարցումի մը` Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը ըսաւ, որ լուրերը տեսած է, սակայն փոխանցելիք տեղեկութիւններ չունի:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ երեքշաբթի, 30 յուլիսին Իրաքի մէջ գործեցին յարձակում մը, որ ամերիկացի պաշտօնատարներու համաձայն ինքնապաշտպանական էր:

Նախորդը

Պլինքըն Միջին Արեւելքի Մէջ Բոլոր Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ Մագլցողական Քայլերը Դադրեցնելու

Յաջորդը

ՄԱԿ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի Մէջ «Հրթիռներու Ճամբով Հաղորդակցութիւնները» Դադրեցնելու

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.