Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապու Ռուտէյնա. «Լիբանանի Պաղեստինեան Գաղթակայաններուն Մէջ Գտնուող Զէնքերու Յանձնման Գործողութիւնները Իրերայաջորդ Կերպով Պիտի Շարունակուին»

Օգոստոս 29, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա նշեց. «Լիբանանի մէջ առնչակից պաղեստինեան կողմերը Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ գտնուող Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) զէնքերու երկրորդ խմբաքանակը այսօր` հինգշաբթի, օր պահ դրուելու համար յանձնեց լիբանանեան բանակին: Այդ գաղթակայաններն են Ռաշիտիէն, Պասը, Պըրժ Շեմալին: Մնացեալ գաղթակայաններու զէնքերու յանձնումը իրերայաջորդ կերպով պիտի շարունակուի»:

«Ասիկա տեղի ունեցաւ հիմնուելով Պաղեստինի պետութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ Լիբանանի նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի կողմէ 21 մայիսին հրապարակուած նախագահական հաղորդագրութեան հիմամբ», նշեց Ապու Ռուտէյնա:

«Երկու կողմերը համաձայնեցան ստեղծելու Լիբանանեւպաղեստինեան միացեալ յանձնախումբ մը` Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններու հարցերով զբաղելու եւ աշխատանք տանելու բարելաւելու գաղթականներու կենցաղային ու մարդասիրական պայմանները` յարգելով Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու լիբանանեան օրէնքները», ըսաւ ան:

«Երկու կողմերը իրենց յանձնառութիւնը յայտնեցին Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն մարդասիրական, ընկերային ու տնտեսական իրաւունքները ապահովելու, ինչ որ անոնց արժանապատիւ կեանք կ՛ապահովէ, առանց խաթարելու հայրենիք վերադարձի իրենց իրաւունքը կամ ազդելու անոնց ազգային ինքնութեան վրայ», ըսաւ Ապու Ռուտէյնա:

Պաղեստինեան իշխանութեան բանբերը աւելցուց. «Երկու կողմերը շեշտեցին իրենց յանձնառութիւնը զէնքը իր բոլոր հողերուն վրայ լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելու սկզբունքին նկատմամբ, եւ վերջ տալու անոր հակասող որեւէ երեւոյթի, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին Լիբանանի գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը»:

Նախորդը

«Պէտք Է Լուծարել ՖԻՆԻՒԼ-ը» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մէջ Իսրայէլը Դեսպանը

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակը Երէկ Պաղեստինեան Գաղթակայաններէ Զէնքեր Ստանձնեց. Հոլովոյթը Այսօր Եւս Պիտի Շարունակուի

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?