Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր տարեկան մեծ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ռուսական բանակը թշնամին կը վտարէ Քուրսք գաւառէն: Կասկած չկայ, որ Քուրսք գաւառը պիտի ազատագրուի»:
«Ռուսիան պատրաստ է թէ՛ բանակցութիւններու, թէ՛ Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման հարցին մէջ փոխզիջումներու, սակայն նոյն պատրաստակամութիւնը պէտք է ունենայ նաեւ միւս կողմը», յայտարարեց Փութին:
Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններուն համար նախապայմաններ չի դներ, սակայն միեւնոյն ժամանակ յայտարարեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրէ միայն Ուքրանիոյ օրինական իշխանութիւններուն հետ` Ուքրանիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններէն ետք:
Ան ըսաւ. «Պիելոռուսիոյ դէմ որեւէ սպառնալիք ինքնին Ռուսիոյ դէմ սպառնալիք է»` շեշտելով. «Ռուսիան իր կարելին պիտի ընէ Պիելոռուսիոյ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար»:
«Ոմանք կը փորձեն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը իբրեւ Ռուսիոյ պարտութիւնը ներկայացնել, ինչ որ սխալ է», յայտնեց Փութին` աւելցնելով. «Կը ջանանք Սուրիոյ օգնել եւ առաջարկեցինք Հմէյմիմ եւ Թարթուս ռազմակայաններուն ճամբով օժանդակութիւններ հասցնել»:
«Առաջարկեցինք Հմէյմիմ ռազմակայանը օգտագործել սուրիացի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու, եւ անոր հաւանութիւն տրուեցաւ», ըսաւ ան:
«Չենք գիտեր, թէ Սուրիոյ մէջ մեր ռազմակայանին ո՛ր աստիճան կարիքը ունինք եւ ի՛նչ կրնանք տալ», աւելցուց Ռուսիոյ նախագահը` նշելով. «Սուրիոյ մէջ մեր ռազմակայաններուն մասին կը մտածենք` մեկնելով այդտեղի ներկայ իշխանութիւններու վարմունքէն»:
«Ռուսիան Սուրիայէն 4000 իրանցի զինեալներ դուրս բերաւ», նշեց ան:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ըսաւ. «Մինչեւ հիմա Ասատի հետ հանդիպում չունեցայ: Մտադիր եմ անոր հետ խօսիլ եւ անոր պիտի հարցնեմ Սուրիոյ մէջ կորսուած ամերիկացի լրագրողի մը մասին»:
Փութին նաեւ նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ 4 տարիէ ի վեր չեմ խօսած եւ պատրաստ եմ որեւէ պահու անոր հետ խօսելու»: