Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Իսրայէլի Հետ Զինադադարի Համաձայնութիւնը 17 Մայիս 1983-ի Համաձայնութենէն Վատ Է»

Օգոստոս 30, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնած է, որ Իսրայէլի հետ 27 նոյեմբեր 2024-ին ստորագրուած զինադադարի համաձայնութիւնը 17 մայիս 1983 թուականի համաձայնութենէն վատ է: Այս մասին հաղորդեց «Ասաս» կայքը:

Պատասխանելով ամերիկացի պաշտօնատար Թամըս Պարրաքի` Իսրայէլէն իրեն հետ բերելիք ակնկալուած պատասխանին լոյսին տակ ամերիկացի երաշխաւորին մասին հարցումի մը` Պըրրի նշեց. «17 մայիս»-ը աւելի լաւ էր»: «Ասաս» կը նշէ, թէ ան այդպիսով չէր զղջար 17 մայիսի համաձայնութեան նկատմամբ իր դիրքորոշումին համար, այլ ըսել կ՛ուզէր, թէ ամերիկացիները միայն Լիբանանը յուսախաբութեան կը մատնեն: Աւելին, ան նշեց. «Եթէ ամերիկացիներուն Ամերիկայի եւ Իսրայէլի միջեւ ընտրանք տրուի, անոնք Իսրայէլը կ՛ընտրեն եւ ոչ թէ Ամերիկան»:

«Պարրաք Իսրայէլ գնաց իրեն հետ տանելով նախկին ժողովի մէջ գոյացուած համաձայնութիւնը, սակայն առանց անոր վերադարձաւ: Ան համաձայն գտնուեցաւ, որ Իսրայէլ զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ իրմէ սպասուածը պէտք է գործադրէ, ապա կը քննարկենք Դիմադրութեան զէնքի հարցը, սակայն առանց պատասխանի վերադարձաւ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կարծէք զինադադարի համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ ականահարուեցաւ, եւ Իսրայէլ զայն պիտի չգործադրէ: Ամերիկացիները զինադադարի գործադրութեան համար մեզի տալիք երաշխիքներ չունին, եւ ըսածին պէս` զանոնք տալու հակուած չեն», նշած է խորհրդարանի նախագահը:

«Երբ Պարրաք ինծի ըսաւ, թէ Լիբանանը, եւ ոչ թէ մենք «կուսակցութիւնը» պիտի զինաթափենք, նախքան Իսրայէլ իր բռնագրաւած լիբանանեան հողերէն հեռանալը, անոր ըսի, ատիկա աւելի անիծեալ ընտրանք է: Մի՛ սպասեր, որ այդպիսի առաջարկ մը ընդունինք, ո՛չ ալ խնդիրը Իսրայէլէն ներքին բեմ տեղափոխենք: Իսրայէլ պէտք է սկսի հեռանալ: Ատկէ ետք «կուսակցութեան» հետ անոր զէնքին մասին կը խօսինք` իբրեւ ներքին խնդիր` հեռու որեւէ ճնշումէ», յայտնած է Պըրրի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նշմարե՞ց, թէ ամերիկացիները Լիբանանի հետ կը բանակցին` իբրեւ Իսրայէլի հետ պատերազմի մէջ պարտուած կողմ, որ միայն ինք պէտք է զիջում կատարէ, գինը վճարէ եւ իրաւունք չունի պայման ճշդելու, խորհրդարանի նախագահը պատասխանեց. «Կ՛ուզեն մեզի հետ վարուիլ այնպէս, կարծէք պարտուած ենք: Այո՛, գինը վճարեցինք, սակայն հիմա որեւէ գին պիտի չվճարենք»:

«Յստակ է, թէ փորձ կը կատարուի կրակէ գնդակը բանակին նետելու` անոր վստահելով զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու ծրագիրի գործադրութիւնը: Թող զայն պատրաստէ, ատիկա անոր դերն է: Պիտի չարտօնենք, որ բանակին վնաս հասցուի, անոր դէմ հրահրում կատարուի կամ նոյնիսկ անոր վրայ վարդ մը նետուի: Որոշումը ի վերջոյ քաղաքական է, եւ անոր տեղը նախարարաց խորհուրդին մէջ է, որուն երբ ծրագիրը ներկայացուի, կը տեսնենք ի՛նչ կ՛ընենք», յայտնած է Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը չէ թաքցուցած տիրող լարուածութեան, մագլցումի եւ իրարանցումի մթնոլորտի տարաձայնութեան կատարման նկատմամբ իր մտահոգութիւնը եւ չէ տատամսած ըսելու. «Խնդիրը ներքին է: Ոչ ոք մեզ խաղալիքի կը վերածէ բացի ներքինը, որ ամբողջ երկրի ճակատագիրով կը խաղայ: Այս է ախտը: Փոխանակ անկիւնները  կլորցնելու, զանոնք սրենք»:

«Պիտի մնամ դիրքորոշումիս վրայ, որուն ծանօթ են երկրէն ներս թէ դուրս բոլորը: Ցաւալի է, որ երկխօսութեան ուղղութեամբ չենք ընթանար: 2006 թուականին երկխօսութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի լոյսին տակ մեզ առաջնորդեց հարաւային Լիբանանի մէջ ամբողջ 16 տարի տեւողութեամբ կայունութեան: Հիմա ոչ ոք կ՛ուզէ երկխօսութիւն կատարել: Ցաւալին այն է, որ ան որ երկխօսութիւնը չ՛ուզեր, ինքնին ամերիկացին կ՛ուզէ»:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ընկերային Հարցերու Նախարարին Հետ Հայ Համայնքին Առնչուող Հարցեր Արծարծեց

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?