Միջազգային

Դամասկոսի Մէջ Ամերիկեան Պատուիրակութեան  Հանդիպումներէն Ետք.  Լիֆ. «Կ՛ողջունենք Դրական Պատգամները  Եւ Այդ Սկզբունքներուն Շուրջ Գործերու Ճամբով  Յառաջընթաց Կը Սպասենք Եւ Ոչ Թէ Խօսքեր»

Դամասկոսի Մէջ Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հանդիպումներէն Ետք. Լիֆ. «Կ՛ողջունենք Դրական Պատգամները Եւ Այդ Սկզբունքներուն Շուրջ Գործերու Ճամբով Յառաջընթաց Կը Սպասենք Եւ Ոչ Թէ Խօսքեր»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպարա Լիֆ Դամասկոսի մէջ ամերիկեան դիւանագիտական պատուիրակութեան հետ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար, Հայըաթ Թահրիր Շամ խմբաւորման ղեկավար Ահմետ Շարհի (Ապու Մոհամետ Ժուլանիի) հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Սուրիացիներուն հետ հաղորդակցիլն ու ուղղակի կերպով անոնց մտիկ ընելը կարեւոր առիթ էր»: «Սուրիացիները հազուադէպ առիթ ունին իրենց երկիրը վերաշինելու եւ կառուցելու», ըսաւ Լիֆ` աւելցնելով....

Ֆիտան Նախապէս Չյայտարարուած Այցելութեամբ Հասաւ  Դամասկոս Եւ Հանդիպում Ունեցաւ Շարհի Հետ

Ֆիտան Նախապէս Չյայտարարուած Այցելութեամբ Հասաւ Դամասկոս Եւ Հանդիպում Ունեցաւ Շարհի Հետ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ նախապէս չյայտարարուած այցելութեամբ հասաւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհի հետ: Ասիկա աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր թուրք արտաքին գործոց նախարարի մը Դամասկոս առաջին այցելութիւնն էր: Թրքական լրատու գործակալութիւններու համաձայն, Շարհի հետ Ֆիտանի հանդիպումին ներկայ էին Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնխարար Նուհ Եըլմազը եւ Դամասկոսի մէջ...

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Ազատութեան  Արշալոյսը Սկսաւ Ծագիլ, Եւ Պիտի Շարունակենք  Իր Երկրի Կառուցման Մէջ Աջակցիլ  Սուրիացի Ժողովուրդին»

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Ազատութեան Արշալոյսը Սկսաւ Ծագիլ, Եւ Պիտի Շարունակենք Իր Երկրի Կառուցման Մէջ Աջակցիլ Սուրիացի Ժողովուրդին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մարտինի մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Սուրիոյ մէջ 61 տարի տեւած խաւարէն ետք ազատութեան արշալոյսը սկսաւ ծագիլ»: «Թուրքիան երբեք չլքեց սուրիացի ժողովուրդը, որուն ամբողջ աշխարհը կռնակ դարձուց, բացառութեամբ շատ քիչերու», ըսաւ ան: «Սուրիացի ժողովուրդը իր բոլոր կողմերով այժմ աւելի մեծ վստահութեամբ կը դիտէ ապագան», շեշտեց Էրտողան`...

Խամենէի. «Ամերիկան ու Իսրայէլը Սուրիոյ Մէջ  Յաղթանակի Պատրանքը Ունին»

Խամենէի. «Ամերիկան ու Իսրայէլը Սուրիոյ Մէջ Յաղթանակի Պատրանքը Ունին»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի նշեց. «Ամերիկան, սիոնական գոյացութիւնն ու անոնց կողքին կանգնողները Սուրիոյ մէջ քաոս յառաջացուցին եւ այդտեղ յաղթանակ արձանագրած ըլլալու պատրանքը ունին»: Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը սուրիացիներուն կոչ ուղղեց` դիմակայելու Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք ձեւաւորուող կառավարութիւնը` ըսելով, որ ապստամբութիւնը կազմակերպուած է Արեւմուտքի կողմէ: «Գործակատար որեւէ ուժ չունինք, եւ Իրանի` շրջանին մէջ իր գործակատարները կորսնցուցած ըլլալու մասին...

