Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտարարեց. «Դամասկոսի մէջ մեր դեսպանատան պաշտօնատարներէն մէկը մահացաւ անցեալ կիրակի անոր ինքնաշարժին վրայ ահաբեկիչներու յարձակումին հետեւանքով վիրաւորուելէն ետք»:
«Դիւանագիտական եւ միջազգային խողովակներով լրջօրէն պիտի հետեւինք Դամասկոսի մէջ մեր դեսպանատան պաշտօնատարի սպանութեան հարցին», նշեց նախարարութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ շեշտեց. «Սուրիոյ փոխանցման կառավարութիւնը պատասխանատու կը նկատենք մեր դեսպանատան պաշտօնեային վրայ յարձակումին հեղինակներուն բացայայտման եւ հաշուետուութեան ենթարկման համար»: