Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբիւրներ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 13-րդ Կայանին. Նեթանիահու Կ՛աւելցնէ Նոր Պայմաններ, Որոնք Կրնան Գերիներու Փոխանակման Գործարքի Կնքման Կարելիութիւնը Խոչընդոտել

Օգոստոս 6, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կ՛աւելցնէ նոր պայմաններ, որոնք կրնան պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ գերիներու փոխանակման գործարք կնքելու կարելիութիւնը խոչընդոտել: Այս մասին իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնած են իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին:

Աղբիւրները նշած են, որ բանակցութիւններուն մասնակից իսրայէլեան պատուիրակութեան մէջ Նեթանիահուի հասցէին սուր քննադատութիւններ գոյութիւն ունին, ինչպէս նաեւ նախատեսութիւններ, թէ իսրայէլեան բանակի ներկայացուցիչ Նիցան Ալոնը կրնայ հրաժարիլ:

«Նեթանիահուի գրասենեակը սկսաւ բանակցող խմբակին մէջ բանակի ներկայացուցիչը փոխարինող մը փնտռել», աւելցուցած են աղբիւրները:

Իսրայէլեան այդ նոյն աղբիւրները իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնած են. «Նեթանիահուն պայման կը դնէ իսրայէլացիներ սպաննած պաղեստինցի գերիները Այսրյորդանանէն ու Կազայէն դուրս հեռացնել»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ պաղեստինեան իշխանութիւնը գաղտնաբար Միացեալ Նահանգներուն փոխանցած է 101 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթ մը, որ կը ներառէ Կազային վերահսկելու իր ծրագիրը:

Կայանը նշեց, որ ծրագիրը պատասխաններ չի տար այն հարցին, թէ Կազայի մէջ ո՛վ պիտի ստանձնէ անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը, եւ կը հաստատէ կարիքը միջազգային լայնածաւալ օգնութեան` բաւարարելու համար իշխանութեան ու ապահովական կարիքներուն, աւերակներու վերացման, շէնքերու վերաշինութեան եւ հաղորդակցութեան ցանցերու եւ ելեկտրականութեան վերականգնման աշխատանքները:

Պատկերասփիւռի կայանը կը յայտնէ, թէ փաստաթուղթը չի յստակացներ, թէ մաքսանենգման դէմ պայքարը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ եւ չի ճշդեր, թէ պաղեստինեան իշխանութիւնը ինչպէ՛ս մտադիր է Համաս շարժումի զինուորական կարողութեան վերականգնումը, իսրայէլեան թիրախներու վրայ գործողութիւններ կատարելու եւ Իսրայէլի վրայ կրակելու կարողութեան վերականգնումը արգիլել:

Իսրայէլի պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն, ամերիկացի պաշտօնատարները կը մերժեն պաղեստինեան վարչապետ Մոհամետ Մուսթաֆայի նշանակած խմբակին պատրաստած փաստաթուղթը:

Պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի մէկ բանբերը նախապէս «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնած էր. «(Պաղեստինեան) իշխանութիւնը վստահեցուց, որ պատրաստ է պատերազմէն ետք Կազան պաղեստինեան համամտութեամբ ղեկավարելու, եւ իշխանութիւնը Կազայի մէջ պատերազմին յաջորդող օրուան մասնակցելու իր ծրագիրները ներկայացուց, եւ միակ արգելքը Իսրայէլի մերժումն է»:

«Պիտի շարունակենք պաղեստիեան խմբաւորումներուն հետ աշխատիլ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ծրագիրին հիմամբ ազգային համաձայնութեան հասնելու համար», նշած էր Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ղեկավարած շարժումին բանբերը:

Նախորդը

Քենաանի. «Չենք Կրնար Ձեռնածալ Մնալ, Եւ Պիտի Պաշտպանենք Մեր, Մեր Բարեկամներուն Ու Շրջանին Անվտանգութիւնը»

Յաջորդը

Ըստ «Թայմզ Աֆ Իզրայէլ»-ի. Իսրայէլ Կրնայ Կանխարգելիչ Հարուած Հասցնել Իրանին, Եթէ Յստակ Տեղեկութիւն Ունենայ, Թէ Անոր Յարձակումը Անխուսափելի Է

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?