Դամասկոսի Մէջ Իրանի Դեսպանատան  Պաշտօնատար Մը Սպաննուած Է

Դամասկոսի Մէջ Իրանի Դեսպանատան Պաշտօնատար Մը Սպաննուած Է

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտարարեց. «Դամասկոսի մէջ մեր դեսպանատան պաշտօնատարներէն մէկը մահացաւ անցեալ կիրակի անոր ինքնաշարժին վրայ ահաբեկիչներու յարձակումին հետեւանքով վիրաւորուելէն ետք»: «Դիւանագիտական եւ միջազգային խողովակներով լրջօրէն պիտի հետեւինք Դամասկոսի մէջ մեր դեսպանատան պաշտօնատարի սպանութեան հարցին», նշեց նախարարութիւնը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ շեշտեց. «Սուրիոյ փոխանցման կառավարութիւնը պատասխանատու կը նկատենք մեր դեսպանատան պաշտօնեային վրայ յարձակումին հեղինակներուն բացայայտման եւ...

Հարիւրաւոր Ցուցարարներ Գերմանիոյ Մէջ Փողոց  Դուրս Եկած Են` Պահանջելով Ներգաղթեալներու  Զանգուածային Արտաքսում Կատարել

Հարիւրաւոր Ցուցարարներ Գերմանիոյ Մէջ Փողոց Դուրս Եկած Են` Պահանջելով Ներգաղթեալներու Զանգուածային Արտաքսում Կատարել

Ս. Ծնունդի տօնավաճառի ընթացքին սէուտցի ներգաղթեալի մը կողմէ 5 անձերու սպանութենէն ետք, զայրացած ցուցարարներ Գերմանիոյ փողոցներ դուրս եկած են` պահանջելով ներգաղթեալներու զանգուածային արտաքսում կատարել: Այս մասին հաղորդեց «Տէյլի Մէյլ»-ը: Շուրջ 700 ցուցարարներ բացագանչած են` «Ով որ չի սիրեր Գերմանիան, թող հեռանայ Գերմանիայէն», «Ներգաղթը կը սպաննէ», «Մենք պէտք է ետ վերցնենք մեր քաղաքները, մեր գիւղերը եւ մեր հայրենիքը»: 20 դեկտեմբերի երեկոյեան...

Մինչ Ամերիկեան Դիւանագիտական  Պատուիրակութիւն Մը Հասաւ Դամասկոս.  Պլինքըն. «Սուրիոյ Մէջ Համապարփակ, Ոչ Համայնքային Կառավարութեան Կազմութեան Իրողական Շօշափելի Քայլերու Կարիք Ունինք»

Մինչ Ամերիկեան Դիւանագիտական Պատուիրակութիւն Մը Հասաւ Դամասկոս. Պլինքըն. «Սուրիոյ Մէջ Համապարփակ, Ոչ Համայնքային Կառավարութեան Կազմութեան Իրողական Շօշափելի Քայլերու Կարիք Ունինք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ վրայ հաստատուած պատժամիջոցներուն վերաբերեալ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր կարելիութիւնները կը սերտենք»: «Կ՛ուզենք Հայըաթ Թահրիր Շամին յստակացնել, որ ճանաչումին դիմաց որոշակի սպասումներ կան», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը: «Սուրիոյ մէջ համապարփակ, ոչ համայնքային կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ իրողական շօշափելի քայլերու կարիք ունինք», ընդգծեց Պլինքըն: Մինչ 3 բարձրաստիճան...

Վատիկանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Կը Մասնակցի Պաքուի Մէջ Կաթողիկէ  Եկեղեցւոյ Հիմնարկէքի Արարողութեան

Վատիկանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Մասնակցի Պաքուի Մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հիմնարկէքի Արարողութեան

Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Փոլ Ռիչըրտ Կալակըր կարտինալը այցելած է Պաքու` մասնակցելու համար Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին ի պատիւ կառուցուելիք եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութեան: Այս մասին յօդուած հրապարակած է «Գեղարդ» հիմնադրամը: «Պաքուի մէջ Վատիկանի պաշտօնատարը հանդիպած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, Կովկասեան իսլամներու վարչութեան նախագահ Ալլահշուքիւր Փաշազատէին: «Կարտինալի հետ հանդիպումի ընթացքին Փաշազատէն պատմած է «Ազրպէյճանի հանդուրժողականութեան» մասին, թէ ինչպէ՛ս կառավարութիւնը «վերականգնած...

Փեզեշքիանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Թուրք-Իրանեան Յարաբերութիւնները  Շրջանային Կայունութեան Հիմքն Են»

Փեզեշքիանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Թուրք-Իրանեան Յարաբերութիւնները Շրջանային Կայունութեան Հիմքն Են»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գահիրէի մէջ իսլամական զարգացող ութ երկիրներու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ իր իրանցի պաշտօնակից Մասուտ Փեզեշքիանի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիան կ՛ուզէ տեսնել Սուրիա մը, ուր անվտանգութիւն ու կայունութիւն կայ, ահաբեկչութենէ դատարկուած է, ուր տեղահանուածները արժանապատիւ եւ կամաւոր կերպով կը վերադառնան»: Ան կոչ ուղղեց «պաշտպանելու անոր հողերուն ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը»: «Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատումը ամբողջ շրջանին...

«Իսրայէլ Մտադիր Էր Իրանեան Ներկայութեան  Պատրուակով Սուրիա Մուտք Գործել,  Եւ Անոր Պատրուակը Այժմ Վերջ Գտաւ»  Կ՛ըսէ Ահմատ Շարհ

Շարհ. «Սուրիան Ուժասպառ Է Եւ Վտանգ Չի Ներկայացներ Դրացիներուն Կամ Արեւմուտքին»

Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու վարչութեան եւ Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիան պատերազմէն ուժասպառ է եւ վտանգ չի ներկայացներ դրացիներուն կամ Արեւմուտքին: Ան նաեւ կոչ ուղղեց ջնջելու Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: «Այժմ, տեղի ունեցած ամէն ինչէ ետք, պատժամիջոցները պէտք է վերցուին, որովհետեւ անոնք ուղղուած էին հին վարչակարգին դէմ, պէտք չէ...

Պլինքըն. «Անոնք, Որոնք Ասատի Օրով Շտապեցին  Անոր Հետ Յարաբերութիւնները Վերականգնել,  Փաստուեցաւ, Որ Սխալած Էին»

Պլինքըն. «Անոնք, Որոնք Ասատի Օրով Շտապեցին Անոր Հետ Յարաբերութիւնները Վերականգնել, Փաստուեցաւ, Որ Սխալած Էին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ տակաւին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի նստաշրջանի մնացած օրերուն ընթացքին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման հասնելու նկատմամբ լաւատես է: Ան միեւնոյն ժամանակ մերժեց այդ ջանքերուն յաջողութեան կարելիութեան նկատմամբ ենթադրութիւն կատարել: Ուաշինկթըն նախապէս այդ հարցին մէջ իրերայաջորդ յուսախաբութիւններու մատնուած է: Անդրադառնալով Սուրիոյ հարցին` Պլինքըն նշեց....

Փութին. «Այն, Ինչ Որ Տեղի Ունեցաւ Սուրիոյ Մէջ,  Ռուսիոյ Պարտութիւնը Չի Նկատուիր»

Փութին. «Այն, Ինչ Որ Տեղի Ունեցաւ Սուրիոյ Մէջ, Ռուսիոյ Պարտութիւնը Չի Նկատուիր»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր տարեկան մեծ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ռուսական բանակը թշնամին կը վտարէ Քուրսք գաւառէն: Կասկած չկայ, որ Քուրսք գաւառը պիտի ազատագրուի»: «Ռուսիան պատրաստ է թէ՛ բանակցութիւններու, թէ՛ Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման հարցին մէջ փոխզիջումներու, սակայն նոյն պատրաստակամութիւնը պէտք է ունենայ նաեւ միւս կողմը», յայտարարեց Փութին: Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններուն համար նախապայմաններ չի դներ,...

Թել Աւիւի Հրթիռակոծումէն Ետք.  Իսրայէլեան Յարձակումներ Եմէնի Վրայ

Թել Աւիւի Հրթիռակոծումէն Ետք. Իսրայէլեան Յարձակումներ Եմէնի Վրայ

Եմէնի մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ուժանիւթի ենթակառոյցներու եւ ծովեզերեայ Հտէյտա քաղաքին մէջ նաւահանգիստներուն վրայ` հակադարձելով հուսիներուն կողմէ Թել Աւիւի երկու թեւաւոր հրթիռներով հրթիռակոծման: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնեց, որ յարձակումը գործուած է հուսիներու կողմէ Իսրայէլի դէմ գործողութիւններու աջակցութեան համար օգտագործուած վայրերու վրայ: Ան աւելցուց, որ հուսիները անցնող 14 ամիսներուն ընթացքին...

Ֆիտան Կը Մերժէ Թրամփի Կողմէ Ասատի Տապալումը  Անգարայի Կողմէ Ոչ Բարեկամական  Վերահսկողութեան Հաստատում Որակումը

Ֆիտան Կը Մերժէ Թրամփի Կողմէ Ասատի Տապալումը Անգարայի Կողմէ Ոչ Բարեկամական Վերահսկողութեան Հաստատում Որակումը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիան կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի սուրիական ընդդիմութեան խմբաւորումներուն կողմէ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումը Անգարայի կողմէ ոչ բարեկամական վերահսկողութեան հաստատում որակումը: Ան այս մասին յայտնեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Չենք կրնար տեղի ունեցածը վերահսկողութեան հաստատում որակել, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը այդպէս որակելը մեծ սխալ պիտի...

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը  Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերատեսութեան Ենթարկելու  Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Կարգ Մը Պատժամիջոցները

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերատեսութեան Ենթարկելու Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Կարգ Մը Պատժամիջոցները

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտնեց. «Հին Սուրիան չքացաւ, սակայն նոր Սուրիան տակաւին չծնաւ, իսկ Ասատի տապալումը սուրիացիներուն ազատագրումն էր»: «Յաջորդ փուլը նոր Սուրիոյ կազմաւորման համար վճռորոշ պիտի ըլլայ, եւ Եւրոպան անոր մէջ դերակատարութիւն պիտի ունենայ», աւելցուց Ֆոն Տեր Լեյեն: «Սուրիոյ մէջ նոր վարչակարգին կողմէ քաջալերական քայլեր տեսանք, սակայն տակաւին կան անպատասխան մնացող հարցումներ», ըսաւ ան` նշելով. «Պիտի...

Հայըաթ Թահրիր Շամի Զինուորական Հրամանատարը  Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղէ` Սուրիոյ Մէջ  Իսրայէլեան Ռմբակոծման Ու  Ներթափանցման Լուծում Գտնելու

Հայըաթ Թահրիր Շամի Զինուորական Հրամանատարը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղէ` Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան Ռմբակոծման Ու Ներթափանցման Լուծում Գտնելու

Հայըաթ Թահրիր Շամի զինուորական հրամանատար Մըրհեֆ Ապու Քասրա յայտնեց. «Քրտական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները պիտի միացուին երկրին մէջ նոր վարչութեան, եւ դաշնակցային դրութիւնը կը մերժենք»: Քասրա միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումին եւ ներթափանցման լուծում գտնելու: Ան ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Կառուցումը զինուորական հաստատութեան մը, որուն մաս կը կազմեն ընդդիմադիր բոլոր խմբաւորումները, յաջորդ քայլն...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Պիտի Քննարկէ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի Անդամակցութեան Հարցը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց` Սուրիական Ղեկավարութեամբ Սուրիացիներուն Ձգտումները Բաւարարող Քաղաքական Համապարփակ Հոլովոյթ Մը Գործադրելու

