. ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ Ազհարի շէյխ Շարիֆ Ահմատ Թիպը հրաւիրեց տարեվերջէն առաջ Լիբանան այցելելու` ամրապնդելու համար երկխօսութեան եւ համակեցութեան մշակոյթը:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ աղբիւրներ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին. «Տարեվերջէն առաջ լիբանանեան բանակին աջակցութեան ապահովման միջազգային համակարգումը ընթացք առաւ»:
. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութեան համաձայն, «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իր այցելուներուն դիմաց ըսաւ, թէ ան, որ լիբանանեան բանակին վարդով մը կը հարուածէ, «շուն շան որդի է», եւ ասիկա Ամալ շարժում եւ Հըզպալլա երկեակին դիրքորոշումն է»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ. «Միացեալ Նահանգներ սկզբունքային համաձայնութիւն տուին Ֆրանսայի ներկայացուցած բարեփոխուած նախագիծին, որուն համաձայն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը վերջին անգամ ըլլալով կ՛երկարաձգուի մէկուկէս տարիով»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի այցելութիւնը գուժելը կը նշանակէ, թէ հարցերը վերադարձած են զերօ կէտին, եւ գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ Իսրայէլ յառաջիկայ փուլին իր յարձակումներուն մէջ մագլցում արձանագրէ, մանաւանդ Հըզպալլայի իր զէնքը յանձնել մերժելը շեշտելէն ետք»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Չենք բացառեր, որ Հըզպալլան հարաւի մէջ բռնագրաւուած հինգ կէտերուն վրայ գտնուող իսրայէլեան բանակին դէմ գաղտնի գործողութիւններու ձեռնարկէ, ինչ որ Իսրայէլի Լիբանանի դէմ նոր պատերազմի յայտարարութեան կրնայ յանգեցնել»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Գաղթակայաններէն պաղեստինեան զէնքը վերցնելու հոլովոյթը կը սկսի յառաջիկայ հինգշաբթի, եւ կը ներառէ Պաս ու Ռաշիտիէ գաղթակայանները»:
. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Նախարարաց խորհուրդի նիստի թուականը տակաւին 2 սեպտեմբերն է, եւ զէնքի մենաշնորհումի վերաբերեալ լիբանանեան բանակի ծրագիրին շուրջ մեծ գաղտնիութիւն կայ, եւ ոչ ոք նիստէն առաջ անոր պիտի ծանօթանայ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի առաջարկէ արաբական միջամտութիւն մը` ամերիկեան կողմին առանց շարք մը թղթածրարներու մէջ Լիբանանի շահը նկատի ունենալու Իսրայէլի կողքին կանգնելուն լոյսին տակ լիբանանեան կացութիւնը յառաջ մղելու համար»: