Լիբանանեան

«Թարեք Մըթրիի Հետ Քննարկեցի Լիբանանի Մէջ  Կալանաւորուած Եւ Անհետ Կորսուած  Սուրիացիներու Թղթածրարը»  Կ՛ըսէ Սուրիացի Պաշտօնատար Մը

«Թարեք Մըթրիի Հետ Քննարկեցի Լիբանանի Մէջ Կալանաւորուած Եւ Անհետ Կորսուած Սուրիացիներու Թղթածրարը» Կ՛ըսէ Սուրիացի Պաշտօնատար Մը

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հիւպատոսական ծառայութեան տնօրէն Մուհամետ Եաաքուպ Օմար նշեց, թէ երկուշաբթի օր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիի հետ եւ անոր հետ քննարկած Լիբանանի մէջ կալանաւորուած ու անհետ կորսուած սուրիացիներուն թղթածրարը եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր: «Երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններուն փոխադարձ գործակցութեան եւ համակարգումի հիմամբ ամրապնդման...

Ապպաս. «Լիբանանի Մէջ Գաղթակայաններու  Զէնքը 1969-ին Իր Նպատակին Ծառայեց  Եւ Այժմ Որեւէ Դեր Չունի»

Ապպաս. «Լիբանանի Մէջ Գաղթակայաններու Զէնքը 1969-ին Իր Նպատակին Ծառայեց Եւ Այժմ Որեւէ Դեր Չունի»

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Պետութիւններու շարք մը ղեկավարներ զիս տեղեակ պահեցին, թէ մտադիր են Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալ: ՄԱԿ-ին պիտի դիմենք` լիիրաւ անդամակցութիւն ստանալու համար»: «Լիբանանի մէջ գաղթակայաններու զէնքը 1969 թուականին իր նպատակին ծառայեց եւ այժմ որեւէ դեր չունի», նշեց Ապպաս: «Օսլոյի մէջ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան միջեւ փոխադարձ համաձայնութեան շուրջ համաձայնեցանք», ըսաւ ան:...

Պայրագտարեան Ընդունեց Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետութենէն Պատուիրակութիւն Մը

Պայրագտարեան Ընդունեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութենէն Պատուիրակութիւն Մը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութենէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Մարտիկ Արսլանեան, Էլի Նասեր եւ Ճորճ Գրիգորեան: Պօղոսեան նախարարին ներկայացուց քաղաքապետութեան բարգաւաճման նախաձեռնութիւններն ու ծրագիրները, որոնք գործադրութեան ընթացքի մէջ են, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մարզադաշտին եւ անոր աշխատանքի վերականգնման: Պուրճ Համուտի քաղաքապետը անդրադարձաւ մարզադաշտի...

Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներու Խմբաւորումը Այսօր Կ՛որդեգրէ Լիբանանը Իր Տագնապէն Փրկելու Ուղեգիծ Մը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ»» օրաթերթ. «Լիբանան Ֆրանսայի դեսպանատունէն տեղեկացաւ, թէ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Պէյրութ` երկարաձգման որոշումէն ետք ՖԻՆԻՒԼ-ի թղթածրարին հետեւելու եւ զէնքի մենաշնորհի հարցին ծանօթանալու համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանը տեղեակ պահելու լիբանանեան բանակին աջակցութեան խորհրդաժողովէն»: . «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս ամերիկեան բանակի կեդրոնական ղեկավարութեան հրամանատար Պրատ Քրուպըրին պիտի ընկերակցի այս շաբթուան...

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Սալամ Քննարկեցին  Ուրբաթ Օրուան Կառավարութեան  Նիստի Պատրաստութիւնները

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Սալամ Քննարկեցին Ուրբաթ Օրուան Կառավարութեան Նիստի Պատրաստութիւնները

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Սալամ նախագահին ներկայացուց Գահիրէ իր այցելութեան արդիւնքներն ու Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ եգիպտացի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններուն արդիւնքները: Պաապտայի պալատը հաղորդեց, որ նախագահն ու վարչապետը նաեւ քննարկած են երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը եւ յառաջիկայ ուրբաթ օր նախատեսուած նախարարաց...

Նեթանիահու. «Հըզպալլան Կը Հարուածենք  Ամէն Անգամ, Որ Փորձէ Գլուխը Բարձրացնել»

Նեթանիահու. «Հըզպալլան Կը Հարուածենք Ամէն Անգամ, Որ Փորձէ Գլուխը Բարձրացնել»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Երէկ Համասի ղեկավարներէն մէկը ոչնչացուցինք, օրեր առաջ հուսիներու կառավարութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը ոչնչացուցինք, ինչպէս նաեւ ուժեղ հարուածներ հասցուցինք Իրանի հիւլէական ծրագիրին, եւ կը շարունակենք ոչնչացնել իրանեան առանցքն ու Համասը եւ վերատիրանալ բոլոր գերիներուն»: «Լիբանանի մէջ Հըզպալլան կը հարուածենք ամէն անգամ, որ փորձէ գլուխը բարձրացնել, ինչպէս նաեւ քանի մը օր առաջ Սուրիոյ մէջ կատարեցինք զինուորական գործողութիւն մը,...

Այցելելէ Ետք Նախագահ Աունին`  Մուսա. «Զէնքի Մենաշնորհն Ու Պետութեան  Իշխանութեան Տարածումը Ազգային Սկզբունքներ Են,  Որոնց Շուրջ Քննարկում Չկայ»

Այցելելէ Ետք Նախագահ Աունին` Մուսա. «Զէնքի Մենաշնորհն Ու Պետութեան Իշխանութեան Տարածումը Ազգային Սկզբունքներ Են, Որոնց Շուրջ Քննարկում Չկայ»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ եւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնները»: «Ընդգծեցինք Լիբանանի մէջ կայունութեան ամրապնդման համար  նախագահ Աունի ջանքերուն մեր աջակցութիւնը», ըսաւ դեսպանը: «Ընդգծուեցաւ Եգիպտոսի Լիբանանին աջակցութիւնն ու նախագահին ղեկավարած քայլերը դիւրացնելու դերակատարութիւնը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի իսրայէլեան հեռացման, բան մը, որ վերահաստատուեցաւ վարչապետ...

Շէյխ Խաթիպ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ընդառաջելու  Պըրրիի Նախաձեռնութեան

Շէյխ Խաթիպ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ընդառաջելու Պըրրիի Նախաձեռնութեան

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներու անհետացման 47-ամեակին առիթով իր յղած պատգամին մէջ կոչ ուղղեց` ընդառաջելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հանդարտ ու համաձայնական երկխօսութիւն կատարելու նախաձեռնութեան: Ան այդ երկխօսութիւնը նկատեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներու պաշտպանութեան ճիշդ մուտքը` հեռու մնալով համայնքային հաշիւներէ, հայրենիքի միասնականութիւնը պահպանելու եւ չարիքը անկէ հեռու վանելու համար:  

Պայրագտարեան Շնորհակալութիւն Յայտնեց  Ալէյի Մէջ «Մարմնակրթութիւնը Բոլորին Համար»  Նախաձեռնութեան Յաջողութեան Նպաստողներուն

Պայրագտարեան Շնորհակալութիւն Յայտնեց Ալէյի Մէջ «Մարմնակրթութիւնը Բոլորին Համար» Նախաձեռնութեան Յաջողութեան Նպաստողներուն

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կողմերուն, որոնք մասնակցեցան ու նպաստեցին նախարարութեան Ալէյ քաղաքին մէջ կազմակերպած «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» նախաձեռնութեան: «Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կեանքի կոչել յարաբերութիւնները մարզական ֆետերասիոններուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ, որոնք ծանօթացան մարզաձեւերու, որոնց նախապէս ծանօթ չէին», ըսաւ ան: Պայրագտարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ալէի քաղաքապետութեան, լիբանանեան բանակին, մարզական ֆետերասիոններուն, երիտասարդական...

Հանի. «Կը Յուսանք, Որ Շիի Նախարարները  Կառավարութեան Ուրբաթ Օրուան  Նիստէն Չեն Հեռանար»

Հանի. «Կը Յուսանք, Որ Շիի Նախարարները Կառավարութեան Ուրբաթ Օրուան Նիստէն Չեն Հեռանար»

Երկրագործութեան նախարար Նիզար Հանի յայտնեց. «Զինաթափման հարցին վերաբերեալ նախարարաց խորհուրդի առաջին նիստի յետաձգման պատճառը միայն թեքնիք է. բանակին յաւելեալ քանի մը օր տրուեցաւ, որպէսզի հարցը կարեւոր եւ հիմնական ըլլայ»: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ «բանակցութիւններուն մէջ զերօ կէտին չվերադառնանք, եւ կառավարութեան որոշումը յստակ է. գոյութիւն ունին կառավարութեան աշխատանքային յստակ ծրագիր եւ երդման յստակ ճառ: Տեսնենք ի՛նչ են բանակին տուեալները, որոնց հիմամբ...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»

Ռաժժի. «Տնտեսական Բարեկարգումները Գործադրելէ Եւ Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելէ Առաջ Լիբանանի Մէջ Որեւէ Ներդրում Պիտի Չըլլայ»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի էմիրաթական «Իթթիհատ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանեան պետութեան զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումը կը նկատուի 35 տարի առաջ ստորագրուած Թաէֆի համաձայնագիրէն ի վեր սպասուած պատմական քայլ մը եւ սկիզբ մը ստեղծելու օրէնքի եւ գերիշխանութեան պետութիւն մը, որ երկրին մէջ թէ անկէ դուրս պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումի մենաշնորհը ունի»: «Նախարարաց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՖՐԱՆՍԱՅԻ դեսպան Էրվէ Մակրօ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման հարցը: Մակրօ նախագահ Աունին յայտնեց, որ ֆրանսացի նախագահական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան յառաջիկայ օրերուն նախագահ Էմանուել Մաքրոնի ցուցմունքով պիտի այցելէ Լիբանան` հետեւելու զարգացումներուն եւ պատրաստելու երկու խորհրդաժողովներ` առաջինը Լիբանանի վերաշինութեան, իսկ երկրորդը` լիբանանեան բանակին աջակցութեան վերաբերեալ: . ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը քուէյթեան...

Պըրրի. «Պատրաստ Ենք Հանդարտ  Ու Համաձայնական  Մթնոլորտի Մէջ Քննարկելու  Դիմադրութեան Զէնքի Ճակատագիրը

Պըրրի. «Պատրաստ Ենք Հանդարտ Ու Համաձայնական Մթնոլորտի Մէջ Քննարկելու Դիմադրութեան Զէնքի Ճակատագիրը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման 47-ամեակին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն մէջ յիշեցուց 27 նոյեմբեր 2024-էն ի վեր իր դիրքորոշումները` աւելցնելով, որ «օրին ըսինք, թէ վէրքերը վերաբանալու պահը չէ, ո՛չ ալ արիւնին վրայ պարելու: Անկեղծութեամբ եւ դրական տրամադրութեամբ մեր ձեռքը երկարեցինք Լիբանանը փրկելու նպատակով բոլորին հետ գործակցելու համար, եւ նախագահական ընտրութիւնը կատարեցինք,...

Իսլամական Գերագոյն Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց  «Կառավարութեան Եւ Անոր Քաջարի Վարչապետին  Շուրջ Համախմբուելու»

Իսլամական Գերագոյն Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց «Կառավարութեան Եւ Անոր Քաջարի Վարչապետին Շուրջ Համախմբուելու»

Սիւննի համայնքի Իսլամական գերագոյն խորհուրդը շաբաթ օր հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի նախագահութեամբ եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ներկայութեամբ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեց իսլամական եւ ազգային հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանի կացութիւնը: Իսլամական գերագոյն խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ընդգծեց Լիբանանը իր տագնապներէն փրկելու համար լիբանանեան բոլոր բաղադրիչ քաղաքական մասերուն միջեւ սիրոյ, եղբայրութեան, համախմբումի եւ փոխադարձ հասկացողութեան մթնոլորտը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Խորհուրդը...

Մըթրի. «Կառավարութեան Աշխատանքային  Ծրագիրի Կէտերը Ծանօթ Են, Եւ Երդման Ճառը  Հիմնարար Փաստաթուղթ Է  Եւ Այդ Ծրագիրին Հիմը Պիտի Ըլլայ»

Մըթրի. «Կառավարութիւնը Զէնքի Մենաշնորհման Որոշումէն Ետդարձ Պիտի Չկատարէ»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կառավարութիւնը զէնքի մենաշնորհման որոշումէն ետդարձ պիտի չկատարէ, եւ Պըրրիին յայտնեցի, որ ուրբաթ օրուան նիստը պէտք է ըլլայ հանդարտ ու երկխօսութեամբ եւ պիտի հիմնուի բոլորին համաձայնութիւնը վայելող կէտին վրայ»: «Պարրաք Լիբանան վերադարձաւ առանց իսրայէլեան պատասխանի, անոր փաստաթուղթը տապալեցաւ, եւ կառավարութիւնը այլեւս անկէ ազատ է», նշեց Մըթրի: «Ես սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ երկխօսութեան...

Շէյխ Խաթիպ. «Զէնքին Կառչած Կը Մնանք`  Առ Ի Պաշտպանութիւն Լիբանանի Միասնականութեան»

Շէյխ Խաթիպ. «Զէնքին Կառչած Կը Մնանք` Առ Ի Պաշտպանութիւն Լիբանանի Միասնականութեան»

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` «իրենց դիրքորոշումները միաւորելու եւ հարցերը կարգաւորելու` դիմակայելու համար իսրայէլացի թշնամիին բոլոր համայնքներուն դէմ ներկայացուցած վտանգները»: Շէյխ Խաթիպ քննադատեց «Դիմադրութեան եւ անոր զէնքին նկատմամբ թշնամական դիրքորոշումները` հասնելով մինչեւ շիի համայնքի թիրախաւորումը եւ անոր դերակատարութեան աղաւաղումը»: «Այս զոհողութիւնները իշխանութեան ձգտելու կամ Լիբանանը քանթոններու բաժնելու ձգտումով չէին, այլ իսրայէլեան ծրագիրին դէմ հայրենիքի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան Նապաթիէի շրջանին վրայ բուռն յարձակումներու շարք մը գործեց:  Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ օդուժը թիրախաւորած է Հըզպալլայի գաղտնի ենթակառոյցները: . «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ ձերբակալած է հարաւային Լիբանանի Սուր գաւառի Մաժտալ Զուն գիւղէն երեք երիտասարդներ, որոնք որոշ ժամանակ առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ի պարեկութիւն կատարող ուժի մը արգիլած էին գիւղէն անցնիլ: . ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար»...

Մաքրոն. «Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանէն  Հեռացումն Ու Բոլոր Խախտումներու Դադրեցումը  Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Գործադրման  Հիմնական Նախապայմաններ Են»

Մաքրոն. «Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանէն Հեռացումն Ու Բոլոր Խախտումներու Դադրեցումը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Գործադրման Հիմնական Նախապայմաններ Են»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ողջունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան մինչեւ 2027 թուական երկարաձգումը` միեւնոյն ժամանակ շեշտելով իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան սահմանային կէտերէն հեռացման անհրաժեշտութիւնը: Մաքրոն յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին «ողջունեցի ուժի մենաշնորհի վերատիրացման վերաբերեալ այն քաջարի որոշումները, որոնք լիբանանեան գործադիր իշխանութիւնները որդեգրեցին: Լիբանանեան...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ

Պարրաք. «Ամերիկան Լիբանանեան Բանակի Կողքին Պիտի Կանգնի»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտնեց. «Մենք կը վստահինք Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհին, եւ ան պատրաստ է իր երկրի շահին համար Իսրայէլի հետ բանակցելու»: «Շարհի նպատակները այսօր համահունչ են Ուաշինկթընի նպատակներուն», նշեց Պարրաք: «Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները պատմական են», ըսաւ ան: Ամերիկացի պատուիրակը նաեւ յայտարարեց. «Ամերիկան լիբանանեան բանակի կողքին կը կանգնի»:

Ատրահի. «Իսրայէլեան Օդային Յարձակումին  Թիրախը Լիբանանեան Բանակի Զինուորները Չէին»

Ատրահի. «Իսրայէլեան Օդային Յարձակումին Թիրախը Լիբանանեան Բանակի Զինուորները Չէին»

Լիբանանեան բանակը հինգշաբթի երեկոյեան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով գուժեց իր զինուորականներէն երկուքին նահատակութիւնը: Անոնք նոյն օր Նաքուրա գիւղին մէջ ինկած իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը խուզարկելնուն ընթացքին անօդաչու սարքին պայթումին հետեւանքով նահատակուած էին: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ պնդեց. «Իսրայէլեան բանակը երէկ հարաւային Լիբանանի Նաքուրա շրջանին մէջ յարձակում գործեց ճարտարապետական մեքենայի մը վրայ, որ շրջանին մէջ Հըզպալլայի զինուորական ենթակառոյցի վերաշինութեամբ...

Page 95 of 986 1 … 94 95 96 … 986

Արխիւներ