ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ գործադրելու քաղաքական միախմբող հոլովոյթ մը, «որ կը ղեկավարուի անոր ժողովուրդին զաւակներուն կողմէ»:
Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղեց` սուրիացի ժողովուրդը կարող դարձնելու իր ապագան ճշդելու` նշելով, որ քաղաքական հոլովոյթը պէտք է բաւարարէ սուրիացիներուն ձգտումները եւ զանոնք կարող դարձնէ ժողովրդավարական կերպով ճշդելու իրենց ապագան:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ կոչ ուղղեց` կիրարկելու սուրիական ղեկավարութեամբ համապարփակ քաղաքական հոլովոյթ մը, որ հիմնուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումի հիմնական սկզբունքներուն վրայ:
Խորհուրդը նաեւ ընդգծեց ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներուն Սուրիոյ մէջ իրենց կարողականութեան վերականգնման արգելք հանդիսանալու անհրաժեշտութիւնը:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մատնանշեց անհրաժեշտութիւնը երկրի բոլոր կողմերը գտնուող կարիքաւոր քաղաքայիններուն յաւելեալ միջազգային օժանդակութիւն տրամադրելու` Սուրիոյ եւ անոր դրացիներուն կոչ ուղղելով` խուսափելու որեւէ արարքէ, որ կ՛ականահարէ շրջանային անվտանգութիւնը:


