Շարք մը երեսփոխաններ եւ անձնաւորութիւններ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի դէմ քրէական հայց ներկայացուցած են:
Երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի արդարադատութեան պալատին առջեւ յայտարարեց. «Շրջանին մէջ իրանեան դերակատարութիւնը վերջ գտաւ, եւ կ՛ըսենք, որ Քասեմի անպատասխանատու եւ ապազգային խօսքին դէմ դրինք սահմանադրական ծրագիրով մը, եւ կ՛ըսենք, թէ պետութիւնը մեզ կը միաւորէ, իսկ փոքր պետութիւնը մեզ պառակտեց»:
Երեսփոխան Ժորժ Օքայս իր կարգին նշեց. «Քաղաքական իւրաքանչիւր տարակարծութիւն, եթէ օրէնքի սահմանէն դուրս գայ, պէտք է դատարանի մէջ վճռուի»:
«Արդարադատութեան նկատմամբ մեր վստահութիւնը մեծ է, եւ կը մաղթենք, որ արդարութիւնը իր ընթացքը առնէ, եւ արդարադատութիւնը ըլլայ ազատութիւններու եւ քաղաքացիական խաղաղութեան պաշտպանը», աւելցուց երեսփոխանը: