Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տեղահանուածներուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Իրենց Երկիր Վերադառնալու, Եւ Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Ջնջէ Պատժամիջոցները» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Փոխանցման Կառավարութեան Վարչապետը

Դեկտեմբեր 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական փոխանցման կառավարութեան վարչապետ Մոհամետ Պաշիր յայտնեց. «Տեղահանուածներուն կոչ կ՛ուղղենք իրենց երկիր վերադառնալու, ներդրում կատարելու եւ նոր Սուրիոյ կառուցման մէջ մեզի մասնակից ըլլալու»:

Պաշիր «Ժազիրա Մուպաշար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մենք նախկին վարչակարգի կառավարութեան նախարարութիւններէն հեզասահ փոխանցման ճամբով ստացանք պետութեան հաստատութիւնները»:

«Մեր առաջնահերթութիւնն է պահպանել ծառայութիւնները, երկրին մէջ անվտանգութիւն ու կայունութիւն հաստատել», ըսաւ Պաշիր` աւելցնելով. «Մեր հիմնական նպատակը քաոսի չմատնուիլն է եւ պահպանել ծառայութիւնները, եւ ատոր մէջ յաջողեցանք»:

«Սուրիացի ժողովուրդը ինքզինք միջազգային ընտանիքին կողմէ լքուած կը զգայ, եւ ժամանակն է թիկունք կանգնիլ այս անիրաւուած ժողովուրդին», ըսաւ Պաշիր` աւելցնելով. «Միջազգային ընտանիքը պէտք է հաշուետուութեան ենթարկէ անցնող տարիներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ ոճիրներ գործածները»:

Սուրիոյ փոխանցման կառավարութեան վարչապետը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` վերցնելու Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, եւ ապասառեցնելու սառեցուած գումարները:

Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար, Սուրիական նոր վարչութեան ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, անիրաւուած սուրիացի ժողովուրդին անիրաւ ոճրագործին վրայ յաղթանակն է»:

«Այս յաղթանակը տեղի ունեցաւ առանց ենթակառոյցի քանդման եւ առանց որեւէ տեղահանութեան», նշեց ան` նշելով, որ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատ «ամէն ինչ քանդեց, մինչեւ իսկ պետական հաստատութիւնները եւ թիրախաւորեց բոլոր համայնքները»:

«Պէտք է Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնել, որպէսզի սուրիացիները իրենց տուները վերադառնան», շեշտեց Շարհ:

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով յանձնակատարը յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ արագացող կացութիւնը ապաստանեալներու վերադարձն ու տեղահանուածներու տունդարձը արտօնէ»:

Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի յայտարարեց. «Պատրաստ ենք Սուրիոյ մէջ նոր իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւն կատարելու, եւ պէտք է առաւելագոյն զգուշութեամբ գործենք»:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն նշեց. «Կը հետեւինք սուրիական արեւելքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի տարրերու տեղակայման, Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը պիտի չարտօնենք, եւ տեղահանուածներուն Սուրիա վերադարձը պէտք է ըլլայ կամաւոր եւ յարգէ անոնց մարդկայնականութիւնը»:

«Երկխօսութեան պիտի սկսինք Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները մեղմացնելու, եւ ատիկա կախեալ է խաղաղ փոխանցումէն: Մեր դիւանագէտները Դամասկոս պիտի վերադառնան, եւ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական ներկայացուցչութիւն ունինք», նշեց Ֆոն Տեր Լեյեն` շեշտելով. «Ներկայ զգայուն խաչմերուկին վրայ Սուրիոյ աջակցութեան մէջ մեր դերը պիտի կատարենք»:

«Պէտք է Սուրիոյ մէջ ազգային միասնականութիւնը յարգել եւ փոքրամասնութիւնները պաշտպանել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ասատի վարչակարգի տապալումը սուրիացի ժողովուրդին նոր յոյս կու տայ, հակառակ վտանգներուն եւ գետնի վրայ կացութեան անկայունութեան»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ծառայութիւնը յայտարարեց. «Եւրոպական Միութեան Սուրիոյ մէջ առաքելութեան կեդրոնը պիտի վերաբացուի եւ ամբողջական կերպով պիտի վերականգնէ իր աշխատանքը»:

Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաժա Լահպիպ յայտնեց. «Եւրոպական Միութիւնը սուրիացիներու կողքին կը կանգնի եւ կ՛աջակցի խաղաղ ու համապարփակ փոխանցման»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ գերմանացի դիւանագէտներ առաջին անգամ ըլլալով Դամասկոսի մէջ սուրիական փոխանցման կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւններ կատարած են: «Կը քննարկուին Դամասկոսի մէջ դիւանագիտական ներկայութեան կարելիութեան առիթները», նշեց նախարարութիւնը:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 2012-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի դրօշը բարձրացուած է Դամասկոսի մէջ ֆրանսական դեսպանատան վրայ: Նախքան այդ դիւանագիտական պատուիրակութիւն մը եկած է Դամասկոս` հանդիպում ունենալու նոր իշխանութիւններուն հետ: Սուրիոյ մէջ ֆրանսական պատուիրակը յայտնեց, որ Ֆրանսան «սուրիացիներուն կողքին կը կանգնի»:

Միւս կողմէ, քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն Ֆարհատ Շամի յայտնեց, որ Մընպեժ եւ Այն Արապ քաղաքներուն մէջ մնայուն զինադադար հաստատելու ամերիկեան միջնորդութեան ջանքերը ձախողած են:

«Միջնորդութեան տապալման պատճառը միջնորդութեան ջանքերուն նկատմամբ մօտեցումն ու անոր հիմնական կէտերը ընդունելու խուսանաւումն է», յայտարարեց Շամի:

 

 

Նախորդը

Ռուսական Բանակի Շողարձակ, Քիմիական Եւ Կենսաբանական Զէնքերէ Պաշտպանութեան Ուժերու Հրամանատարն ու Անոր Օգնականը Զոհ` Մոսկուայի Մէջ Պայթումի Մը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?