Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թել Աւիւի Հրթիռակոծումէն Ետք. Իսրայէլեան Յարձակումներ Եմէնի Վրայ

December 20, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եմէնի մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ուժանիւթի ենթակառոյցներու եւ ծովեզերեայ Հտէյտա քաղաքին մէջ նաւահանգիստներուն վրայ` հակադարձելով հուսիներուն կողմէ Թել Աւիւի երկու թեւաւոր հրթիռներով հրթիռակոծման:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնեց, որ յարձակումը գործուած է հուսիներու կողմէ Իսրայէլի դէմ գործողութիւններու աջակցութեան համար օգտագործուած վայրերու վրայ:

Ան աւելցուց, որ հուսիները անցնող 14 ամիսներուն ընթացքին Իսրայէլի վրայ հարիւրաւոր յարձակումներ գործեցին, եւ անոնց վերջինը չորեքշաբթի գիշեր էր` ընդգծելով, որ Իսրայէլ պիտի չտատամսի ինքզինք եւ իր քաղաքացիները հուսիներու յարձակումներէն պաշտպանելու:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր օդուժին պատկանող 14 օդանաւեր տասնեակ հրթիռներով յարձակում գործած են Եմէնի մէջ հինգ թիրախներու վրայ:

Բանակի բանբերը յայտնեց, որ հետաքննութենէ ետք ի յայտ եկած է, որ հրթիռի մարտագլխիկ մը հարուածած է Ռամաթ Կանի մէջ շէնք մը եւ ոչ թէ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգէ արձակուած հրթիռի մը մնացորդը:

Ռամաթ Կանի քաղաքապետը յայտնեց, որ վնասուած շէնքը Թել Աւիւի մօտ դպրոց մըն է, որ մեծապէս վնասուած է` աւելցնելով. «Վնասուած դպրոցը պիտի քանդուի եւ վերակառուցուի»:

Հուսիները յայտարարեցին, որ ձայնի արագութենէն արագ ընթացող երկու թեւաւոր հրթիռներով հարուածած են բռնագրաւեալ Եաֆայի (Թել Աւիւ) մէջ զինուորական երկու զգայուն դիրքեր:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ուժեղ կերպով հարուածել եւ պիտի չարտօնէ ներկայ կացութեան շարունակութիւնը` ընդգծելով. «Իսրայէլի դէմ բարձրացող ձեռքը պիտի կտրուի»:

Նախորդը

Ֆիտան Կը Մերժէ Թրամփի Կողմէ Ասատի Տապալումը Անգարայի Կողմէ Ոչ Բարեկամական Վերահսկողութեան Հաստատում Որակումը

Յաջորդը

Փութին. «Այն, Ինչ Որ Տեղի Ունեցաւ Սուրիոյ Մէջ, Ռուսիոյ Պարտութիւնը Չի Նկատուիր»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.