Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ամերիկեան Դիւանագիտական Պատուիրակութիւն Մը Հասաւ Դամասկոս. Պլինքըն. «Սուրիոյ Մէջ Համապարփակ, Ոչ Համայնքային Կառավարութեան Կազմութեան Իրողական Շօշափելի Քայլերու Կարիք Ունինք»

Դեկտեմբեր 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ վրայ հաստատուած պատժամիջոցներուն վերաբերեալ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր կարելիութիւնները կը սերտենք»:

«Կ՛ուզենք Հայըաթ Թահրիր Շամին յստակացնել, որ ճանաչումին դիմաց որոշակի սպասումներ կան», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

«Սուրիոյ մէջ համապարփակ, ոչ համայնքային կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ իրողական շօշափելի քայլերու կարիք ունինք», ընդգծեց Պլինքըն:

Մինչ 3 բարձրաստիճան դիւանագէտներէ բաղկացած ամերիկեան դիւանագիտական պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Դամասկոս` արծարծելու համար Սուրիոյ մէջ կորսուած ամերիկացիներուն հարցը, աղբիւրներ «Ժազիրա»-ին յայտնեցին, որ Սուրիոյ նոր վարչակազմը մտադիր է քանի մը օրէն ազգային երկխօսութեան ձեռնարկելու:

Աղբիւրները նշեցին, որ նոր վարչակազմը աշխատանք կը տանի գումարելու ազգային համապարփակ երկխօսութեան ընդլայնուած ժողով մը, որուն պիտի մասնակցին սուրիացի ժողովուրդին եւ անոր բաղադրիչ մասերուն մարմիններն ու ներկայացուցիչները:

Ժողովին պիտի հրաւիրուին քաղաքական եւ քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչները, փորձագէտներ եւ անկախներ: Ժողովին պիտի մասնակցին նաեւ յեղափոխութեան զինուորական խմբաւորումներու ներկայացուցիչները:

Ժողովի ընթացքին պիտի հաստատուի փոխանցման փուլին եւ յառաջիկայ ժամանակաշրջանին պետական հարցերու կառավարման մեքանիզմին վերաբերեալ քննարկումի հիմքերը:

Աղբիւրները «Ժազիրա»-ին յայտնած են. «Վարչակազմը ամբողջացուց ժողովին իր պատրաստութիւնները, եւ ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ օրերուն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Պարպարա Լիֆէն, պատանդներու հարցով նախագահի պատուիրակ Ռաճըր Քարսթինզէն եւ վերջերս նշանակուած խորհրդատու, Սուրիոյ մէջ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան ջանքերու ղեկավարման պարտականութիւնը ունեցող Տանիէլ Ռուպինշթայնէն կազմուած պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհի (Ապու Մոհամետ Ժուլանիի) հետ:

«Ժազիրա» կը նշէ, որ անոնք յորդանանեան թիւեր կրող ինքնաշարժներով հասան Շարհի նստավայրը: Ինքնաշարժներու առջեւի ապակիին վրայ անգլերէնով եւ արաբերէնով գրուած էին` «Ասիկա Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական կարաւան է»:

Սուրիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ամերիկեան պատուիրակութիւնը Սուրիոյ նոր վարչակազմին հետ կը քննարկէ Հայըաթ Թահրիր Շամը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակէն դուրս բերելու հարցը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու, ներառեալ «Սիզըր» պատժամիջոցի ջնջման հարցը:

Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ին. «Ժուլանին հանդիպում չունեցաւ Դամասկոս այցելող ամերիկեան պատուիրակութեան հետ»: Աւելի ուշ, ամերիկեան պատուիրակութեան մամլոյ ասուլիսը ջնջուեցաւ` ապահովական մտավախութիւններու պատճառով:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ 2000 ամերիկացի զինուորներ կան, ինչ որ նախապէս յայտարարուած 900-էն բարձր է, եւ այդ ուժը ներկայ է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումէն առաջ»:

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Քիւրտ զինեալները, որոնք Միջին Արեւելքի տարբեր շրջաններէն եկան սուրիական քրտական ուժերուն աջակցելու համար, պիտի հեռանան, եթէ երկրի հիւսիսին մէջ Թուրքիոյ հետ ճակատումին զինադադար հաստատուի»:

Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Եգիպտոսէն վերադառնալէ ետք լրագրողներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Մենք զիրենք (Սուրիոյ նոր վարչակազմը) մինակ պիտի չձգենք: Շուտով այնտեղ պիտի երթայ նաեւ մեր արտաքին գործոց նախարարը: Անոնք միասին նոր համակարգ պիտի կառուցեն»:

Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Սուրիոյ հետ առեւտրական մեր յարաբերութիւնները պիտի կրկնապատկենք, ինչ որ տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներուն մեծ շահեր պիտի ապահովէ»:

«Պատժամիջոցներու ջնջումը պիտի նպաստէ Սուրիոյ վերաշինութեան, եւ Իսրայէլի սուրիական հողերու բռնագրաւումը անընդունելի է», ըսաւ ան:

Նախորդը

Վատիկանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Մասնակցի Պաքուի Մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հիմնարկէքի Արարողութեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Միջազգային

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Իսրայէլեան Պատուիրակութեան Մը Հետ

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?