Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հանդիպումներէն Ետք. Լիֆ. «Կ՛ողջունենք Դրական Պատգամները Եւ Այդ Սկզբունքներուն Շուրջ Գործերու Ճամբով Յառաջընթաց Կը Սպասենք Եւ Ոչ Թէ Խօսքեր»

December 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպարա Լիֆ Դամասկոսի մէջ ամերիկեան դիւանագիտական պատուիրակութեան հետ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար, Հայըաթ Թահրիր Շամ խմբաւորման ղեկավար Ահմետ Շարհի (Ապու Մոհամետ Ժուլանիի) հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Սուրիացիներուն հետ հաղորդակցիլն ու ուղղակի կերպով անոնց մտիկ ընելը կարեւոր առիթ էր»:

«Սուրիացիները հազուադէպ առիթ ունին իրենց երկիրը վերաշինելու եւ կառուցելու», ըսաւ Լիֆ` աւելցնելով. «Ժամանակաւոր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն, ներառեալ Ահմետ Շարհի հետ քննարկեցինք այն սկզբունքները, որոնց շուրջ Աքապայի մէջ մեր գործընկերներուն հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:

«Կ՛ողջունենք դրական պատգամները եւ այդ սկզբունքներուն շուրջ գործերու ճամբով յառաջընթաց կը սպասենք եւ ոչ թէ խօսքեր», ընդգծեց ամերիկացի պաշտօնատարը` նշելով. «Սուրիոյ մէջ փոխանցման ժամանակաշրջանի ընթացքին համարկման եւ լայնածաւալ խորհրդակցութեան կարեւորութիւնը ընդգծեցինք»:

«Կը զօրակցինք սուրիացիներուն ղեկավարած քաղաքական հոլովոյթին, որ կը յանգեցնէ համապարփակ կառավարութեան մը, որ կը յարգէ բոլորին իրաւունքները», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականը` նշելով. «Քննարկեցինք ահաբեկչական խմբաւորումներուն Սուրիոյ մէջ սպառնալիք չներկայացնելը երաշխաւորելու կարիքը, եւ Ահմետ Շարհ անոր յանձնառու դարձաւ»:

«Կը յուսանք տեղեկութիւններ բացայայտել ճակատագիրին շուրջ ամերիկացի քաղաքացիներու, որոնք Պաշշար Ասատի վարչակարգի օրերուն անհետացան», յայտնեց ան:

«Աշխատանք կը տանինք յաւելեալ ամերիկացի պաշտօնատարներ Դամասկոս ուղարկելու` օգնելու համար ամերիկացի քաղաքացիներու որոնման», ըսաւ ան:

«Իրանը Սուրիոյ մէջ բացարձակապէս որեւէ դերակատարութիւն պիտի չունենայ եւ պէտք չէ ունենայ», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնականը:

«Կը սերտենք պատժամիջոցներու հարցը, եւ սուրիական նոր կառավարութիւնը պէտք է ընդառաջէ եւ յառաջընթացի արձանագրումը ցոյց տայ», նշեց ան:

«Թուրքիան Սուրիոյ մէջ մեծ դերակատարութիւն, պատմական ազդեցութիւն եւ ազգային անվտանգութեան շահեր ունի», յայտնեց Պարպարա Լիֆ` աւելցնելով. «Սուրիոյ թեքնիք օժանդակութիւն պիտի տրամադրենք փաստագրելու Ասատի ոճիրները, եւ հաւաքական գերեզմանները մեզի համար առաջնահերթութիւն պիտի ըլլան»:

«Շարհին ըսինք, որ Ուաշինկթըն պիտի չշարունակէ զինք ձերբակալելու համար պարգեւ առաջարկել», յայտարարեց ան:

«Քոպանիի մէջ զինադադարը եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու կանոնաւոր տեղափոխումը յառաջ ընթանալու լաւագոյն ուղին է», նշեց Լիֆ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ ընդհանուր հրամանատարութիւնը յայտնեց. «Ամերիկեան կողմը հաստատեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի շրջանին նման առկախ թղթածրարներու դիմակայման մէջ մեր կողքին կանգնիլը»:

Հրամանատարութիւնը ըսաւ, որ ամերիկեան կողմը զօրակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ նոր վարչակազմին յայտարարած քայլերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնած ամերիկացի Թրաւիզի ազատ արձակման ջանքերուն համար:

Ըստ Սուրիոյ ընդհանուր հրամանատարութեան, ամերիկեան կողմը յանձնառութիւն յայտնած է սուրիացի ժողովուրդին եւ Սուրիոյ նոր վարչակազմին աջակցելու:

 

Նախորդը

Ֆիտան Նախապէս Չյայտարարուած Այցելութեամբ Հասաւ Դամասկոս Եւ Հանդիպում Ունեցաւ Շարհի Հետ

Յաջորդը

Խրէյս. «Կռուեցանք Մեր Հայրենիքին Մասնատումն ու Բռնագրաւումը Արգիլելու Համար Եւ Պիտի Շարունակենք Ամբողջ Ուժով Զայն Պաշտպանել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.