Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիան կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի սուրիական ընդդիմութեան խմբաւորումներուն կողմէ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումը Անգարայի կողմէ ոչ բարեկամական վերահսկողութեան հաստատում որակումը: Ան այս մասին յայտնեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Չենք կրնար տեղի ունեցածը վերահսկողութեան հաստատում որակել, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը այդպէս որակելը մեծ սխալ պիտի ըլլայ», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Սուրիացի ժողովուրդին համար անիկա վերահսկողութեան հաստատում չէ»:
«Ներկայիս տիրողը սուրիացի ժողովուրդին կամքն է», շեշտեց Ֆիտան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ սուրիական նոր իշխանութիւնները յորդորեց քրտական ուժերու «խնդիրը լուծելու»: