Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիտան Նախապէս Չյայտարարուած Այցելութեամբ Հասաւ Դամասկոս Եւ Հանդիպում Ունեցաւ Շարհի Հետ

December 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ նախապէս չյայտարարուած այցելութեամբ հասաւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհի հետ:

Ասիկա աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր թուրք արտաքին գործոց նախարարի մը Դամասկոս առաջին այցելութիւնն էր:

Թրքական լրատու գործակալութիւններու համաձայն, Շարհի հետ Ֆիտանի հանդիպումին ներկայ էին Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնխարար Նուհ Եըլմազը եւ Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան գործավար Պուրհան Քէօրօղլուն, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ասաատ Շիպանին:

Նախքան Ֆիտանի այցելութիւնը, 12 դեկտեմբերին Դամասկոս այցելած էր նաեւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի տնօրէն Իպրահիմ Քալընը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ասատի վարչակարգը Սուրիոյ պատմութեան մէջ մութ փուլ մըն էր»:

«Պետութեան հաստատութիւններու վերակառուցման մէջ սուրիացիներու կողքին պիտի կանգնինք», ըսաւ ան:

«Անհրաժեշտ է հաստատել փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան վարչակարգ մը եւ վաւերացնել նոր սահմանադրութիւն մը, որ Սուրիոյ բոլոր համայնքները կը յարգէ», շեշտեց Ֆիտան` աւելցնելով. «Որպէսզի կարողանանք կատարել մեր տուած բոլոր խոստումները, պէտք է Սուրիոյ մէջ ներքին համաձայնութիւն ըլլայ»:

«Արաբական աշխարհը պէտք է կապ հաստատէ Սուրիոյ մէջ նոր ղեկավարութեան հետ, եւ ասիկա սպասման ժամանակը չէ», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը` շեշտելով. «Ահաբեկչական կազմակերպութիւնները Սուրիոյ ապագային մէջ տեղ չունին», եւ «Սուրիական վարչակազմը կը պնդէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարիլ»:

«Որեւէ ահաբեկչական խմբաւորման պիտի չարտօնենք Սուրիոյ մէջ շարունակել գոյութիւն ունենալ», յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

«Կարեւոր է ջնջել Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները եւ սուրիական նոր վարչակազմին առիթ ընծայել իր նպատակները իրագործելու», յայտնեց Ֆիտան` նշելով. «Իսրայէլ պէտք է յարգէ սուրիական հողերու ամբողջականութիւնը եւ դադրեցնէ այդտեղ իր զինուորական գործողութիւնները»:

«Այսօր յոյսի օր է, եւ կ՛ուզենք, որ անցեալի տառապանքները ապագային համար աշխատելու խթան ըլլան», ըսաւ ան:

«Կ՛ուզենք, որ Սուրիոյ նոր վարչակազմը իր իշխանութիւնը տարածէ երկրի բոլոր մասերուն վրայ», յայտնեց Ֆիտան` աւելցնելով. «Ահաբեկչական Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը Սուրիոյ մէջ հողեր կը բռնագրաւէ եւ ուժանիւթը կը գողնայ»:

Շարհ իր կարգին յայտնեց. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ քննարկեցինք յառաջիկայ կառավարութեան ամրապնդումն ու զէնքի պետութեան ձեռքին մէջ սահմանափակումը»:

«Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը օժանդակութիւն յայտնեց Սուրիոյ, եւ Անգարայի հետ պիտի կառուցենք ռազմավարական յարաբերութիւններ, որոնք շրջանի ապագային վայել են», ըսաւ ան:

«Թուրքիան սուրիացի ժողովուրդին բարեկամն է, եւ յեղափոխութեան սկիզբէն ի վեր մեր կողքին կանգնեցաւ», յայտնեց Շարհ:

Միւս կողմէ, «Մայատին» հաղորդեց, որ թրքական տնտեսական պատուիրակութիւն մը` «Սուրիոյ համար գործարարներ»-ը երէկ այցելած են Հալէպի մէջ առեւտուրի գրասենեակ: Այցելութիւնը 13 տարիէ ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինն էր:

Թրքական պատուիրակութիւնը քննարկած են տնտեսական գործակցութեան եւ առեւտրաշրջանառութեան վերականգնման կարելիութիւնները:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Ազատութեան Արշալոյսը Սկսաւ Ծագիլ, Եւ Պիտի Շարունակենք Իր Երկրի Կառուցման Մէջ Աջակցիլ Սուրիացի Ժողովուրդին»

Յաջորդը

Դամասկոսի Մէջ Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հանդիպումներէն Ետք. Լիֆ. «Կ՛ողջունենք Դրական Պատգամները Եւ Այդ Սկզբունքներուն Շուրջ Գործերու Ճամբով Յառաջընթաց Կը Սպասենք Եւ Ոչ Թէ Խօսքեր»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.