. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակի հրամանատարը, որ զարհուրեցաւ ամերիկացի պատուիրակէն լսածէն եւ անոնց գործադրած ճնշումներէն, «առ որ անկ է» փոխանցեց, թէ կը նախընտրէ հրաժարիլ, եթէ կայ մէկը, որ կ՛ուզէ բանակի ձեռքով լիբանանցիներու արիւն հոսեցնել»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակը, որ Հըզպալլայի զինաթափման իր ծրագիրը կառավարութեան պիտի ներկայացնէ, առաջարկուելիք ծրագիրի կառավարութեան կողմէ հաւանութեան արժանանալուն պարագային զայն գործադրելու պատկերացում եւ իմաստութիւն ունի»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկացիները հասկցան, թէ բանակը թեքնիքապէս կարողութիւն չունի զինաթափումի համապարփակ ծրագիր գործադրելու, եւ կ՛առաջարկեն, որ Ամերիկան բանակին Հըզպալլայի կեդրոններուն մասին տեղեկութիւններ տրամադրէ, իսկ ամերիկեան պատուիրակութեան կարգ մը անդամներ իսրայէլեան հետախուզական օգնութիւն առաջարկեցին»:
. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Քուլիսներու ետին աշխատանք կը թափուի լիբանանեան-ամերիկեան երկխօսութիւնը վերադասաւորելու` խուսափելու համար քաղաքական յաւելեալ դիմակայութենէն, սակայն ցուցանիշները ցոյց չեն տար, թէ ատիկա կատարելը դիւրին է»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը քուէյթեան «Անպա» օրաթեթին. «Ամերիկեան պատուիրակութեան Իսրայէլէն ձեռնունայն վերադառնալը սպասումներուն հակառակ էր եւ հաղորդակցութիւնները ներքաշեց ոլորապտոյտի մը մէջ, որ ստեղծեց մտահոգութեան մթնոլորտ, որմէ ելք մը կը պահանջուի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ֆաթհ շարժումը բացաւ իր զինանոցը, որ 80-ական թուականներէն չէր օգտագործած, ինչ որ յստակ կ՛երեւի անոր յանձնած զէնքերուն ժանգոտած ըլլալու իրողութենէն»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Արաբական պետութիւն մը մաս կազմած է Համասի հետ հաղորդակցութիւններուն` հարաւէն սկսելով անոր զէնքերը փուլային ձեւով յանձնելու հարցին մէջ միջնորդութիւն կատարելու համար»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Ընթացքի մէջ են Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի Պաապտայի պալատ այցելութեան պատրաստութիւնները: Հըզպալլան այն կարծիքին է, որ այդ այցելութեան կարիք չկայ, եթէ դիրքորոշումները անփոփոխ մնան, սակայն պատրաստ է ամէն դիւրութիւն ընծայելու, որպէսզի կառավարութիւնը «իր գործած մեղքէն» ետդարձ կատարէ»:


