Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու վարչութեան եւ Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիան պատերազմէն ուժասպառ է եւ վտանգ չի ներկայացներ դրացիներուն կամ Արեւմուտքին:
Ան նաեւ կոչ ուղղեց ջնջելու Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:
«Այժմ, տեղի ունեցած ամէն ինչէ ետք, պատժամիջոցները պէտք է վերցուին, որովհետեւ անոնք ուղղուած էին հին վարչակարգին դէմ, պէտք չէ զոհի եւ ճնշողի հետ նոյն ձեւով վարուիլ», ըսաւ Շարհ:
Անոր համաձայն, իր ղեկավարած Հայըաթ Թահրիր Շամը պէտք է հեռացուի ահաբեկչական խմբաւորումներու ցանկէն:
Անիկա ահաբեկչական ճանչցուած է ՄԱԿ-ի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Բրիտանիոյ կողմէ, որովհետեւ եղած է Քայիտա ահաբեկչական խմբաւորման մէկ թեւը, սակայն անկէ անջատուած է 2016 թուականին:
Շարհ պնդեց, որ Հայըաթ Թահրիր Շամը ահաբեկչական խմբաւորում չէ, որովհետեւ չէ թիրախաւորած խաղաղ բնակիչները կամ քաղաքային տարածքները, եւ ինքզինք կը նկատէ Ասատի վարչակարգի յանցագործութիւններու զոհ:
Շարհ հերքեց, թէ ինք կ՛ուզէ Սուրիան վերածել Աֆղանիստանի մէկ տարբերակին: Անոր համաձայն, Սուրիան ու Աֆղանիստանը շատ տարբեր են. Աֆղանիստանի մէջ ցեղային հասարակութիւն է, իսկ Սուրիոյ մէջ, անոր համաձայն, այլ մտածելակերպ է:
Շարհ ըսաւ, թէ ինք կողմնակից է կիներու կրթութիւն ստանալուն: «Մենք Իտլիպի մէջ համալսարաններ ունինք աւելի քան ութ տարիէ ի վեր», ըսաւ ան` նկատի ունենալով Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան նահանգը, որ 2011 թուականէն ի վեր կը գտնուէր զինեալ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ:
«Կը կարծեմ բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններուն մէջ կիներու համեմատութիւնը 60 առ հարիւրէ աւելի է», ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ոգելից ըմպելիի օգտագործումը պիտի արտօնուի՞, Շարհ ըսաւ.«Շատ բաներ կան, որոնց մասին ես ուղղակի իրաւունք չունիմ խօսելու, որովհետեւ անոնք իրաւական խնդիրներ են»:
Ան աւելցուց, որ պիտի ըլլայ «իրաւաբանական փորձագէտներու սուրիական յանձնախումբ` սահմանադրութիւնը գրելու համար»:
«Անոնք պիտի որոշեն: Եւ ոեւէ ղեկավար կամ նախագահ պէտք է օրէնքին հետեւի», եզրափակեց ան:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Կիր Փեթերսոն Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նոր ղեկավարներուն հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Յոյս կայ տեսնելու նոր Սուրիոյ սկիզբը»:
Անոր համաձայն, Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւն անհրաժեշտ է:
Փեթերսոն լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ նոր սահմանադրութիւնը պէտք է նախատեսէ ընկերային նոր պայմանագիր, որ ընդունելի կ՛ըլլայ բոլոր սուրիացիներուն, իսկ անցումային շրջանի աւարտէն ետք անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ազատ ընտրութիւններ կատարել:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Հայըաթ Թահրիր Շամին կոչ ուղղած էր Աֆղանիստանի մէջ Թալեպաններու դասէն սորվելու:
«Երբ Թալեպան շարժումը Աֆղանիստանի վրայ վերահսկողութիւն հաստատեց, աւելի չափաւորական դէմք մը ցոյց տուաւ, առնուազն փորձեց այդ մէկը կատարել, ետքը ցոյց տուաւ իր իսկական դէմքը: Արդիւնքը այն եղաւ, որ (միջազգային մակարդակի վրայ) մեծապէս մեկուսացուած մնաց»:
«Ուստի եթէ այդ մեկուսացումը չէք ուզեր, ապա կան բաներ, որ պէտք է կատարէք երկիրը յառաջ մղելու համար», աւելցուց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Պլինքըն «Ֆորէյն Ըֆերզ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին հաւաստեց, որ առանց Ուաշինկթընի միջամտութեան Սուրիոյ մէջ ամենայն հաւանականութեամբ բռնապետութիւն կամ ծայրայեղականներու իշխանութիւն պիտի հաստատուի:
«Չկայ որեւէ երաշխիք: Մենք շատ յաճախ տեսած ենք, որ բռնապետի մը կրնայ միւսը փոխարինել, դուրսէն ազդեցութեան մը կրնայ դուրսէն մէկ այլ ազդեցութիւն փոխարինել: Ծայրայեղական խմբաւորումը կրնայ իր տեղը զիջիլ մէկ այլ ծայրայեղական խմբաւորման: Այս ամէնը ծանրացնող հանգամանքներ են, սակայն մենք գրեթէ հաստատ գիտենք, որ առանց մեր մասնակցութեան, առանց մեր ղեկավար դերին ամէն բան այդ ուղղութեամբ պիտի երթայ», ըսաւ ան:
«Մենք գիտենք, թէ Սուրիան ի՛նչ կրնայ դառնալ, եթէ մենք անոր արտօնենք ահաբեկչութիւն սերմանող ըլլալ, բնակչութեան զանգուածային տեղահանման աղբիւր ըլլալ: Ատիկա լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենար նաեւ այն երկիրներուն համար, որոնք կը գտնուին Սուրիայէն հեռու», ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Սուրիոյ հիւսիսը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ զինադադարի համաձայնութիւն չկայ»:
«Մեր աջակցութիւնը վայելող սուրիացի մարտիկները պիտի ազատագրեն քրտական միաւորներու գտնուած շրջանները», նշած է պաշտօնատարը:
«Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ մեր դիմագրաւած սպառնալիքը կը շարունակուի, եւ պիտի շարունակենք մեր պատրաստութիւնները, մինչեւ որ քրտական միլիսները հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իրենց զէնքերը վար դնեն», աւելցուցած է ան:
Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ Արաբ Բունար քաղաքին մէջ պիտի կռուին Թուրքիոյ եւ անոր աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն դէմ:
«Մենք` Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերս, կը յայտարարենք մագլցումը եւ բոլոր տեսակի զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու, եւ առկախ խնդիրները երկխօսութեան ճամբով լուծելու կարեւորութիւնը, սակայն պիտի չտատամսինք դէմ դնելու մեր ժողովուրդին ու շրջաններուն վրայ որեւէ յարձակումի եւ թիրախաւորման: Մեր ուժերը Քոպանիի բնակիչներուն կողքին իրենց ամբողջ ուժով պիտի կռուին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնեց. «Իրան Կազային, Լիբանանին ու Սուրիոյ քանդում բերաւ, եւ այժմ ալ քանդումը Եմէնին կը բերէ»:
Անդրադառնալով Կոլանի հարցին` Քոհեն յայտարարեց. «Երկար ամիսներ Սուրիոյ մէջ պիտի ըլլանք, եւ ժամանակի պիտի կարօտի հասկնալու համար, թէ այդտեղ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ»: