Միջազգային

Ռուսական Բանակի Շողարձակ, Քիմիական  Եւ Կենսաբանական Զէնքերէ Պաշտպանութեան  Ուժերու Հրամանատարն ու Անոր Օգնականը Զոհ`  Մոսկուայի Մէջ Պայթումի Մը

Ռուսական Բանակի Շողարձակ, Քիմիական Եւ Կենսաբանական Զէնքերէ Պաշտպանութեան Ուժերու Հրամանատարն ու Անոր Օգնականը Զոհ` Մոսկուայի Մէջ Պայթումի Մը

Ռուսական բանակի շողարձակ, քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերէ պաշտպանութեան ուժերու հրամանատար Իկոր Քիրիլովն ու անոր օգնականը զոհ գացին մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ պայթումի մը: Ռուսիոյ արտաքին գործող նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զօր. Քիրիլով բացայայտած է Ուքրանիոյ մէջ ամերիկեան կենսաբանական գործունէութիւնը: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ ան բացայայտած է Բրիտանիոյ քիմիական արգիլուած նիւթերով աշխատիլը: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ուքրանական անվտանգութեան մարմինները ստանձնած են Քիրիլովի...

Թրամփ. «Սուրիոյ Մէջ Կատարուածին Ետին  Կանգնած Է Թուրքիան»

Թրամփ. «Սուրիոյ Մէջ Կատարուածին Ետին Կանգնած Է Թուրքիան»

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով` Թուրքիան կանգնած է Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատին տապալած զինեալ ընդդիմութեան ետին: Ան պնդած է, որ Անգարան «անբարեացակամօրէն գրաւած է» իր դրացին: Այս մասին կը գրէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը: Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մէջ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «խելացի է եւ շատ կոշտ» եւ կրցած է Անգարան...

Սալամի. «Դիմադրութեան Ճամբան Տակաւին  Բաց Է Եւ Սուրիայով Սահմանափակուած Չէ»

Սալամի. «Դիմադրութեան Ճամբան Տակաւին Բաց Է Եւ Սուրիայով Սահմանափակուած Չէ»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Հիւսէյն Սալամի յայտնեց. «Դիմադրութեան ճակատը իրանեան աշխարհագրութենէն անկախ է, եւ Հըզպալլան տակաւին ազդու է, գործունեայ ու կենդանի»: «Սուրիոյ մէջ զինեալներու շարժումէն տեղեակ էինք, եւ անոր ղեկավարութիւնը տեղեակ պահեցինք, սակայն դիմադրութեան կամքի բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ տեղի ունեցածին», ըսաւ զօր. Սալամի: «Դիմադրութեան ճամբան տակաւին բաց է, միայն Սուրիայով սահմանափակուած չէ, եւ այդտեղ կացութիւնը կրնայ աստիճանաբար փոխուիլ», յայտնեց...

Արաղչի. «Իրան Տեղեակ Էր Միացեալ Նահանգներու  Եւ Իսրայէլի Ծրագիրներուն Մասին, Եւ Բոլոր  Հետախուզական Տուեալները Փոխանցուած Էին  Սուրիոյ Կառավարութեան ու Բանակին»

Արաղչի. «Իրան Տեղեակ Էր Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Ծրագիրներուն Մասին, Եւ Բոլոր Հետախուզական Տուեալները Փոխանցուած Էին Սուրիոյ Կառավարութեան ու Բանակին»

Իրան տեղեակ էր Սուրիոյ զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումներու աշխուժացման առնչուած Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ծրագիրներէն, բոլոր հետախուզական տուեալները փոխանցուած են Սուրիոյ կառավարութեան: Այս մասին Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն յատուկ հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի: «Ամէն ինչ պարզ էր: Թէ՛ վերլուծումները, թէ՛ տեղեկատուական հաղորդագրութիւնները նախապէս կը մատնանշէին, որ նման շարժում պիտի յառաջանայ: Թէ՛ վերլուծութեան, թէ՛ հետախուզական տուեալներու տեսանկիւնէն...

Պայրամով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Սուրիոյ Կացութիւնը

Պայրամով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Սուրիոյ Կացութիւնը

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Հաքան Ֆիտանն ու Ճէյհուն Պայրամովը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները անդրադարձած են թուրք-ազրպէյճանական համագործակցութենէն բխող հարցերու, քննարկած են Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած կացութիւնն ու շարք մը այլ հարցեր: Պաքուն աջակցութիւն կը յայտնէ...

Ուաշինկթըն. «Սուրիոյ Մէջ Ապահովական  Կացութիւնը Տակաւին Անկայուն Եւ Անկանխատեսելի Է»

Ուաշինկթըն. «Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Կացութիւնը Տակաւին Անկայուն Եւ Անկանխատեսելի Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը տակաւին անկայուն եւ անկանխատեսելի է»: Նախարարութիւնը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները պէտք է հեռանան Սուրիայէն: Եւրոպացի դիւանագէտներ գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթին յայտնեցին. «Եւրոպական Միութեան կողմէ ահաբեկչական որակուած Հայըաթ Թահրիր Շամի դիրքորոշումը այլեւս աւելի չափաւոր է»: Եւրոպական Միութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին նշած է. «Սուրիական նոր ղեկավարութենէն կը սպասենք պաշտպանել փոքրամասնութիւնները, ինչպէս...

Կոլանի Վրայ Բնակեցման Վայրերու  Ընդլայնման Իսրայէլի Որոշումը  Դատապարտող Կեցուածքներ

Կոլանի Վրայ Բնակեցման Վայրերու Ընդլայնման Իսրայէլի Որոշումը Դատապարտող Կեցուածքներ

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը կիրակի օր յայտարարեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած է Կոլանի մէջ բնակեցման վայրերու աճը ամրապնդելու ծրագիրին, որ կ՛արժէ աւելի քան 11 միլիոն տոլար: «Պիտի շարունակենք Կոլանին կառչիլ եւ այդտեղ բնակեցում կատարել», նշած է Նեթանիահու` աւելցնելով. «Կոլանի մէջ բնակեցման ամրապնդումը կը նշանակէ ամրապնդել Իսրայէլը, ինչ որ ներկայ փուլին չափազանց կարեւոր հարց է»: Արաբական շարք մը երկիրներ հրապարակեցին...

Իսրայէլեան Օդուժը Իրանը Թիրախաւորող  «Մեծ Առաքելութեա՞ն» Կը Պատրաստուի

Իսրայէլեան Օդուժը Իրանը Թիրախաւորող «Մեծ Առաքելութեա՞ն» Կը Պատրաստուի

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը անցեալ շաբաթ լրագրողներու յայտնած է, թէ իսրայէլեան օդուժը կը պատրաստուի յաջորդ մեծ առաքելութեան: «Զինուորական պաշտօնատարը ըսաւ, որ յաջորդ առաքելութիւնը կրնայ ամերիկեան նոր վարչակազմին զօրակցութեան արժանանալ, մանաւանդ որ Իրանը կը թիրախաւորէ», նշեց իսրայէլեան օրաթերթը: Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Գերիները պատերազմին առաջին նպատակն են, եւ կը զօրակցինք գործարքի...

Փութին. «Մարտի Դաշտին Մէջ  Շրջադարձ Տեղի Կ՛ունենայ»

Փութին. «Մարտի Դաշտին Մէջ Շրջադարձ Տեղի Կ՛ունենայ»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ յատուկ զինուորական գործողութեան ծիրին մէջ մարտի դաշտին մէջ շրջադարձ տեղի կ՛ունենայ: Այս մասին, ռուսական «Կազեթա» կայքին փոխանցումով, ան ըսած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմի նիստին ժամանակ: Փութին նշած է, որ Ռուսիան ամբողջութեամբ իր ձեռքը առած է մարտական գօտիին մէջ ռազմավարական նախաձեռնութիւնը: «Իսկ մեր մարտական աշխուժութիւնը (թշնամիի) ռազմավարական նախաձեռնութեան ամբողջական կասեցումն է», ըսած է...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն Սուրիական Զինեալ Խմբաւորումներուն Իսլամական Պատկանելիութեան Նկատմամբ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն Սուրիական Զինեալ Խմբաւորումներուն Իսլամական Պատկանելիութեան Նկատմամբ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական խորհրդատու Անուար Քըրքաշ յայտնեց, որ Ապու Տապին մտահոգ է Պաշշար Ասատը տապալած սուրիական զինեալ խմբաւորումներուն իսլամական պատկանելիութեան նկատմամբ: Քըրքաշ Ապու Տապիի մէջ «Համաշխարհային քաղաքականութեան խորհրդաժողով»-ի ընթացքին իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց. «Միասնականութեան եւ բոլոր սուրիացիներուն վարչակարգի մը պարտադրման շուրջ տրամաբանական ու ողջախոհ յայտարարութիւններ կը լսենք, սակայն, միւս կողմէ կը կարծեմ, որ նոր ուժերուն բնոյթն ու...

Քաց. «Հերմոն Լերան Գագաթները Պատմական Յուզիչ Պահու Վերադարձան Իսրայէլեան Վերահսկողութեան Տակ»

Քաց. «Հերմոն Լերան Գագաթները Պատմական Յուզիչ Պահու Վերադարձան Իսրայէլեան Վերահսկողութեան Տակ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Հերմոն լերան գագաթները պատմական յուզիչ պահու մէջ վերադարձան իսրայէլեան վերահսկողութեան տակ»: «Ես եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն այցելեցինք Կոլանի բարձունք եւ տեսանք Հերմոն լերան գագաթները, որոնք 51 տարի ետք մեր վերահսկողութեան տակ վերադարձան», ըսաւ Քաց: «Բանակին հրամայեցի պատրաստուիլ ամբողջ ձմրան ընթացքին Հերմոն լերան գագաթին մնալու», յայտնեց ան: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նշեց. «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող...

«Իսրայէլ Մտադիր Էր Իրանեան Ներկայութեան  Պատրուակով Սուրիա Մուտք Գործել,  Եւ Անոր Պատրուակը Այժմ Վերջ Գտաւ»  Կ՛ըսէ Ահմատ Շարհ

«Իսրայէլ Մտադիր Էր Իրանեան Ներկայութեան Պատրուակով Սուրիա Մուտք Գործել, Եւ Անոր Պատրուակը Այժմ Վերջ Գտաւ» Կ՛ըսէ Ահմատ Շարհ

Սուրիոյ մէջ Զինուորական գործողութիւններու վարչութեան եւ Հայաթ Թահրիր Շամի ղեկավար ԱհմԵտ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) նշեց, որ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, ամբողջ շրջանին համար վտանգաւոր եղող իրանեան ծրագիրին դէմ յաղթանակ է: Ան յայտնեց, որ իրանցիներու հետ խնդիր չկայ, «սակայն մեր քաղաքները մուտք գործեցին եւ ոչ թէ Թեհրան, եւ իրանեան ծրագիրը, որ շրջան մուտք գործեց, վնասաբեր էր»: «Կրնայինք...

Ֆիտան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Ուաշինկթընի  Եւ Սուրիոյ Նոր Իշխանութեան Միջեւ Միջնորդելու»

Ֆիտան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Ուաշինկթընի Եւ Սուրիոյ Նոր Իշխանութեան Միջեւ Միջնորդելու»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ «Արապիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պաշշար Ասատ հեռաձայն ստացած է արտաքին կողմէ մը, որ իրեն թելադրած է Դամասկոսէն հեռանալ` աւելցնելով. «Սուրիական գաղտնի սպասարկութենէն ոեւէ սպայ իրենց փախուստին վերաբերեալ մեզի հետ կապ չհաստատեց»: Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ Ասատ իշխանութիւնը Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ բաժնեկցեցաւ` աւելցնելով, որ իր երկիրը Մոսկուային եւ...

«Կը Կարծեմ, Որ Թրամփ Ամերիկեան  Ուժերը Սուրիայէն Պիտի Հեռացնէ»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Կիւլեր. «Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները Նոր Սուրիոյ Մէջ Տեղ Չունին»

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր թրքական լրատուամիջոցներու Անգարայի գրասենեակներու պետերուն հետ տարեվերջի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Այս նոր ժամանակաշրջանին, ՔԱԿ-Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ուշ կամ կանուխ պիտի վերացուին Սուրիայէն: Թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ սուրիական նոր վարչակազմը ասիկա կ՛ուզեն: Կազմակերպութեան ոչ սուրիացի անդամները պիտի հեռանան երկրէն: Սուրիացիները իրենց զէնքերը վար պիտի դնեն»: Այս մասին հաղորդեց «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ»-ը: «Թուրքիան շրջանի քիւրտերուն հետ...

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Մտավախութիւն  Կը Յայտնեն Սուրիոյ Մէջ Լիպիոյ  Բեմագրութեան Կրկնութեան Նկատմամբ

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Մտավախութիւն Կը Յայտնեն Սուրիոյ Մէջ Լիպիոյ Բեմագրութեան Կրկնութեան Նկատմամբ

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Ապտել Սալամ Ահմետ ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ լիպիական բեմագրութեան կրկնութենէն կը վախնանք, որովհետեւ երկրին մէջ իշխանութեան նոր վարչակարգի կազմութեան շուրջ տարակարծութիւններ կան»: Ան ըսաւ, որ զինեալ խմբաւորումները եռամսեայ փոխանցման կառավարութեան ճամբով Դամասկոսի մէջ քաղաքական հոլովոյթը կը ղեկավարեն, միեւնոյն ժամանակ կիսազինուորական խմբաւորումները վարչակարգի տապալման շուրջ համաձայնեցան, սակայն ապագայ քաղաքական իշխանութեան ձեւին շուրջ...

Զօր. Սալամի. «Դառն Դաս Են Սուրիոյ  Զարգացումները, Որոնցմէ Պէտք Է Սորվինք»

Զօր. Սալամի. «Դառն Դաս Են Սուրիոյ Զարգացումները, Որոնցմէ Պէտք Է Սորվինք»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի երէկ յայտնեց, որ «դառն դաս են» Սուրիոյ զարգացումները, որոնցմէ պէտք է սորվինք: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ  Արապիա»-ն: «Այսօր կը տեսնէք, թէ ինչպէս Սուրիոյ մէջ կացութիւնը հրահրող այս օտար ուժերը սոված գայլերու նման ինկան անապատին մէջ մէկ եղնիկի վրայ, որ երկրին հարաւին, հիւսիսին եւ արեւելքին մէջ այդ սիոնականներուն դէմ կը դնէ, եւ ասիկա...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Քաց. «Սուրիոյ Զարգացումները Կը Խորացնեն Սպառնալիքները` Հակառակ Ըմբոստ Ղեկավարներու Չափաւորական Երեւոյթին»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ յայտնեց. «Իսրայէլ պէտք է կարող ըլլայ իր սեփական ուժերով ինքզինք ամէն սպառնալիքէ պաշտպանելու»: «Իսրայէլի սպառնացող վտանգները վերջ չգտան, եւ Սուրիոյ վերջին զարգացումները կը խորացնեն սպառնալիքները, հակառակ ըմբոստ ղեկավարներուն չափաւորական երեւոյթին», շեշտեց Քաց: «Պէտք է աճած սպառնալիքներուն դիմաց աւելցնել Իսրայէլի պաշտպանութեան պիւտճէն», ընդգծեց ան: Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը երէկ յայտարարեց. «Նեթանիահուի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Կոլանի բարձունքին...

Սուրիոյ Հարցով Արաբական Հաղորդակցութեան  Յանձնախումբը Կը Զօրակցի Սուրիոյ Մէջ  Ազգային Համապարփակ Երկխօսութեան

Սուրիոյ Հարցով Արաբական Հաղորդակցութեան Յանձնախումբը Կը Զօրակցի Սուրիոյ Մէջ Ազգային Համապարփակ Երկխօսութեան

Շաբաթ օր Յորդանանի Աքապա քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Սուրիոյ մէջ զարգացումներու հարցին շուրջ Արաբական նախարարական հաղորդակցութեան յանձնախումբի ժողովը` կոչ ուղղելով` ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի հովանաւորութեամբ միջսուրիական քաղաքական խաղաղ փոխանցման հոլովոյթի: Ժողովը նաեւ դատապարտեց Իսրայէլի Սուրիոյ հետ արգելակիչ գօտի ներթափանցելը եւ պահանջեց իսրայէլեան ուժերու անոնց բռնագրաւած տարածքներէն հեռացումը: Ժողովը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` այդ խախտումները դադրեցնելու պէտք եղած քայլերը որդեգրելու: Ժողովին...

Ռուսիան Իր Ուժերն Ու Սուրիացի Սպաներ  Հեռացուց Հիւսիսային Շրջաններէ

Ռուսիան Իր Ուժերն Ու Սուրիացի Սպաներ Հեռացուց Հիւսիսային Շրջաններէ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիան իր ուժերն ու սուրիացի սպաներ հեռացուց հիւսիսային Սուրիոյ Ժիպալ Սահելի ճակատներէն, սակայն երկրին մէջ իր գլխաւոր երկու ռազմակայաններէն  պիտի չհեռանայ: Սուրիացի չորս պաշտօնատարներ յայտնած են, որ Ռուսիան մեծ ուժեր հեռացուցած է Սուրիոյ ճակատներէն: Ռուսերուն հետ կապի մէջ եղող սուրիական զինուորական եւ ապահովական աղբիւրներ ըսած են, որ Մոսկուան «նաեւ ծանր սպառազինութիւն եւ Սուրիոյ բանակէն բարձրաստիճան...

Ապտի. «Սուրիացիներու Թշնամին Տապալեցաւ,  Ոճրագործ Վարչակարգի Տապալումէն Ետք  Մեր Խնդիրները Երկխօսութեամբ  Լուծելու Ճամբան Բաց Դարձաւ»

Ապտի. «Սուրիացիներու Թշնամին Տապալեցաւ, Ոճրագործ Վարչակարգի Տապալումէն Ետք Մեր Խնդիրները Երկխօսութեամբ Լուծելու Ճամբան Բաց Դարձաւ»

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի յայտնեց. «Կը հետեւինք Ռաքքայի մէջ ցաւալի դէպքերուն, եւ որեւէ մագլցում միայն խաղաղութեան թշնամիներուն կը ծառայէ»: «Սուրիացիներուն թշնամին տապալեցաւ, եւ ոճրագործ վարչակարգի տապալումով մեր խնդիրները երկխօսութեամբ լուծելու ճամբան բաց դարձաւ», ըսաւ Ապտի: «Ազգային համապարփակ երկխօսութիւնն է սուրիացիներուն արդարութեան եւ խաղաղութեան ձգտումներու իրագործման ուղին», յայտնեց ան: Սուրիական աղբիւրներ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած են. «Հայըաթ Թահրիր Շամի...

Page 114 of 882 1 … 113 114 115 … 882

Արխիւներ