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ գործադրելու քաղաքական միախմբող հոլովոյթ մը, «որ կը ղեկավարուի անոր ժողովուրդին զաւակներուն կողմէ»: Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղեց` սուրիացի ժողովուրդը կարող դարձնելու իր ապագան ճշդելու` նշելով, որ քաղաքական հոլովոյթը պէտք է բաւարարէ սուրիացիներուն ձգտումները եւ զանոնք կարող դարձնէ ժողովրդավարական կերպով ճշդելու իրենց ապագան: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ կոչ ուղղեց` կիրարկելու սուրիական...

Քուրթուլմուշ. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Դառնայ Համագործակցութեան  Եւ Անվտանգութեան Միջանցք»

Քուրթուլմուշ. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Դառնայ Համագործակցութեան Եւ Անվտանգութեան Միջանցք»

«Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի դառնայ համագործակցութեան եւ անվտանգութեան միջանցք ոչ միայն շրջանի, այլ նաեւ արտաշրջանային այլ պետութիւններու համար: Երէկ Անգարայի մէջ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ: «Անգարան «Զանգեզուրի միջանցք»-ի նախագիծի շուտափոյթ իրականացման յոյս ունի, որ կարեւոր տարանցիկ կէտ պիտի դառնայ համաշխարհային առեւտուրի համար: Մենք պիտի շարունակենք համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել...

Առնաութ. «Ասատի Տապալումէն Ետք Մոսկուան  Պէտք Է Սուրիոյ Մէջ Իր Ներկայութիւնը  Վերատեսութեան Ենթարկէ»

Առնաութ. «Ասատի Տապալումէն Ետք Մոսկուան Պէտք Է Սուրիոյ Մէջ Իր Ներկայութիւնը Վերատեսութեան Ենթարկէ»

Սուրիոյ նոր անցումային կառավարութեան քաղաքական բաժինի բանբեր Օպէյտա Առնաութ Ռուսիոյ կոչ ուղղած է վերատեսութեան ենթարկելու երկրին մէջ իր ներկայութիւնը` Մոսկուայի դաշնակից նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ը: «Ես կը կարծեմ, որ Ռուսիան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ սուրիական տարածքին մէջ իր ներկայութիւնն ու շահերը», ըսած է Առնաութ: Անոր համաձայն, Մոսկուան կրնայ համագործակցիլ նոր վարչակազմին հետ` ցոյց...

«Տեղահանուածներուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Իրենց Երկիր  Վերադառնալու, Եւ Միջազգային Ընտանիքը  Պէտք Է Ջնջէ Պատժամիջոցները»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Փոխանցման Կառավարութեան Վարչապետը

«Տեղահանուածներուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Իրենց Երկիր Վերադառնալու, Եւ Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Ջնջէ Պատժամիջոցները» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Փոխանցման Կառավարութեան Վարչապետը

Սուրիական փոխանցման կառավարութեան վարչապետ Մոհամետ Պաշիր յայտնեց. «Տեղահանուածներուն կոչ կ՛ուղղենք իրենց երկիր վերադառնալու, ներդրում կատարելու եւ նոր Սուրիոյ կառուցման մէջ մեզի մասնակից ըլլալու»: Պաշիր «Ժազիրա Մուպաշար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մենք նախկին վարչակարգի կառավարութեան նախարարութիւններէն հեզասահ փոխանցման ճամբով ստացանք պետութեան հաստատութիւնները»: «Մեր առաջնահերթութիւնն է պահպանել ծառայութիւնները, երկրին մէջ անվտանգութիւն ու կայունութիւն հաստատել», ըսաւ Պաշիր` աւելցնելով. «Մեր հիմնական նպատակը քաոսի չմատնուիլն է...

Page 113 of 882 1 … 112 113 114 … 882

Արխիւներ