Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք երէկ ուղղաթիռով հասաւ Մարժաայունի մէջ լիբանանեան բանակի «Ֆրանսուա Հաժ» զօրանոց` հարաւային Լիբանանի Խիամ եւ Սուր քաղաքներ այցելելու համար:
Խիամի մէջ բնակիչները Հըզպալլայի դրօշներ բարձրացուցած հաւաքուեցան քաղաքի հրապարակ` բողոքելով ամերիկեան դիրքորոշումին եւ Պարրաքի հարաւային Լիբանան այցելութեան դէմ:
Պարրաքի Սուր եւ Խիամ այցելութիւնները ջնջուեցան: