Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտը: Քննարկման նիւթ դարձան Լիբանանի մէջ ընկերային, երիտասարդական եւ մարմնակրթական կացութիւնները:
Պայրագտարեան այս առիթով հայ համայնքին առնչուող հարցեր արծարծեց:
Նախարարը նաեւ ներկայացուց երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութիւնը, ինչպէս նաեւ ծրագրուած երիտասարդական հարթակի մեկնարկը: Ընկերային հարցերու նախարարը իր կարգին ներկայացուց «Աման» ցանցի թղթածրարը եւ նախարարութեան ղեկավարած կամաւոր աշխատանքի դիմումի հարթակը:
Երկու նախարարները քննարկեցին իրենց նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան տարբեր ոլորտները, ինչ կը վերաբերի գործադրութեան դրուած կամ ծրագրուած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներու համակարգման մեքանիզմները:
Պայրագտարեան Ընդունեց Ասիոյ Ճատրակի
Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Քարտուղարը
Նախարար Պայրագտարեան ընդունեց Ասիոյ ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Հիշամ Թահերը, որուն կ՛ընկերակցէին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Հապիպ Խալիլն ու Ֆրեր դպրոցի շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբի նախագահ Էլիաս Խէյրալլան:
Թահեր նախարարին ներկայացուց Ասիոյ ճատրակի ֆետերասիոնի ծրագիրներն ու գործունէութիւնը` անդրադառնալով ազգային ֆետերասիոններուն տրամադրուած աջակցութեան:
Ան յայտարարեց, որ Ասիոյ ոչ արհեստավարժներու ճատրակի այրերու եւ կիներու ախոյեանութեան մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի մէջ` 22-31 մարտ 2026-ին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց «Ճատրակը դպրոցներուն մէջ» ծրագիրը:
Պայրագտարեան ողջունեց Ասիոյ ոչ արհեստավարժներուն ճատրակի ախոյեանութեան Լիբանանի մէջ կայացումը եւ իր գնահատանքը արտայայտեց ասիական ֆետերասիոնի նախաձեռնութեան` նշելով, որ ինք հետաքրքրուած է հայաստանեան բնորդով, ուր ճատրակը ներառուած է դպրոցական կրթական ծրագիրին մէջ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն` գնահատելով Ասիոյ ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սուլթան Պըն Խալիֆա Պըն Սուլթան Պըն Շախպութ Ալ Նահիան իշխանի աջակցութիւնը:


