«Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի դառնայ համագործակցութեան եւ անվտանգութեան միջանցք ոչ միայն շրջանի, այլ նաեւ արտաշրջանային այլ պետութիւններու համար: Երէկ Անգարայի մէջ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ:
«Անգարան «Զանգեզուրի միջանցք»-ի նախագիծի շուտափոյթ իրականացման յոյս ունի, որ կարեւոր տարանցիկ կէտ պիտի դառնայ համաշխարհային առեւտուրի համար: Մենք պիտի շարունակենք համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել Ազրպէյճանին այդ նախագիծի ծիրին մէջ», յայտարարած է ան:
Քուրթուլմուշի համաձայն, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացումը կը բխի ոչ միայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի, այլ նաեւ շրջանի բոլոր երկիրներուն շահերէն:
«Յոյս ունինք, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի դառնայ խաղաղութեան միջանցք: Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը գործադրեն բոլոր ջանքերը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար», եզրափակած է ան:


