Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած է, թէ Իրանի նորընտիր նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն ստացած է զգուշացման նամակ մը, որուն մէջ վերջինս վերահաստատած է Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ իր երկրին յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները պիտի պաշտպանեն Իսրայէլը, եթէ Իրանն ու անոր դաշնակիցները փորձեն անոր վրայ յարձակում գործել:
Աղբիւրը ըսած է, որ Թեհրանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան կողմէ փոխանցուած նամակը Իրանին կոչ կ՛ուղղէ` ինքնազսպում ցուցաբերելու, եւ չվարուելու այնպիսի ձեւով մը, որ կը յանգեցնէ մագլցումի մը, որուն շրջանին վրայ հետեւանքները կարելի չէ նախատեսել:
Նամակին մէջ նաեւ նշուած է, թէ ամերիկացիները տեղեակ չէին Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման գործողութենէն, եւ պատրաստ ենք միջնորդութիւն կատարելու` իրանցիներուն արժանապատուութիւնը ապահովող համակարգուած հակադարձութեան տարազ մը գտնելու համար:
Խամենէի Փեզեշքիանէն ստացած է նամակը, հրամայած անոր չպատասխանել եւ Հանիէի յուղարկաւորութենէն ետք ժողով գումարած Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ` անոնցմէ պահանջելով Իսրայէլին հակադարձելու իրենց ծրագիրները մշակել:
Ժողովին մասնակիցները առաջարկած են, որ Իրանի եւ Դիմադրութեան ճակատին կողմէ միացեալ մեծ հակադարձութիւն ըլլայ` նկատի ունենալով, որ Թեհրանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն եւ Եմէնի Հտէյտա նաւահանգիստին մէջ իսրայէլեան գործողութիւնները իրենց բոլոր թիրախները հարուածած են, ուստի հակադարձութիւնն ալ պէտք է համապարփակ ու համատեղ ըլլայ:
«Սի.Էն.Էն.»-ի համաձայն, ամերիկացի պաշտօնատարներ կը նախատեսեն, որ Հանիէի սպանութեան Իրանի հակադարձութիւնը տեղի ունենայ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին եւ նման ըլլայ 13 ապրիլին Իսրայէլի վրայ իրանեան յարձակումին, «սակայն կրնայ աւելի մեծ ու բարդ ըլլալ»:
«Հանիէի սպանութեան իրանեան հակադարձութիւնը կրնայ ներառել Իրանի աջակցութիւնը վայելող միլիսներու կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերուն վրայ յարձակումներ», նշած են պաշտօնատարները:
«Աքսիոս» կայքը հաղորդեց. «Պայտընի վարչակազմը համոզուած է, որ Իրան քանի մը օրէն յարձակում պիտի գործէ Իսրայէլի վրայ` հակադարձելով Թեհրանի մէջ Հանիէի սպանութեան»:
«Պայտընի վարչակազմը մտահոգ է դժուարութենէն կազմելու դաշինք մը, կազմուած այն նոյն երկիրներէն, որոնք նախապէս Իսրայէլի օգնեցին ետ մղելու Իրանի յարձակումը», նշեց կայքը:
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հետաքննութեան նախնական արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ Իսրայէլ կը կանգնի Հանիէի ահաբեկման ետին, եւ Թեհրանի Զահֆարանիա շրջանին մէկ շէնքին 4-րդ յարկը գտնուող անոր կեցութեան վայրը հրթիռարձակումի ենթարկուած է: