ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն յայտնեց. «Ժամանակն է ՖԻՆԻՒԼ-ը լուծարելու»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը:
«Իրողութիւնը փաստեց, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ը ձախողեցաւ եւ չարգիլեց Հըզպալլայի ուժի աճը», նշեց ան:
«Պատասխանատուութիւնը այժմ լիբանանեան կառավարութեան ուսերուն է», աւելցուց ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպանը: