Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի անդրադառնալով ամերիկեան պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Ամերիկացիները իրենց խոստացածին հակառակով վերադարձան մեզի»` ակնարկելով այն սպասումին, որ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի կառչած ամերիկեան «քայլի դիմաց քայլ» քաղաքականութեան վերաբերեալ իսրայէլեան պատասխան կը սպասուէր, սակայն պատուիրակութեան այլ անդամներուն հետ իր կեցուածքները հակառակ բան ցոյց տուին` նախ Հըզպալլայի զինաթափման քայլը, ապա իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան հողերէն հեռանալու եւ Լիբանանի վրայ յարձակումները դադրեցնելու վերաբերեալ որեւէ քայլի քննարկում:
Պըրրի ըսաւ, որ ամերիկացի պատուիրակը «Իսրայէլէն ոչինչ բերաւ, ուստի հարցերը անգամ մը եւս դէպի բարդացում ուղղուեցան»:
Խորհրդարանի նախագահը մերժեց այդ նոր բարդացումին լոյսին տակ խօսիլ յաջորդ փուլին մասին եւ բաւարարուեցաւ շեշտելով, որ հարցերը «դիւրին չեն»:
Պըրրի 2 սեպտեմբերին լիբանանեան բանակի Հըզպալլայի զինաթափման վերաբերեալ ծրագիրի քննարկման համար որոշուած կառավարութեան նիստին մասին հարցումի մը պատասխանելով նշեց. «Ամէն ինչ, որ երկրին մէջ տարակարծութեան կը յանգեցնէ, դատապարտելի է»: